RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#002, 2020-01-17 > #003, 2020-01-24 > #004, 2020-01-31 > #005, 2020-02-07 > #006, 2020-02-14

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #4, 31-01-2020



ՕՐԱԿԱՐԳ

Տեղադրվել է` 2020-01-30 22:36:45 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2316, Տպվել է` 164, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՀԱԼԷՊՆ ՈՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Շուտով Սուրիոյ պարտադրուած պատերազմին իննամեակը պիտի նշենք ցաւով ու թեւաթափ, եւ մեր ականջներուն պիտի հասնի պատասխանատուներու միեւնոյն հանկերգըՙ «Պատերազմ չէ եղած, որ չաւարտի»... Իսկապէս, ազգերու պատմութեան մէջ բոլոր պատերազմներն ալ աւարտ ունեցած են, սակայն անոնց տեւողութիւնը նոյնը չէ եղած, պատերազմ եղած է, որ ընդամենը մի քանի օր տեւած է, պատերազմ ալ եղած է, որ հարիւր տարի տեւած է: Իսկ Սուրիայի՞նը...

Այս անցնող իննը տարիներուն ընթացքին իննսուն անգամ ըսուեցաւ ու լսուեցաւ, որՙ «Ահա՛, վերջանալու վրայ է», սակայն վերջը չեկաւ. ժողովուրդին վերջը եկաւ, բայց պատերազմին վերջը չեկաւ:

«Սուրիոյ պատերազմ» կ՛ըսեմ, բայց իսկութեան մէջ Հալէպն է կիզակէտը, քանի որ Սուրիոյ տարածքին ոչ մէկ քաղաք եւ ոչ մէկ բնակչութիւն պատերազմին լեղին ցմրուր ըմպեց, որքան Հալէպն ու հալէպցին: Եւ այս բոլորէն ետք, երբ կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կը գոյատեւէ այս ասպնջական քաղաքը, կը զարմանանք:

Հիմա, փորձենք կիզակէտինՙ կիզակէտը լուսարձակի տակ առնել, այսինքն հալեպահայութիւնը:

Ազգերու պատմութեան մէջ պատահած է, որ քաղաք մը հռչակուի որպէս «Հերոս քաղաք»ՙ պատերազմին մէջ անոր բնակչութեան սխրանքները նկատի առած, սխրանքներՙ որոնք նպաստած են վերջնական յաղթանակին: Եթէ հիմա հեղինակաւոր մէկը Հալէպին ալ շնորհէ այդպիսի պատուանուն, սխալած չ՛ըլլար: Այս պարագային ոչ թէ պատերազմին ուղղակի համաժողովրդային մասնակցութեամբ, այլՙ ժողովուրդի ֆիզիքական տոկունութեամբ եւ հոգեկան արիութեամբ:

Պատերազմի ամբողջ տեւողութեան կենսամակարդակի անկումին դիմանալով, տարրական անհրաժեշտութիւններուՙ ելեկտրական հոսանքի, ջուրի, վառելանիւթի, յարաճուն սղաճին տոկալով, ժուժկալութեամբ ապրելով,- երբ հալէպահայուն սեղանը լի կ՛ըլլար ամէն տեսակի բարիքներով,- հինը նորոգելով, քիչով գոհանալով եւ սակայն տխրութիւնը ժպիտով փարատելով, դպրոցները, եկեղեցիներն ու ակումբները աշխատունակ պահելով, մշակութային-ազգային զանազան ձեռնարկներով, երգով ու պարով, երաժշտութեամբ ու թատրոնով, սկաուտական եւ ուսանողական շարժումներով ու տակաւինՙ նշանախօսութիւններով, պսակադրութիւններով, հարսանիքներով Հալէպի ամպամած երկինքը լուսաւորեցին:

Ժողովուրդ մը, որ այս տարատեսակ ցնցումներուն դիմացաւ, փոխանակ տկարանալու, աւելի՛ կ՛ամրապնդուի, աւելի՛ դիմացկուն կը դառնայ, որպէսզի,- Աստուած մի արասցէ,- նոր ցնցումները դիւրութեամբ տանի: Փաստըՙ այս վերջին ցնցումն էր Թուրքիոյ մէջ պատահած երկրաշարժին որպէս արդիւնք: Ըստ հաղորդուածինՙ 12 երկվայրկեան տեւած ցնցումը, որ քիչ չէ, թէեւ վախի մթնոլորտ մը ստեղծած է, յատկապէս գերզգայում մարդոց մօտ, սակայն անբնական իրարանցումի կամ սարսափի չէ մատնած մարդիկը, ինչպէս տպաւորուեցայ Հալէպէն հասած դիմատետրային գրառումներէն:

Այն պահուն, ուր ամէն ինչ կ՛երերար ու կը տատանէր երկրաշարժին պատճառով, ՀԵԸ-ի «Ադամեան» թատերախումբը փորձի մէջ էր, կը պատրաստուէին երկու օր ետք տարեկան երգիծական պատկերներու ( սքեչ ) ներկայացման:

Յայտարարուեցաւ, որ տոմսերը արդէն սպառած են եւ յաջորդող երկու օրերուն լեփ-լեցուն սրահներու մէջ հանդիսատեսները երկու ժամ խնդացին եւ ուրախացան: Յայտարարուեցաւ, որ յաջորդ շաբաթ եւ կիրակի ալ պիտի կրկնուի ներկայացումը... Ալ ի՞նչ երկրաշարժ, ի՞նչ տագնապ:

Ի պատիւ հալէպահայութեան, տակաւին բաց են մեր կրթական օճախները, եկեղեցիներէն դէպի երկինք կը բարձրանան մեր հոգեպարար շարականները, դեռ կը շարունակուին միութենական ձեռնարկները... Եւ այս բոլորըՙ ի պատիւ Հերո՛ս քաղաքի բնակիչ հալէպահայու անկոտրում կամքին:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #4, 31-01-2020

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ