RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#019, 2020-06-26 > #020, 2020-07-03 > #021, 2020-07-10 > #022, 2020-07-17 > #023, 2020-07-24

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #21, 10-07-2020



Տեղադրվել է` 2020-07-23 15:50:22 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 633, Տպվել է` 7, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԱՆՈՒՇ ԼԵԶՈՒՆ...

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Մեր մանկութեան օրերուն մեր ծնողները մեզ կը վախցնէին ըսելովՙ որ «սուտ չխօսիս, Աստուած վերէն գլխուդ քար կը նետէ», կամ վախնալու նման այլ բաներ: Ուրկէ՞ այս ցնդաբանութիւնը: Պարզ է, եկեղեցիէն, ուր որոշ քարոզիչներ ժողովուրդին մէջ Քրիստոնեական հաւատքը ամրացնելու համար խստութեան կը դիմէին, աւելինՙ անոնք հաւատացեալները կը վախցնէին երկնային պատիժով, դժոխքի կրակով, կարծելով որ ատիկա ամենաազդու ձեւն է մարդիկ առաքինի կեանքի մղելու, զանոնք կրօնքին ու եկեղեցիին աւելի կապելու: Այս ձեւը շատ տարածուած էր որոշ տգէտ շրջանակներու մէջ, մինչեւ որ եկան խելացի ու հասկցող քարոզիչներ, որոնք խօսեցան Աստուածային սիրոյ, բարութեան ու ներողամտութեան մասին:

Կրթական ասպարէզին մէջ ալ կան «տիպար» ուսուցիչներ, որոնք աշակերտին սարսափը դարձած են իրենց խստութեամբ, բարկութեամբ, սպառնալիքներով ու պատիժներով, բաներՙ որոնց հետեւանքը այնքան ալ օգտակար ու բարերար չէ եղած: Մինչ իսկական ուսուցիչը բնաւ սպառնալիքով չէ մօտեցած աշակետներուն, չէ նուաստացուցած զանոնք, գնահատած է անոնց ամենաչնչին յաջողութիւնն իսկ, փոխանակ անոնց սխալին, կամ «ծուլութեան» համար խայտառակելու դասարանին առջեւ, կամ պատժելու, եւ այդ ձեւով աշակերտին մէջ անհատականութիւնը խորտակելու:

Այս նախաբանը ըրի, ըսելու համար, թէ մեր այս համավարակին առթիւ պատասխանատու մարդոց հնչեցուցած սպառնալիքները չկրցան յաջողապէս ազդել ժողովուրդին վրայ: Հեռատեսիլէն եղած յայտարարութիւններն ու «դաստիարակիչ» ելոյթները, ոստիկանական մեքենաներէն բարձրախօսով շուրջօրեայ ազդարարութիւնները, փողոցը առանց դնչակալի մարդիկը տուգանելը եւ այլն, իրենց բարերար ազդեցութիւնը չունեցան: Հեռատեսիլէն հիւանդանոցներն ու տիեզերագնացներու նման զգեստաւորուած բժիշկները, բուժքոյրերն ու վարակուածներուն սարսափազդու տեսարանները ցոյց տալու փոխարէն, այնպէս մը ընելու են, որ մարդիկ չսարսափին հիւանդանոցներէն ու քարանթինային մեկուսացումներէն: Հաւատացէ՛ք, ամէն անգամ որ շտապօգնութեան մեքենաները ահազանգելով կը սուրան փողոցներէն, մարդիկ ահաւոր կը ցնցուին. տեղի-անտեղի այդ ականջ ծակող սուլոց-ճչակները հոգի կը մաշեցնեն, տրամադրութիւն կը քանդեն:

«Անուշ լեզուն օձը ծակէն կը հանէ...» ժողովրդային այս իմաստութիւնը հարկ է կիրառել: Իսկապէս համոզիչ լեզուն հրաշքներ կրնայ գործել: Ի՞նչ փակեր էք խեղճ մարդոց, որոնք արդէն կը տառապին անգործութենէ ու անազատ, անգոյն այս վիճակէն, ու աւելի կը սեղմէք օղակը անոնց վիզին:

Անցեալները, ամիսներ բացակայելէ ետք, ճաշարան մը մտայ, այնտեղ ուր սեղանները յաճախ գրաւուած կ՛ըլլային. գրեթէ դատարկ էր: Դռնէն ոտքս հազիւ ներս դրածՙ մատուցող աղջիկը վազեց ու ջերմաչափը ճակտիս մօտեցուց, ապա անունս հարցուց, պահանջեց որ այցելուներու ցանկին վրայ աւելցնեմ անունս եւ ստորագրեմ: Ախորժակս փախաււ, բաներ մը կերայ ու... այդ եղաւ, մէյ մըն ալ չմտայ այդ ճաշարանը: Ոստիկանատո՞ւն է, ի՜նչ է: Նոյն օրը երկու, երեք ուրիշ վայրեր ալ այցելեցի, ամէն մուտքին ջերմաչափ, կարգ մը վայրերՙ ախտահանիչ հեղուկ եւ ձեռնոցներ...

Հեռատեսիլէն գծանկարներով ցոյց կու տան, թէ հանրակառքերուն մէջ ինչպէս նստելու է, ամէն մէկ նստարանի վրայ մէկ անձ, ոտքի կենալ արգիլուած է: Շատ բարի, հրահանգը կը կիրառուի՞, հետապնդող կա՞յ: Մէկ անգամ փորձուեցայ թրոլեպուսով Կոմիտաս փողոց երթալ ու աւտոպուսով վերադառնալ: Տեսնելու էր խճողումը, ի՜նչ օրէնք, ի՜նչ բան. մարդիկը քիթ-քիթի կը շտապեն, գործի կամ տուն պիտի երթան, ինչո՞վ երթան, քալելո՞վ, թէ՞ թաքսիով: Այսպիսի օրէնք հրապարակողը կրկնապատկել կու տայ փոխադրակառքերը եւ հսկող ոստիկաններուն կը յանձնէ կարգապահութիւնը: Ամբողջ ժողովուրդը անգիտակից չէ, ժողովուրդը չ՛ենթարկուիր, որովհետեւ չի հաւատար, բռնութիւն չի սիրեր, ժողովուրդին անուշ լեզուով դիմելու է:

Ես կը հաւատամ, որ յուսադիչ խօսքերը աւելի գործ կը տեսնեն, քան սպառնալիքները: ՉԷ՞ որ անուշ խօսքը օձը ծակէն կը հանէ:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #21, 10-07-2020

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ