RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#021, 2019-05-31 > #022, 2019-06-07 > #023, 2019-06-14 > #024, 2019-06-21 > #025, 2019-06-28 > #023, 2019-07-24

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #23, 24-07-2019



Տեղադրվել է` 2020-07-23 23:26:28 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 484, Տպվել է` 3, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

«ՄԵԾԵՐԸ»ՙ ԻՐԵՆՑ ԱՄՕԹԱԼԻ ԱՆՑԵԱԼՈՎ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Մեր փոքր ազգ ըլլալը պատճառ դարձած է, որ ամբողջ պատմութեան ընթացքին ստորակայական մեր բարդոյթովՙ մեծ պետութիւններով հիանանք, պատկառինք անոնցմէ, նոյնիսկ երանի տանք անոնց ժողովուրդներուն: Սակայն, երբ պրպտենք այդ երկիրներուն անցեալի պատմութիւնները, պիտի տեսնենք, որ անոնք մեր երեւակայածին պէս իտէալական, զարգացած ու քաղաքակիրթ երկիրներ չեն եղած, նոյնիսկ այնպիսի ամօթալի էջեր կան արձանագրուած անոնց պատմութեան մէջ, որ մեր նախապաշարումները գլխիվայր կը շրջուին:

«Ազգ»ի նախորդ համարի խմբագրականէն տպաւորուած ըսեմ, որ Ֆրանսացիներով հիացողներուն ու այդ երկիրը փառաբանողներուն դիմաց պէտք է բանալ անոնց անցեալի գաղութատիրութեանց պատմութիւնները, մասնաւորաբար կանգ առնելով անոնց գաղութատիրութեան վրայ Ալճերիոյ մէջ, եւ մէկ միլիոն ալճերիացիներուն նահատակութիւնը իրենց ազգային-ազատագրական պայքարի ընթացքին: Դեռ չխօսինք Սուրիոյ, Լիբանանի ու ափրիկեան երկիրներու մէջ անոնց «հոգատար» ներկայութեան մասին:

Իտալացիները Լիպիան գրաւեցին որպէսզի երկիրը ազատեն օսմանեան բռնատիրութենէն, ապա իրենք դարձան բռնատէր ու փորձեցին ճզմել անոնց ազատագրական պայքարը, գլխաւորութեամբ ազգային հերոս Օմար Մուխթարի, որուն կախաղան բարձրացուցին անցեալ դարուն, իսկ ներկայ դարուն ալ իրենց վարչապետը սինիքաբար Լիպիոյ ղեկավար Կատտաֆիին ձեռքը համբուրեց, անոր միլիոններուն սիրոյն: Ի՜նչ ամօթ: Մարդուն նողկանքը կու գայ այսպիսի բաներ տեսնելով ու կարդալով: Հապա՞ մեծ գաղութատէր Հոլանտա՞ն:

Իսկ Անգլիոյ մասին... այնքան ամօթալի էջեր ունին մրոտած իրենց պատմութեան մէջ, որ կը զարմանայի մեր հայրերուն Անգլիոյ հանդէպ տածած կոյր պատկառանքին ու հիացմունքին համար: Իսկ երբ սկսայ ծանօթանալ պատմութեան, ուղղակի սարսափեցայ այդ «պաղարիւն, ծանրախոհ, աւանդապաշտ, Ճենթըլմէն» ժողովուրդի անցեալի պատմութենէն, որ լեցուն է արիւնաներկ էջերով:

Անգլիան աչքէս աւելի ելաւ, երբ անցեալները պատահաբար հանդիպեցայ գերեվաճառութեան ինծի համար նոր պատմութեան մը, որուն մասին բնաւ գաղափար չունէիՙ իրլանտացի գերիներու կամ ստրուկներու վաճառքը անգլիացիներու կողմէ ամերիկաբնակ անգլիացիներուն...

Երբ գերեվաճառութիւն կ՛ըսուի, մենք միայն Ամերիկա տարուած ափրիկեցի գերիներուն մասին կը մտածենք, մինչ կ՛ըսուի, որ իրլանտացիներունը շատ աւելի ողբերգական եղած է:

17-րդ դարուն 30.000 իրլանտացի բանտարկեալներ վաճառուած են Նոր երկրին: 1625-ին Ճէյմս Ա-ի հրամանագրով կը պահանջուէր, որ իրլանտացի քաղբանտարկեալներ ղրկուին ծովերէն անդին եւ վաճառուին այնտեղ հաստատուած անգլիացներուն: Իրլանտան շուտով դարձաւ մեծագոյն աղբիւրը մարդկային «ապրանքի»: 1641-1652 տարիներուն 500.000 իրլանտացիներ սպանուած են անգլիացիներու կողմէ եւ 300.000 ալ վաճառուած որպէս ստրուկ: Իրլանտայի բնակչութիւնը մէկ ու կէս միլիոնէն իջած է 600.000-ի: Կը տանէին ընտանիքին հայրը միայն, քանի արտօնուած չէր որ ան իր կինն ու զաւակներն ալ տանի միասին, այնպէս որ անտէր մնացած ընտանիքները իրենց կարգին վաճառքի առարկայ դարձան: 1650-ին 100.000 երեխաներ, 10-14 տարեկան, իրենց ընտանիքներէն բռնի առնուեցան ու վաճառուեցան:

Նոյն շրջանին սկսած էր ափրիկեցի գերիներու վաճառքը: Կ՛ըսուի, թէ ափրիկեցի գերին կը վաճառուէր 50 սթերլինկի, իսկ իրլանտացի գերինՙ 5 սթերլինկի: Իրլանտացի գերիները բռնաբարելն ու սպանելը ենթակայ չէր պատիժի: Միայն 1839-ին վերջ դրուեցաւ իրլանտացիներուն գերեվաճառքը: Թէեւ այս փաստերուն համար սուտ է ըսողներ կան, սակայն, ինչպէս կ՛ըսենՙ փիղը թաշկինակին տակ չի պահուիր: Աս ալՙ բոլորին հիացմունքի առարկայՙ Անգլիան:

Այնպէս որ գիտնանք մեր արժէքն ու արժանիքները, առանց մեծամտանալու, մեր մէջէն արմատախիլ ընենք ստորակայական բարդոյթը, նոյնիսկ այս օրերուն, երբ կը շարունակենք փառաբանել ու հիանալ օտարներով:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #23, 24-07-2019

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ