ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ՅՈԲԵԼԵԱՆԱԿԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՓԱԿՈՒՄ ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՎ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ Մայիս 11-ին ՀԲԸՄ-ի Անթիլիասի (Լիբանան) Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ հանդիսաւորապէս տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄիութեան 110 եւ ՀԵԸնկերակցութեան 85-ամեակներու յոբելենական տարուան միջոցառումներու փակումը: Ի ներկայութեան ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային յանձնաժողովի, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀԵԸ-ի տարբեր միաւորներու ներկայացուցիչներու, միութենականներու, հիւրերու եւ մտաւորական ընտրանիի մը, ՀԵԸ-ի գրասենեակի վարիչ տնօրէն Գէորգ Սանթուրեան բարեգալուստ մաղթեց ներկաներուն, ընդգծելով թէ զոյգ միութիւններուն յոբելեանները արժանավայել հանդիսութիւններով ոգեկոչելէ ետք, հասած էր վերարժեւորելու պահը եւ ահա այս նպատակով եզրափակիչ հանդիսութեան հրաւիրուած էր դոկտ. Զաւէն Մըսրլեանը: Գէորգ Սանթուրեան ամփոփ տողերու մէջ ներկայացուց կրթական մշակ, մտաւորական,պատմաբան, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ դոկտ. Զաւէն Մըսրլեանի կենսագրականը, ընդգծելով թէ յարգարժան դոկտորը ազգային, հասարակական, կրթական զանազան պարտականութիւններ ստանձնելու կողքին եղած է ՀԵԸ-ի Հայ համալսարանական ուսանողաց միութեան ատենապետ (1958-1961), ՀԵԸ-ի Տնօրէն գործադիր մարմինի ատենապետՙ 1966-ին, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ (1973-1982): Դոկտ. Մըսրլեան ներկայացուց ՀԵԸ-ի պատմականը, միութեան հիմնադրութեան պայմանները, մասնաճիւղերու կազմաւորումը, անոնց ծաւալած գործունէութիւնը. «Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը իր սկզբնական շրջանէն ունեցաւ մարզական, մշակութային, ընկերային, սկաուտական գործունէութիւնՙ ձգտելով հայկական ոգին վառ պահելու, ազգային-հոգեւոր հոյակապ ժառանգը նոր սերունդին փոխանցելու եւ մարդկային ընկերութեան տիպար անդամ-անդամուհիներ պատրաստելու», ընդգծեց ան: Ապա անդրադարձաւ Նաւասարդեան խաղերուն (1938-էն սկսեալ մինչեւ 1970-ականները) ստեղծած համագաղութային խանդավառութեան: Դոկտ. Մըսրլեան նշեց, թէ իր հիմնադրութեան օրէն առ այսօր, Հայ երիտասարդաց ընկերակցութիւնը ունեցած է եօթ ատենապետՙ Բիւզանդ Եղիայեան, Խաչեր Գալուստեան, Սիսակ Վարժապետեան, տոքթ. Միհրան Սիմոնեան, Կարպիս Մարգարեան, Կարօ Ճղըլեան եւ Վիգէն Չերչեան: Իր խօսքի աւարտին բանախօսը անդրադարձաւ յատկանշական կարգ մը թուականներուՙ 1971-ին Ալեք Մանուկեան երիտասարդական կեդրոնի շինարարութիւնը եւ բացումը: 1971-ինՙ Զահլէի նորակառոյց Ալեք Մանուկեան, 1976-ինՙ Սին էլ Ֆիլի մէջ Զապէլ Մովսէսեան երիտասարդական, 1996-ինՙ ՀԲԸՄ-ի Երուանդ եւ Ալիս Տեմիրճեան կեդրոններուն, իսկ 2012-ինՙ Ահրամճեան կեդրոնին բացումը: Հանդիսութեան երկրորդ բաժինով ցուցադրուեցաւ ՀԵԸ-ի արխիւէն, 58 տարիներ առաջ, 1959-ին, տեղի ունեցած ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի 3-րդ Նաւասարդեան խաղերու տեսաերիզը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց սրահէն ներս, երէց սերունդին մէջ արթնցնելով անցեալի յուշեր, երիտասարդութեան մէջՙ հպարտութիւն: Յայտագիրի երրորդ մասը յատկացուած էր ՀԲԸՄՙ 110 եւ ՀԵԸՙ 85- ամեակներու առիթով լոյս տեսած արժեքաւոր ալպոմ-գրքոյկի հրատարակութեան: Գէորգ Սանթուրեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց պրն Շահէ Խաչատուրեանին վերոյիշեալ հրատարակութեան համար, ընդգծելով, թէ նախապէս ալ, տասը տարիներ առաջ, ՀԲԸՄՙ 100 եւ ՀԵԸՙ 75-ամեակներուն առիթով, նոյնանման գրքոյկ-ալպոմ մը (սպառած) լոյս տեսած էր նոյնպէս Շահէ Խաչատուրեանի ամբողջական նեցուկով: Հանդիսութեան աւարտին ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի համայն միաւորներունՙ յոբելենական տարուան իրենց նուիրական աշխատանքին համար: |