ՀԱԿԻՐՃ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆԻ «Մեծ երազի ճամբուն ուղեւորները եւ համապարփակ պատմութիւն Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան» Բ. հատոր Ընթերցողը սոսկ հպանցիկ ակնարկով մը իսկ կը ներգրաւուի գեղատիպ այս հատորին խիստ շահեկան բովանդակութեամբ: Արդարեւ, «Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները եւ Համապարփակ Պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» Բ. հատորով, հեղինակ Յակոբ Վարդիվառեան ոչ միայն յաջողած է համադրել մեր ժողովուրդին ճակատագիրը սահմանող իրադարձութիւնները Մեծ եղեռնին նախորդող տասնամեակներուն, այլեւ մանաւանդ ներբողել յեղափոխական-մտաւորական եւ հրապարակագիր տիտաններու դերակատարութիւնները ի փառս հայ ժողովուրդի ազատագրական աննկուն պայքարին: Առաւել եւս խորանալով եւ ըմբոշխնելով այս գիրքին ընթերցումըՙ մեր երեւակայութեան մէջ կը քանդակուին երկու աշխարհներ. առաջինըՙ Պոլիս, Արեւմտահայաստանի մեր գաւառներն ու աւանները եւ կովկասեան գաղութները, ուր հայութիւնը ազատագրական իր պայքարի, լրագրութեան, մշակոյթի եւ կրթական կեանքի զարթօնքը կ՛ապրէր. իսկ երկրորդըՙ ամերիկահայ կեանքը, ծնունդն ու հասունութիւնը, բարգաւաճումն ու կատարած տպաւորիչ նուաճումներըՙ հայ կեանքի քաղաքական եւ ընկերային բնագաւառներէն ներս: Այս երկու աշխարհները, որոնք աշխարհագրականօրէն հեռու են իրարմէ, հեղինակին շնորհաւորելի ճիգով կը կամրջուին, երբ ազգային ազատագրական պայքարի մեր հերոսները, որոնք պարտադրաբար կամ պարագայներու բերումով Միացեալ Նահանգներ եկած եւ հաստատուած էին, իրենց ներդրումը բերած են ամերիկահայ գաղութին կազմաւորման: Յակոբ Վարդիվառեանի հեղինակած այս գիրքը անտարակոյս հաւատքի գործ է. աւելինՙ գաղափարական հաստատ համոզումներու արգասիքը: Թէեւ ապագայ սերունդներու պատմագէտներուն կը մնայ առարկայականօրէն արժեւորել այս գիրքը, սակայն այսօրուան պատմութեան ուսանողին համար մեծապէս շահեկան նիւթի հարուստ շտեմարան մըն է: Ահաւասիկ հո՛ս կը կայանայ հատորին այժմէականութիւնն ու կարեւորութիւնը: Հետեւեալ խորհրդածութեամբ կ՛եզրակացնենք մեր յօդուածը. Այս գիրքը բացայայտ ապացոյցն է այն իրողութեան, թէ այս կուսակցութեան ուժը, վարկը, հեղինակութիւնն ու պատմական իր առաքելութիւնըՙ գերիվեր կը մնայ միջ-կուսակցական խլրտումներէ եւ անձնական անփառունակ փառասիրութիւններէ: ՆԵՐՍԷՍ Ե. ՊԱՊԱՅԵԱՆ, Նիւ Եորք |