RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#004, 2019-02-01 > #005, 2019-02-08 > #006, 2019-02-15 > #007, 2019-02-22 > #008, 2019-03-01

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #6, 15-02-2019



Տեղադրվել է` 2019-02-14 22:49:52 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 850, Տպվել է` 6, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՅՆ...

Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ հալէպահայ թատրոնը կորսնցուց իր երէց բեմադրիչըՙ Գրիգոր Քելեշեանը , որուն յիսնամեայ վաստակը կը հաշուէր հայերէն եւ արաբերէն 130 բեմադրութիւն:

Հալէպահայ թատրոնը հարիւրամեայ պատմութիւն ունի, որուն ընթացքին հալէպահայ, թէ հիւր ինքնուս դերասանապետներ խումբեր ղեկավարած են ու թատերգութիւններ ներկայացուցած գրեթէ ամէն տարի, որոնց մէջ ծանօթ անուն մը եղած է Պետրոս Քելեշեանը, որուն Օթելլոյի մէջ Եակոյի դերակատարման մասին դրուատանքով կը խօսէին: Եւ բնական պիտի ըլլար, որ անոր որդին, Գրիգորն ալ վարակուած ըլլար թատրոնի «հիւանդութեամբ»:

Իմ ծանօթութիւնս Գր. Քելեշեանին հետ 60 տարուան անցեալ մը ունի- երբ առաջին անգամ դպրոցական թատերախումբով «Մեծապատիւ մուրացկանները» ներկայացուցինք. ինքՙ Մանուկ Աղա, եսՙ բանաստեղծ: Միասին քանի մը թատերգութիւններու մասնակցելէ ետք, ան 1962-ին Հայաստան մեկնեցաւ ուսանելու եւ 1969-ին վերադարձաւ Գեղարուեստաթատերական հիմնարկէն զոյգ վկայականներով, որպէս դերասան եւ բեմադրիչ, դառնալով հալէպահայ առաջին վկայեալ բեմադրիչը, եւ անմիջապէս ընդգրկուեցաւ ՀԵԸ-ի «Ադամեան» թատերախումբին մէջ ու զայն ղեկավարեց ամբողջ 15 տարի, բեմ բարձրացնելով հայ եւ օտար հեղինակներու 25 թատերգութիւններ: Իր գալուստով հալէպահայ բեմը նոր թափ ստացաւ, թէ՛ որակով եւ թէ՛ քանակով: Ժամանակին երբ սիրողական խումբերով բեմ կը բարձրանային, ընդհանրապէս մէկ կամ երկու ելոյթը բաւարար կը համարուէր, իսկ խաղացանկն ալ շատ բազմազան ու բազմաբնոյթ չէր: Քելեշեանի գալէն ետք թատերգութեանց ցանկը ճոխացաւ եւ թատերասէր հանդիսատեսներուն թիւը բազմապատկուեցաւ:

Գր. Քելեշեան իր բնածին տաղանդն ու մասնագիտական հմտութիւնը ի սպաս դրաւ հալէպահայ թատրոնին: Չափազանց բծախնդիր էր, մանրամասնութիւններ աչքաթող չէր ըներ բնաւ: Դերակատարները շատ բան սորվեցան իրմէ, յատկապէս կարգապահութիւն, որուն մէջ աւանդական «հայկական ժամադրութիւն» ըսուածին դէմ պայքարեցաւ, մինչեւ որ կրցաւ հանդիսատեսին սորվեցնել ժամանակին թատերասրահ գալ եւ ճիշդ ժամուն վարագոյր բանալ:

Քելեշեանը նաեւ անհագ ընթերցող էր, լաւ կը տիրապետէր ֆրանսերէնին եւ իր հարուստ գրադարանը լեցուն էր նաեւ օտար գրականութեամբ:

Քելեշեան մաս կազմեց նաեւ Հալէպի տեղական Ազգային թատրոնին եւ արաբերէնով շարք մը գործեր բեմադրեց, ինչպէս նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ սուրիական շարժապատկերինՙ կարգ մը ֆիլմերու մէջ դերեր վերցնելով: Սուրիական արաբական թատրոնին իր ներդրումներուն համար սիրուեցաւ եւ յարգուեցաւ Սուրիոյ Մշակոյթի նախարարութեան եւ Արուէստագէտներու արհմիութեան կողմէ:

1970-ին, երբ «Եզովբոսը» բեմ պիտի բարձրացնէինք, յատուկ յայտագիր-գրքոյկ մը պատրաստուեցաւ այդ առիթով, որուն առաջին էջին վրայ իր առաջարկով տպուեցաւ Պետրոս Ադամեանի մէկ բանաստեղծութիւնը, ուր մեր թատրոնի հսկան ցաւով կ՛ըսէր.

«Նկարչին մնայ գէթ յիշատակն ի կտաւ,

Փիթիասայն ի կճի,

Կ՛անհետանան քեզ հետ հանճար եւ ըզդիմակ,

Կ՛ուտէ հողու սեւ ճըճի.

Պատանք կեանքիդ լինի թատեր վարագոյր,

Մարին լոյսեր, դադրին խաղք,

Պատմութիւն, նա գուցէ զքեզ օր մի յիշի,

Յետագայում թէ հաճի»:

Տխուր իրականութիւն մը, յատկապէս, երբ այն օրերուն ոչ մէկ միջոց կար դերասանին խաղը տեսագրելու, պահելու: Սակայն Պետրոս Ադամեանը պէտք չունէր կասկածելու, իր նման մեծերը չեն մոռցուիր: Քելեշեանն ալ անոր շառաւիղներէն մէկն էր. հալէպահայութիւնը չի մոռնար զինք. յարգանք իր վաստակին: Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #6, 15-02-2019

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ