ՄԵԿՆԱՐԿԵՑ «ՓԹԻԹ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԿԱՅՔԸ ՓԹԻԹ-ի խմբագրութիւն, Պէյրութ, 9 Նոյեմբեր 2015 ՓԹԻԹ մանկապատանեկան պարբերաթերթը կը հրատարակուի Պէյրութի մէջ, 2010 թուականէն ի վեր, նպատակ ունենալով հայ մանուկներուն ու պատանիներուն ընթերցասիրութիւնը քաջալերել, բառամթերքը զարգացնել, տրամաբանութիւնը մշակել եւ բարոյական պատգամներ փոխանցել: ՓԹԻԹ, առաջին համարէն իսկ, արժանացաւ սփիւռքահայ եւ հայրենի մամուլի ու մտաւորականներու եւ բազմաթիւ մանկավարժներու գնահատանքին ու քաջալերանքին, ինչպէս նաեւՙ վեց տասնեակէ աւելի դրուատալից գրախօսականներու: Գալուստ Կիւլպենկեան Հիմնարկութեան Հայկական բաժինի պատասխանատուներըՙ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան իրենց ծրագիրներու ծիրէն ներս, ֆինանսաւորեցին ՓԹԻԹ-ի ելեկտրոնային տարբերակի պատրաստութիւնը, նպատակ ունենալով ՓԹԻԹ-ի բազմաբնոյթ բովանդակութիւնը անվճար կերպով հասանելի դարձնել աշխարհասփիւռ հայ մանուկներուն ու պատանիներուն: ՓԹԻԹ-ի կայքըՙ www.e-ptit.com արդէն իսկ պատրաստ է: Այնտեղ, ամսական հերթականութեամբ, պիտի տեղադրուին նոր նիւթերՙ խաղեր, պատմուածքներ եւն.: ՓԹԻԹ-ի կայքի մեկնարկէն մի քանի ամիս ետք պիտի կատարուի նաեւ մեկնարկը ՓԹԻԹ-ի Application-ին, բջիջային հեռաձայններու վրայ, Android եւ IOS ծրագիրներով: |