RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#005, 2020-02-07 > #006, 2020-02-14 > #007, 2020-02-21 > #008, 2020-02-28 > #009, 2020-03-06

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #7, 21-02-2020



Տեղադրվել է` 2020-02-20 22:53:50 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 3328, Տպվել է` 304, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍՔԱՆ ՈՒՇ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Հիմա, որ Սուրիան պաշտօնապէս ճանչցաւ հայկական ցեղասպանութիւնն ու դատապարտեց ցեղասպան Թուրքիան, երկար սպասուած այս քաղաքական կարեւոր որոշումը հազիւ ընկալած եւ ուրախութեան կոչեր արձակած, նոյնիսկ զանոնք կանխելով, շատ «մտահոգ» մարդիկ հնչեցնել սկսան իրենց պահանջատիրական-հարցադրական-քննադատական շեփորներըՙ «Ինչո՞ւ այսքան ուշ... Ինչո՞ւ պէտք է սպասէր Սուրիան մինչեւ այսօր, երբ ճիշդ պիտի ըլլար, որ առաջինը ի՛նք ըլլար ճանչցողը, Լիբանանէն ալ առաջ, քանի որ ի՛նք էր ականատեսն ու ի՛նք եղաւ այդ պատմական ողբերգութեան թատերաբեմն ու վկան:

Այս տեսակի շուտիկութեան սիրահարները վստահ որ ամէն ինչի մակերեսայնօրէն կը մօտենան, գաղափար չունին իրավիճակէն, պատմութեան անծանօթ են, նոյնիսկ աշխարհագրութենէ տեղեակ չեն:

Սուրիան առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, պէտք է թօթափէր Օսմանեան կայսրութեան չորսհարիւրամեայ լուծը, երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք պէտք է թօթափէր ֆրանսական «հոգատարութեան» լուծը, ապա 1946-ին անկախանալով պէտք է վաղուց կորսուած պետականութիւն ստեղծէր, երբ երկու տարի ետք, դէմ-յանդիման գտնուեցաւ 1948-ի պաղեստինան պատերազմին եւ Իսրայէլի պետութեան ստեղծումին:

Բոլոր արաբական երկիրներուն նման, Սուրիան ալ դէմ եղաւ հրէական պետութեան, որ աշխարհի աչքին առջեւ Պաղեստինի գրաւեալ հողերուն վրայ բազմեցաւ եւ իր կնքահօրՙ Բրիտանիոյ եւ պաշտպանՙ ԱՄՆ-ի օժանդակութեամբ այնքան զօրացաւ, որ պատուհաս դարձաւ ընդհանրապէս արաբական երկիրներու եւ մասնաւորապէս իրեն սահմանակից երկիրներու գլխուն:

1967-ի արաբ-իսրայէլեան (Արեւմուտքի կողմէ ծրագրուած) պատերազմը աւելի վատթարացուց կացութիւնը, երբ Իսրայէլ յաւելեալ արաբական հողեր կցեց իրեն, որոնցմէ ամենակարեւորըՙ սուրիական Կոլանի բարձունքները:

Ի հեճուկս արաբական կարգ մը երկիրներու Իսրայէլի հետ յարաբերութիւն մշակելուն, Սուրիան մնաց ջահակիրը Պաղեստինի ազատագրութեան պահանջքին, ինչ որ աւելի սրեց Իսրայէլի թշնամանքը Սուրիոյ դէմ:

Այս իրավիճակին մէջ, ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել, որ Սուրիան հարաւէն խոցուած, նոր թշնամանքի առիթ մը տար հիւսիսի իր հարեւան Թուրքիոյ, որուն հետ արդէն բռնագրաւեալ Ալեքսանդրէթի մարզի հարցը ունի:

Հարաւէն եւ հիւսիսէն սեղմուած, աքցանի մէջ գտնուող Սուրիան, որ կողքի արաբական պետութիւննհերունՙ Իրաքի եւ Յորդանանի հետ ալ յարաբեերութիւններ մեղր ու կարագ չէին, ինչպէ՞ս վարուէր, որ իր երկրին խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում բերէր: Պատմական քայլով մը ձեռք երկարեց Թուրքիոյ, որուն անմիջապէս դրականօրէն պատասխանեց հիւսիսի հարեւանը, այնքան դրական, որ զարմացուց աշխարհը: Անմիջապէս երկկողմ ծրագիրներ մշակուեցան, շինարարութիւններ, գործարաններ, տնտեսական-արդիւնաբերական հաստատութիւններ, նոյնիսկ երկկողմ վիզաները ջնջուեցան ու... յանկարծ «Արաբական գարունը» եկաւ: Թուրքիան, որ բարեկամ ու թշնամի շահելու եւ դաւելու մէջ պատմական փորձ ունի, անմիջապէս անցաւ Արեւմուտքի եւ Ծոցի արաբական երկիրներուն կողմը, որոնք ահաբեկչական խմբաւորումներու միջոցաւ եւ Թուրքիոյ գործակատարութեամբ մեծ պատերազմ սանձազերծեցին Սուրիոյ դէմ:

Ահաւասիկ իննը տարիներէ ի վեր Սուրիան կը պայքարի աշխարհի դէմ ու վերջերս ալՙ իր տարածքները ներխուժած ու զանոնք իւրացնելու հեռանկարովՙ Թուրքիոյ դէմ: ՄԱԿ, Արաբական Լիկա եւ արդարութեան սուտ-մունետիկ մեծ երկիրներ նոյնիսկ եթէ մեղսակից չեն, ապա դիտորդ են ու կը սպասեն որ Սուրիան վերջապէս տապալի...

Սուրիական բանակը իրար ետեւէ սկսաւ ազատագրել բռնագրաւեալ ընդարձակ տարածքներ: Թուրքիան կատղեցաւ, սպառնաց հարուածել Սուրիոյ իշխանութիւնը ու կերաւ ապտակը: Իր սպառնալիքին դէմ սուրիական բանակը լրիւ ազատագրեց Դամասկոս-Հալէպ մայրուղին, մաքրագործեց Հալէպն ու շրջակայքը ահաբեկիչներէ ու ասոնց վրադիրՙ պաշտօնապէս ճանչցաւ ու դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Ինչո՞ւ այսքան ուշ... հիմա հասկցա՞ք: Հոգ չէ, ուշ լինի, անուշ լինի:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #7, 21-02-2020

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ