RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#037, 2015-10-09 > #038, 2015-10-16 > #039, 2015-10-23 > #040, 2015-10-30 > #041, 2015-11-06

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #39, 23-10-2015



Տեղադրվել է` 2015-10-22 22:24:35 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 926, Տպվել է` 7, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 6

«ՀՈԳԻՍ ՁԵԶՄՈՎ ԿԸ ԽԱՅՏԱՅ»-Ն ԲԵՄԻ ՎՐԱՅ

Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Թուրք գրող Քեմալ Եալչընի «Հոգիս ձեզմով կը խայտայ» գիրքը իր ատենին բաւական մէծ աղմուկ բարձրացուցած է Թուրքիոյ մէջ եւ անոր առաջին տպագրութեան 3000 օրինակները շուկայ չիջածՙ ամբողջութեամբ փճացուած են տպարանին մէջ թուղթ մանրելիք գործիքով, թրքական կառավարութեան կողմէ: Ուրեմն հասկնալի է, որ ինչ տեսակ գիրք է եւ ինչ վտանգ սպառնացած է Թուրքիոյ ապահովութեան:

Գիրքը փաստավաւերագրական բնոյթ ունի եւ հերոսը նոյնինքն հեղինակն է, որ Գերմանիոյ մէջ թրքերէն կը դասաւանդէ եւ իր հայ պաշտօնակցուհիին խնդրանքով, երբ Թուրքիա կ՛երթայ, Անատոլիայի գիւղերը պտտելով, գաղտնի ապրող եւ ակամայ կրօնափոխ եղած հայեր գտնելով, խօսիլ կու տայ անոնց եւ կ՛արձանագրէ անոնց եւ անոնց ծնողներուն տեսածն ու պատահած դէպքերը Մեծ եղեռնի ընթացքին: Եալչըն, սարսափազդու այս վաւերագրական պատմութիւնները կը յանձնէ թուղթին, որ որպէս գիրք կը տպուի, սակայն առաջին տպագրութեան գլխուն եկած փորձանքէն ետք, 2001-ին իր յատուկ ջանքերուն շնորհիւ կրկին կը տպուի ու կը թարգմանուի կարգ մը լեզուներու:

Ժամանակին կարդալու առիթ ունեցած եմ այս գիրքը եւ տպաւորուած եմ գրողին այս սխրագործութեամբՙ հակառակ իր ծնողքին եւ բարեկամներու զգուշացումին, հակառակ թրքական ոստիկանութեան սպառնալիքներուն եւ հետապնդումներուն, սակայն անակնկալի եկայ, երբ լսեցի, որ բեմականացուած է եւ Երեւանի մէջ ալ պիտի ներկայացուի:

Յայտագրի գրքոյկէն առնուած տեղեկութիւններով իրազեկ դարձանք, որ ներկայացնող թատերախումբը կը կոչուի «Վլադիմիր Քոչարեան», Նիւ Եորքէն: Բեմականացնողն ու բեմադրողը Կարինէ Քոչարեանն է:

Անհամբերութեամբ ուզեցի դիտել գործը, տեսնելու համար, թէ ինչպէս բեմադրիչը կարողացած է գիրքին գլխաւոր պատգամը փոխանցել, ժամանակի եւ աշխարհագրական ընդարձակ տարածքի (Գերմանիայէն Թուրքիա եւ զանազան վայրեր, մինչեւ Անի) հարցը լուծելով բեմին վրայ, քանի հեղինակին ճամբորդութեան ոդիսականը նոյնքան կարեւոր է, որքան մէջի պատումները:

Ներկայացումը թատերական բեմադրութիւն ըլլալէ աւելի ասմունքային, պատմողական բեմականացում մըն էր, ուր բեմադրական նկատելի գրեթէ բան չկար, քանի որ չափազանց կայուն էր, շարժումներն ու անցումները շատ սահմանափակ, որուն հետեւանքով ալ քիչ մը տաղտկալի: Խօսք, խօսք, խօսք, ու շարժում չկայ. ամբողջ գործողութիւնը սեղանի մը եւ քանի մը աթոռներու շուրջ կը դառնար: Մարդը հազարաւոր քիլոմեթր կտրած է, Գերմանիայէն եկած է Թուրքիա, ապա շրջած է ամբողջ Անատոլիան, ու այս բոլոր ճամբորդութիւնները չորս-հինգ քայլով կը պատկերուին, երբ բեմական շատ մը հնարաւորութիւններով կարելի էր ճամբորդութեան պատրանքը տալ, ճամբորդութիւն ոչ միայն աշխարհագրական, այլեւ ճամբորդութիւն հանդիպած մարդոց հոգիներուն մէջ, նաեւ ինք իր մէջ, երբ անասելի պատմութիւններ լսելովՙ հեղինակը ինչ ահաւոր հոգեկան ապրումներ կ՛ունենայ ու հոգեփոխութիւն... Այս բոլորին փոխարէն տեսանք ուսուցիչ մը, որ ամենայն հանգստութեամբ մտիկ կ՛ընէ դասը լաւ սորված աշակերտներու պատմածներուն: Սահիկներու օգտագործումը չկրցաւ փրկել կացութիւնը, թէեւ դերակատարներուն խաղարկութիւնը, աւելի ճիշդՙ բեմական խօսքը, բաւական տպաւորիչ էր:

Հեղինակը, Քեմալ Եալչըն, որ ներկայ էր սրահին մէջ, չեմ գիտեր իսկապէս ինչ տպաւորութիւն ունեցաւ, առ ի քաղաքավարութիւն իր գնահատանքը յայտնելէ անդին:

Այսօրինակ գործեր, որոնք մեծ յաջողութեամբ կրնան ֆիլմի վերածուիլ, սխալ է բեմ բարձրացնելու արկածախնդրութեան դիմել: Հսկայ Ճորճ Պեռնար Շոն, հոյակապ թատրերգութիւններ ունի, որոնք որպէս բեմական գործ ձախողած են մեծաւ մասամբ: Բեմը իր պայմանները ունի եւ այդ սահմանափակ հնարաւորութիւններով: Անսահմանափակ ժամանակ ու տարածք ստեղծելը տաղանդի շնորհիւ կ՛ըլլայ միայն:

Դժբախտաբար շատ չխայտաց մեր հոգին այս ներկայացումը դիտելով:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #39, 23-10-2015

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ