RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#037, 2017-10-06 > #038, 2017-10-13 > #039, 2017-10-20 > #040, 2017-10-27 > #041, 2017-11-03

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #39, 20-10-2017



ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄՆԵՐ

Տեղադրվել է` 2017-10-20 14:19:29 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 3326, Տպվել է` 9, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՎՆ ՄԸ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԷՆՙ «ԵՐԿՈՒ ԴՐԱԽՏՆԵՐԸ»

Սեւան ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ, Պոլիս

Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի «100-ամեակ»ի մատենաշարը հարստացաւ նոր հրատարակութեամբ մը: Վահան Թէքէեանի «Երկու դրախտները» կու գայ միանալու ցարդ տպագրուած չորս հատորներունՙ Քասիմի «Օրուան մտածումներ», Ռուբէն Զարդարեանի «Յօդուածներ», Երուխանի «Փոքր Ասիոյ մէջէն» եւ նոյնպէս Թէքէեանի «Կեսարիա» հատորներուն: «Ժամանակ»ի հրատարակութեան 100-ամեակին առթիւ կը հրատարակուին թերթի հաւաքածոներէն պեղուած յօդուածներ, յօդուածաշարքեր կամ ամբողջական երկեր, որոնք նոր լոյս մը կը սփռեն անցեալին եւ ի յայտ կը բերեն արեւմտահայ հեղինակներու գրական ժառանգութենէն նոր գործեր:

Վահան Թէքէեանի անունը սերտօրէն կապուած է «Ժամանակ»ի պատմութեան: Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Վահան Թէքէեան սկսած էր աշխատակցիլ Քասիմի նոր հիմնադրած թերթին, նոյնիսկ ապագային դառնալով անոր գլխաւոր խմբագիրներէն մէկը, երբ թերթը միացած էր «Ժողովուրդի ձայնը»ին: Յիշեալ մատենաշարին նախորդ հրտարակութիւնը անցեալի փոշոտ հաւաքածոներէն դուրս կը հանէր ու առաջին անգամ առանձին հատորով մը կը հրատարակէր Թէքէեանի «Կեսարիա» գործը, իսկ հիմա ընթերցասէրներու սեղանին է հայ գրականութեան այս դասական հեղինակին հրապարակագրական, գրական-գեղարուեստական ու յուշագրական յօդուածներէն ու յօդուածաշարքերէն հարուստ ծաղկաքաղ մը զոր, ինչպէս նախորդ հատորները, պատրաստած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանը : Նորատիպ հատորին յառաջաբանը գրի առած է Վահան Թէքէեանի կեանքին ու ստեղծագործութեան մասնագէտներէն դոկտ. Վաչէ Ղազարեան: Քնալը կղզիի երկուորեակ պատմական ապարանքները ներկայացնող կողքին հեղինակն է երգիծանկարիչ ու գեղանկարիչ Արէտ Կըճըր :

Երեք բաժիններէ բաղկացած հատորին առաջին բաժինը յատկացուած է հեղինակի հրապարակախօսական յօդուածներուն: «Ժամանակ» եւ «Ժողովուրդի ձայնը» թերթերուն մէջ Թէքէեանիՙ իր անունով հրատարակած յօդուածներէն ընտրանի մը կարելի է գտնել այս բաժնին մէջ: Յօդուածները առհասարակ կը վերաբերին սահմանադրութեան հռչակման անմիջական վաղորդայնի իրադարձութիւններունՙ օսմանեան քաղաքական ու հայկական հասարակական կեանքի ինչ-ինչ դրուագներուն:

Երկրորդ բաժինը յատկացուած է գրական ու գեղարուեստական յօդուածներուն կամ յօդուածաշարքերուն, որոնք նոյնպէս հրատարակուած են «Ժամանակ»ի, «Ժողովուրդի ձայնը-Ժամանակ»ի կամ Գահիրէի «Արեւ»ին մէջ: Կարդալով այդ յօդուածներըՙ կարելի է գաղափար ունենալ ո՛չ միայն յետեղեռնեան արեւմտահայ գրական ու մշակութային կեանքին մասին, այլեւ ծանօթանալ Թէքէեանի մօտեցումներունՙ Խորհրդային Հայաստանի գրականութեան, գրական անցուդարձերուն եւ նոյնիսկ 1922-ի ուղղագրական փոփոխութեան մասին:

Վերջին բաժինը, որ թերեւս ամենահետաքրքրականը կարելի է նկատել, Թէքէեանի յուշերն են: Գրական աշխարհէն դէմքերու, արեւմտահայ քաղաքական-հասարակական կեանքէն անցուդարձերու մասին Թէքէեանի վկայութիւնները, ինչպէս նաեւ իր անձնական կեանքէն դրուագներու ներկայացումը տարբեր անցքերու ու յայտնի անձերու մասին նոր բացայայտումներ կատարելու առընթերՙ հաճելի ընթերցանութիւն մըն ալ կը պարգեւեն կարդացողին:

«Երկու դրախտները» հատորի իւրաքանչիւր բաժնէն ետք տեղադրուած են ծանօթագրութիւններ: Հոն կարելի է գտնել նաեւ Թէքէեանիՙ ժամանակի մամուլին մէջ հրատարակուած երգիծանկարները, ինչպէս նաեւ հօրՙ Գալուստ Թէքէեանի Պաղլարպաշըի մէջ գտնուող շիրմին լուսանկարը: Հատորի աւարտին դրուած յատուկ անուններու ցանկն ալ կը դիւրացնէ պատմաբաններու եւ գրականագէտներու աշխատանքը:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #39, 20-10-2017

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ