ԴԻՄԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՎՐՁՆԱՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ Դանդաղ քայլերով կը մօտենայի Գրողներու միութեան տան, ներկայ գտնուելու թատերական ներկայացման մը, երբ նկատեցի դիմացէս արագաքայլ, պայուսակը ձեռքին մօտեցող Թորոս Թորանեանը: կանգ առի բարեւելու, կանգ առաւ: Թեթեւ մը առջեւ թեքուած ուսերը շտկեց, բարեւս առաւ ժպիտով: - Ո՞ւր ասանկ, թատրոնին ներկայ պիտի չըլլա՞ս: - Ուրիշ ձեռնարկ մը կայ, հոն կ՛երթամ, ըսաւ ու անցաւ: Արդէն իր բնակած տունէն մինչեւ Գրողներու միութիւն, գոնէ կէս ժամ մը քալած ըլլալու էր ու տակաւին ալ պիտի քալէ, դէպի ձեռնարկին վայրը: Այս մարդուն մեքենայով տեղ երթալը չեմ տեսած, ժամերով կրնայ քալել, առանց յոգնելու, իսկ ես, որ իրմէ 15 տարի փոքր եմ, քալած ատենս յաճախ կը կանգնիմ հանգստանալու: Իննսուն ծանրածանր տարիները թեթեւ-թեթեւ շալկածՙ կը հասնի ամէն տեղ, ուր գրական միջոցառում մը կայ: Ոչ միայն ներկայ կ՛ըլլայ ունկնդրելու, այլեւ անպայման իր կողմէ ալ խօսք մը աւելցնելու խօսուածներուն վրայ, որովհետեւ գիտելիքներու եւ յուշերու պահեստ մը ունի, որ բնաւ չի յատնիր ու չի տժգունիր: Գլխարկ չի գործածեր. նոյնիսկ ամենացուրտ եղանակին գլխաբաց կ՛երթայ ամէն տեղ եւ ամէն օր, կը կարդայ ու կը գրէ առանց ակնոցի, իրեն համար չեն տարեց մարդոց պաշտպանողական այս պարագաները, ինք միշտ երիտասարդ է: Եթէ միջոց մը գտնուի հաշուելու համար իր կեանքի ընթացքին կարդացած էջերը, գումարը հաւանաբար վեց թուանշանով թիւ մը պիտի ըլլար, իսկ իր գրածներն ալ անկէ շատ պակաս պիտի չըլլային: Մասնագիտութեամբ բժիշկ է, սակայն իր տարերքը գրականութիւնն է: Ոչ միայն տարերք, այլ իր կեանքի իմաստն ու շնչած օդի թթուածինն է գրականութիւնը: Ծնած է Հայաստանն ու հայոց լեզուն գովաբանելու, պաշտպանելու ու տարածելու համար: Եղած է աշխարհի գրեթէ ամէն կողմ, ուր հայկական համայնք կայ, դասախօսած է, գրած է, ունկնդիրներուն մէջ բորբոքած է հայրենասիրութեան կրակը: Իր հեղինակած ու հրատարակած գիրքերէն օրինակներ լիաբուռն բաժնած է, նուիրած է, մինչեւ իսկ օրին մէկը, երբ ընթերցող հասարակութեան նուազումը նկատած է, մտած է Հալէպի ազգային գերեզմանատունը եւ շիրմաքարերուն վրայ գիրքեր ձգած է, ըսելովՙ որ եթէ ողջերը չեն կարդար, թող մեռելները կարդան: ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ |