ԱԽՏԸ ՈՐ ՄԷՅ ՄԸ ՄՏԱՒ... ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Հիները հիւանդութիւններու մասին կ՛ըսէինՙ «Ղանթարով կը մտնէ ու կրամով կ՛ելլէ», այսինք հիւանդութիւնը մեծ քանակութեամբ եւ մէկ անգամէն կը մտնէ մարմնիդ մէջ ու երկար ժամանակ կ՛ուզէ որ մանր-մանր քանակութեամբ մարմնէդ դուրս գայ եւ ապաքինիս: Ճիշդ կ՛ըլլայ այդպէս ալ նկարագրել թշնամական ներխուժումները անկախ ու գերիշխան պետութեանց տարածքները, որոնք «ղանթարով» կը մտնեն ու տարիներ ու տարիներ կ՛ուզեն, որպէսզի քաշուին եւ դուրս ելլեն, եթէ ելլեն... Տարածուելու պէտք չկայ, ամենամօտիկը Իսրայէլի ներխուժումն ու գրաւումն էր սուրիական Կոլանի բարձունքներուն 1967-ի պատերազմին, որուն վրայ կէս դար անցաւ ու դեռ քաշուելու եւ անիրաւաբար գրաւուած տարածքները իր իսկական տիրոջ վերադարձնելու ոչ մէկ նշան ու յոյս, ի հեճուկս ՄԱԿ-ի որոշումներուն եւ միջազգային շատ կազմակերպութեանց կոչերուն: Թուրքիան, իր հերթին, 1974-ին ներխուժեց Կիպրոսի անկախ հանրապետութեան տարածքը եւ գրաւեց անոր մէկ երրորդը եւ ահաւասիկ 44 տարիներէ ի վեր դուրս գալու նպատակ չունի, հակառակ ՄԱԿ-ի որոշումներուն եւ միջազգային կազմակերպութեանց կոչերուն: Հիւանդութիւնները մտած են առողջ մարմիններու մէջ ու դուրս չեն գար, ո՛չ կրամ-կրամ, ոչ ալ սանթիմ-սանթիմ... Այս նախաբանը ըրի պարզելու համար վախս, որ Թուրքիան, որ «ահաբեկիչ» քիւրտերը պատժելու պատրուակով սուրիական հողեր ներխուժեց, յանկարծ որոշէ չքաշուիլ ու երկար ատեն մնայ, քանի որ, երբ մտած տեղը իր դրօշակը կը տնկէ ու շատ մը երեւոյթներ կը թրքացնէ, կարծես կը գրաւէ եւ իրը կը համարէ զանոնք: Երկու տարի առաջ սահմանամերձ Ճարապլուս քաղաքն էր, մտաւ, դրօշակները բարձրացուց, Էրտողանին մեծադիր նկարները հոս-հոն փակցուց, քաղաքապետութիւնը ձեռք առաւ ու զարկ տուաւ թրքախօսութեան ու թրքացումին: Ճարապլուսը կարծես մոռացութեան տրուեցաւ, երբ թուրքը մտաւ Աֆրին ու կրկնեց այն բոլորը, ինչ որ կատարած էր Ճարապլուսի մէջ: Նոյնը պիտի ընէ Մինպէճի մէջ, յատկապէս որ ամերիկեան բանակը Սուրիայէն քաշելու որոշում առաւ նախագահ Թրամփ: Թուրքիան մտաւ, ըստ պաշտօնական յայտարարութեանՙ «ժամանակաւորապէս», պարզապէս չեզոքացնելու PKK-ն եւ քանդելու քրտական ընդդիմադրութիւնը, որոնք ոչ միայն կը սպառնային Թուրքիոյ, այլեւ անմիտաբար իրենց բնակած շրջանները որպէս Քիւրտիստան ներկայացնել եւ սկսած էին անջատողական գործունէութիւն ծաւալել, այդ տեղուանքը քրտական դրօշակներ բարձրացնելով, դպրոցներուն մէջ քրտերէն լեզուն պարտադիր դարձնելով, նոյնիսկ ինքնաշարժներու թիւերը քրտականով փոխարինելով: Ի՞նչ խաղ է այս, որ կը դառնայ Սուրիոյ գլխուն, նաեւ զինակից Ռուսիոյ գիտակցութեամբ ու համաձայնութեամբ: Ռուս-թուրք բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը երթալով աւելի կը սերտանայ, մասնաւորաբար, երբ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ռուսիոյ կապերը ԱՄՆ-ի հետ բաւական պրկուած են եւ որ շատ աւելի սրեցաւ վերջերս, երբ արեւմտեան երկիրներ հարիւրեակ մը ռուս դիւանագէտներ արտաքսեցին, որուն ի պատասխան նոյն ձեւով պատասխանեց Ռուսիան: Կարծես ռուս-թուրք ճակատ մը կազմուեցաւ ընդդէմ արեւմուտքի: Ասոր տակէն Սուրիան ինչ շահով կամ վնասով դուրս պիտի գայՙ յստակ չէ, քանի ամէն ինչ խառն է, եւ Սուրիոյ պատերազմին մասնակից իւրաքանչիւր պետութիւն իր շահերը պիտի պաշտպանէ: Եթէ Ղուրանը կ՛ըսէՙ «Ակն ընդ ական», անոր շարունակութիւնը շատեր կ՛անտեսեն, մինչդեռ ամբողջականը թարգմանաբար հետեւեալն է. «Ակն ընդ ական, ատամն ընդ ատաման, բայց սկսողն է դատապարտելին»: Ո՞վ սկսաւ, ինչո՞ւ սկսաւ, ե՞րբ վերջ պիտի գտնէ... հարցումներ, որոնք կը շարունակեն անպատասխան մնալ: |