ՍԻՐԻ՛Ր ԵՐԵՒԱՆԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Տարի մըն ալ, ու արդէն Երեւանի տարիքը կլոր թիւի կը վերածուիՙ 2800... Այս տարի 2799-ամեակն է եւ քաղաքը տօնական զգեստաւորումով կը փայլի (խօսքս դուրսի մասին է, իսկ ներքին թաղերն ու բակերը կը մնան նոյնը եւ ընդհանրապէս փայլելու նպատակ չունին, աւելի ճիշդՙ զանոնք փայլեցնելու մասին չի մտածեր քաղաքապետութիւնը): Ուրախ եմ որ «Երեւան»ի «եւ»-ի «ւ»-ն, որ անցեալ տարի փրցուած էր, վերադարձած է իր տեղը, սակայն կարգ մը դրօշակնեու վրայ Երեւան քաղաքի խորհրդանիշ առիւծին փոխարէն Մոնումենտի վերի մասը նկարուած է, բայց անոր երկու թեւերուն մէջ սիրտ մը դրուած է: Յաղթանակի այգիին կից այդ հսկայ սիւնանման կոթողը զետեղուած է Սովետական Հայաստանի հիմնադրութեան 40-ամեակին առթիւ: Չեմ գիտեր, այստեղ մասնաւոր խորհուրդ մը կա՞յ, թէ պարզապէս գեղարուեստական ձեւաւորում է: Գեղատիպ պաստառներուն վրայ կոչեր կան, ինչպէսՙ «Տե՛ս Երեւանը», «Լսի՛ր Երեւանը», «Զգա՛ Երեւանը», եւ «Սիրի՛ր Երեւանը»: Այս վերջինը հետաքրքրական է: Սիրելու կոչը ի՞նչ նկատի ունի, յստակ չէ. այսինքն Երեւանը չսիրողներ կան երեւի, որոնց կոչ կ՛ըլլայ որ սիրեն իրենց քաղաքը: Բայց սիրել ըսելով ի՞նչ հասկնալու է, մէկը Երեւանի պատերու՞ն փաթթուելու է, անոր սիրոյ խօսքե՞ր ուղղելու է երգով, բանաստեղծութեամբ, թէ՞ անոր ծաղիկներ նուիրելու է. պէտք է յստակացնել: Երեւանը կը սիրեն, երբ քաղաքը մաքուր կը պահեն, ներքին թաղերը կը բարեզարդեն, քանդուածնեը կը վերանորոգեն եւ փողոցներուն մէջ չեն թքներ, բան մը որ ընդհանրացած սովորութիւն դարձած է յատկապէս պատանիներու եւ երիտասարդներու մօտ: 12-րդ դասարանի աշակերտներուս ըսի, որ Երեւանի տարեդարձն է, 2799-ամեակը, ի՞նչ ունիք ըսելիք այս առթիւ:Ապա երբ պատասխանող չեղաւ, իւրաքանչիւրին հարց տուի, ըսիՙ ի՞նչ է Երեւանը քեզի համար: Կ՛ակնկալէի որ մին միւսին բերնէն խօսքը խլելով հետաքրքրական որակումներ ընէ: 17 տարեկան տղաք ու աղջիկներ անճրկած լուր կը մնային ու կարծես չէին հասկնար հարցումս, ու երբ ստիպեցի որ անպայման բան մը ըսեն, մէկը ըսաւ «սովորական քաղաք է», ուրիշ մըՙ «մեր տունն է», երրորդ մըՙ «Ես Ռիօ Տը Ժանեյրոն աւելի կը սիրեմ»... Երանի հարց տուած չըլլայի, ըսի միտքէս, սակայն, այնուամենայնիւ, լաւ է որ հարց տուի ու իրազեկ դարձայ, որ պակաս բան մը կայ այս պատանիներու դաստիարակութեան մէջ, որուն պատճառը առաջին հերթին ծնողներն են, ընտանեկան դաստիարակութիւնը: Այս երկրին վաղուան տէրերը հարկ է գիտնան, որ ուսումէն ու հաճոյքէն անդին պարտաւորութիւն ունին իրենց ապրած քաղաքին ու երկրին նկատմամբ, պարտադիր զինուորական ծառայութեան կողքին պէտք է ինքնեկ կերպով պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ունենան, սակայն այդ գիտակցութիւնը մղումի կը կարօտի, ինչ որ ծնողքին ու նաեւ դպրոցին պարտականութիւնն է: Շաբաթ օր, առաւօտէն մինչեւ երեկոյ, 14 ժամուան մէջ 28 միջոցառում տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքի զանազան վայրերուն մէջ, խիտ եւ գեղեցիկ, նոյնիսկ ուսանելի յայտագիր մը, որուն համար կ՛արժէ շնորհաւորել քաղաքապետութիւնը:Սակայն յաջորդ օրն իսկ փառատօնը «անցեալ» եղաւ, ու կեանքը իր սովորական հունով սկսաւ հոսիլ, նոյն թափթփածութիւնը, նոյն անփոյթ վերաբերմունքը: Տօնը վերջացաւ: Ինչպէս մեր մեծ հայրերն ու մայրերը կ՛ըսէինՙ «Ուն պիթտի, տին պիթտի», այսինքն «Ալիւրը վերջացաւ, կրօնքն ալ վերջացաւ», երբ օտար միսիոնարներ ալիւր կը բաժնէին իրենց քարոզած կրօնին հետեւողներուն, իսկ անոնք այդ կրօնէն ետ կը վերադառնային իրենց եկեղեցիին, երբ այլեւս ալիւրը վերջանար: Հոս ալՙ տօնը վերջացաւ, սէրն ալ վերջացաւ, մինչեւ... յաջորդ տարի: Եղա՞ւ: |