ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի «ԱՐԻՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԸ ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ, ՊԷՅՐՈՒԹ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը անվարանօրէն դարձած է լիբանանահայ պարարուեստի պարծանքը: Մշակութասէր հանդիսատեսը անհամբերութեամբ կը սպասէ անոր ելոյթները: Կիրակի, 3 դեկտեմբեր 2017-ին, Լիբանանի մէջ գործող օտար դիւանագիտական շրջանակներու տիկնանց համախմբումին կազմակերպութեամբ, «ֆենիսիա» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային բարեսիրական պազար: Աւանդութիւն դարձած այդ ձեռնարկին հասոյթը կը յատկացուի բարեսիրական հաստատութիւններու: Լիբանանի մէջ գործող Հայաստանի դեսպանատան հրաւէրով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ պազարի ընթացքին նախատեսուած գեղարուեստական յայտագիրին: Պարախումբին ելոյթները տեղի ունեցան «Ֆենիսիա» պանդոկին մեծ սրահին մէջ: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի 75 անդամ-անդամուհիները ներկայացուցին «Նինօ» եւ «Վասպուրական», «Գողթան» եւ «Վարդագոյն աղջիկներ» պարերը: Հայ եւ օտար ներկաներ մեծապէս խանդավառուեցան «Արին» պարախումբի ճաշակաւոր եւ բարձրորակ ելոյթներէն: Դիւանագիտական օղակի ներկայացուցիչներ, ոգեւորուած ՀԲԸՄ-ՀԵԸ -ի «Արին» պարախումբի ելոյթներէնՙ իրենց յարգանքն ու հիացումը յայտնեցին հայ մշակոյթին: Վարձքը կատար ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-Ի «Արին» պարախումբի անդամ-անդամուհիներուն, գեղարուեստական ղեկավար Գայիանէ Մածունեանին, պարախումբի տիկնանց վարչութեան ատենապետուհի Անի Պոտրումեանին եւ ժրաջան անդամուհիներուն, որոնք ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն բարձր պահելու հայ մշակոյթին փառքն ու աւանդութիւնները: |