ԱՐԱԲԱԿԱՆ «ԶԷՆՔԸ» ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Այն օրէն, որ Լիպիոյ թրքական ներթափանցումը ծայր առաւ ու բազմահազար վարձկան զինուորներ ոտք դրին Լիպիոյ հողին վրայ, արաբական լրատուամիջոցները (բացի Քաթարէն) անընդհատ կը քննադատեն եւ մի՛այն կը քննատդատեն, առանց գործնական քայլ մը առնելու: Անշուշտ օտար լրատուամիջոցներ ալ կը քննադատեն, սակայն խնդրոյ առարկան արաբական երկիր ըլլալունՙ իմ ուշադրութիւնս անոր վրայ կեդրոնացաւ: Արաբները յայտնի են իրենց խօսքի սիրահարուածութեամբ, կրնան ժամերով խօսիլ, առանց ձանձրանալու: Արաբական թատրոնն ալ այսպիսին է, ուր շարժումէն աւելի խօսք կայ: Հետաքրքրական երեւոյթ է եւ յստակ կերպով կը բնորոշէ անոնց նկարագիրըՙ շա՛տ խօսք, իմաստո՛ւն, պատկերաւոր, ազդո՛ւ, բայցՙ խօսք: Անցեալինՙ բանաստեղծութիւն, փիլիսոփայութիւն, որքան ուզես, իսկ ներկայիս ալ քաղաքական մեկնաբանութիւններ, որքան ուզես: Բացէք հեռատեսիլի արաբական կայանները ու պիտի տեսնէք, որ ծրագրերուն մէջ ահագին տեղ տրուած է հարցազրոյցներու, գլխաւորաբար քաղաքական մեկնաբանութեանց շուրջ, ուր հարցազրոյց վարողը տասնեակ անգամներ կը միջամտէ, որ հարցադրուողը կարճ կապէ, ամփոփէ ըսելիքը: Խօսքով ազատագրեցին Պաղեստինը, խօսքով դէմ կեցան Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք հռչակելուն: խօսքով ազատագրեցին Իրաքը Ամերիկեան ներխուժումէն: Դարձեալ խօսքով դատապարտեցին օտար ուժերու միջամտութիւնը Սուրիոյ պատերազմին: Նոյնը ըրին հիւսիսային Սուրիոյՙ թրքական ներթափանձումին ու գրաւեալ վայրերուն մէջ թրքացումի ծրագրի պարագային. Իսկ այս օրերուն ալ պիտի լուծեն Լիբանանի թնճուկը: «Խստիւ կը դատապարտենք... Կը պահանջենք անմիջապէս վերջ տալ... Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք...»: Մենք, մենք, խօսք, խօսք... Ու արդիւնքըՙ փուչի՛կ: Այս մասին մտածած ատեն միտքս եկաւ յետ 67-ի պատերազմին Դամասկոսի մէջ բեմադրուած մեծ կատակերգու Տուրէտ Լահհամի թատերական ներկայացումներէն մէկը, ուր ցոյց կը տրուէր արաբական ռատիօկայաններու «պայքարը» Իսրայէլի յարձակողական քաղաքականութեան դէմ, մինչ տասնեակ մը արաբներ, արաբական տարբեր երկիրներու տարազներով մէկական ռատիօ իրենց ձեռքերուն, անոնց անթէնները պարզած, թեւատակ, զէնքի պէս բռնած իրարու դէմ կը պայքարէին... եթերով... Արաբական ծանօթ ասացուածքներ են օրինակՙ «Խօսքին լաւագոյնըՙ երբ կարճ կ՛ըլլայ եւ դիպուկ», կամՙ «Մաքուր երկու բառ աւելի լաւ է, քան կեղտոտ լրագիր մը»: Լաւ խօսքեր են, սակայն ոչ կիրառւող: Բացարցակապէս նպատակ չունիմ դոյզն վիրաւորանք հասցնելու արաբներուն, քանի ես ալ արաբական երկրի ծնունդ եմ ու սուրիացի արաբներու մէջ ապրելով տեսած ու վայելած եմ անոնց ազնիւ վերաբերմունքը հայերուս հանդէպ, անոնց բարութիւնն ու հիւրընկալութիւնը, անոնց ծով գրականութեան ու լեզուին հարստութիւնը: Սակայն իսկական ապրուած աշխարհը լրիւ տարբեր է քաղաքական աշխարհէն, ուր տարբեր հաշիւներ կան, տարբեր շահեր, ուր արդարութիւնը անիմաստ դիմակ է, իսկ անոր տակ թաքնուածըՙ իսկական ուժը: Իսկ ուժը զինամթերքն է, տնտեսութիւնը եւ քաղաքական խաղերը, որոնք չեն իւրացուած 423 միլիոնանոց արաբական աշխարհի 22 երկիրներուն կողմէ, որոնք եթէ միասնական ուժ մը կազմէին, կրնային աշխարհի երկու բեւեռներուն մրցակիցՙ երրորդ բեւեռ մը ստեղծել: Սակայն, ԱԹՈՌԸ... այդ հզոր չորքոտանին, որուն վրայ պէտք է նստին մարդիկ, ի՛նքՙ այսինքն աթոռը նստած է մարդոց վրայ... (Սկիզբն էր Բանն...), ճիշդ է, սակայն «բանը», այսինքնՙ խօսքը, առանձինն ոչինչ է, եթէ անոր չընկերակցի գործը: Ամէն բանի սկիզբը խօսքն էՙ մտածումը, յղացումը, ծրագրաւորումը. Բայց եթէ այսքանով բաւարարուին, ապա «Ձայն բարբառոյ յանապատի» կ՛ըլլայ: Բան մը կը փոխուի՞, կասկածելի է, եթէ նոյնիսկ համարձակ, ըմբոստ հերոսներ ոտքի ելլեն, որովհետեւ անոնց պիտի հետեւին լորձնաշուրթն լոզունգներով պաստառներ... Ու պիտի յիշենք անպայման մեր դիպուկ առածըՙ (Խօսքով փիլաւ չ՛եփիր): |