ԱՅԼ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ Մարուշ ԵՐԱՄԵԱՆ «Միշտ ալ զգացած եմ որ իսլամութիւնը, որպէս կրօն, հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատու ըլլալուն ամբաստանութեան տակ է»: Վստահ եմ, որ ներկաներէն ոչ մէկը պիտի մոռնայ 7 մայիսի Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի կազմակերպած եռակի շնորհանդէսը, որուն ներկայ էր գաղութի ընտրանին, եգիպտահայոց երկու հոգեոր առաջնորդներՙ Աշոտ եպսկ. Մնացականեան (առաքելական) եւ Գրիգոր Օգոստինոս եպսկ. Գուսան (հայ կաթողիկէ), Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արմէն Մելքոնեան, միութիւններու ատենապետներն ու պատասխանատուները, եւ անշուշտ կոկիկ հասարակութիւն մը: Անսովոր էր ներկայութիւնը արաբ մտաւորական ընտրանիին, որ ձեւով մը գլխաւոր դերակատարն էր այդ օրուան: Ներկայ էին նաեւ մամլոյ թղթակիցներ եւ հեռատեսիլի կայաններու ներկայացուցիչներ: Վստահ չեմ սակայն, որ բոլոր ներկաները պիտի անդրադառնան, թէ ի՜նչ տարողութիւն ունէր այս ձեռնարկը, որուն աշխատանքները շատ վաղուցՙ 2001 թուականէն սկսած են, ինչ որ ծրագրում կ՛ենթադրէ եւ որուն յաջողութեան բազմաթիւ անձեր լծուած ենՙ ծրագրողներէն մինչեւ կատարողները: Երկու գիրքերու եւ կայքէջի մը շնորհանդէսն էր որ տեղի կ՛ունենար Հելիոպոլսոյ Պըլըքտանեան սրահէն ներս: Արաբերէն գրուած երկու գիրքեր, որոնք կարեւոր տեղ պիտի գրաւեն Ցեղասպանութեան նուիրուած հատորներու ցանկին մէջ: Կոթողական ծաւալով, կոթողական բովանդակութեամբ եւ կոթողական աշխատանք պահանջող հատորներ, որոնց կ՛արժէ անշուշտ առանձինն անդրադառնալ: Առաջինը արաբերէն թարգմանութիւնն է դոկտ. Ռէյմոն Գէորգեանի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» աշխատութեան: Գիրքը լոյս տեսած է ֆրանսերէն լեզուով, 2006 թուականին: Անգլերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է 2011ին, ռուսերէն եւ թրքերէն թարգմանութիւններըՙ 2015ին, որոնց յաջորդած է արաբերէնը: Գիրքին գերմաներէն հրատարակութիւնը ընթացքի մէջ է եւ շուտով լոյս կը տեսնէ: Այս վերջին, արաբերէն թարգմանութիւնը, ինչպէս դոկտ. Գէորգեան, որ այս շնորհանդէսին համար յատկապէս հրաւիրուած էր Փարիզէն, ըսաւՙ «լաւագոյնն է, որովհետեւ նուազ սխալներ ունի»: Հատորը թարգմանած է տիկ. Սահար Թաուֆիք , իսկ խմբագրական վերանայումը կատարած է Գէորգ Եազըճեան (Երեւան), որ պատրաստած է նաեւ գիրքին անուանացանկը: Ան թէեւ հրաւիրուած էր, բայց կամքէ անկախ պատճառներով կը բացակայէր: Գէորգ Եազըճեան Երեւանէն վկայուած լիբանանահայ մտաւորական մըն է, որ 2001 թուականին տիրացած է թեկնածուական աստիճանի, ութ գիրքերու եւ աւելի քան հազար յօդուածներու հեղինակ է: Ծանօթ է իր թարգմանական եւ խմբագրական աշխատանքներով: Կ՛ապրի Երեւան: Դոկտ. Ռ. Գէորգեանի այս աշխատութիւնը կը բաղկանայ մեծադիր 1328 էջերէ, բաժնուած է վեց գլուխներու, ըստ ժամանակաշրջաններու, եւ կը սկսի 1908ին, վերջանալու համար Թուրքիոյ մէջ կատարուած ջարդի պատասխանատուներուն դատավարութեամբ: Կը պարունակէ նաեւ անուանացանկ մը երեք լեզուներովՙ մեծ մասը արաբերէն, աւելի փոքր մաս մը անգլերէն, իսկ երկու սիւնակ ալ հայերէն անուններու (անձնանուն, տեղանուն եւ այլն): Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի ատենապետ տոքթ. Վիգէն Ճիզմեճեանի բացման եւ բարեգալուստի խօսքերէն ետք խօսք առաւ ՀԲԸՄիութեան Եգիպտոսի Շրջանակային յանձնաժողովի պատուոյ ատենապետ պր. Պերճ Թերզեան, ներկայացնելու համար Ռ. Գէորգեանի գիրքը, սեղմ եւ հակիրճ խօսքերով, որմէ ետք խօսք առաւ յարգելի հիւրը ինք. (դոկտ. Գէորգեանին խօսքն էր միայն, որ հայերէնով էր, բայց արաբերէն թարգմանութիւնը որպէս գրութիւն կ՛երեւէր պաստառին վրայ): Դոկտ. Ռ. Գէորգեան եղած է Փարիզի Նուպարեան մատենադարանի տնօրէն: Խմբագիրն է «Ժամանակակից պատմութիւն հայոց» հանդէսին: Վկայուած է Institut Francais de Ge'opolitique-էն եւ այնտեղ կը դասախօսէ: 2010 թուականին, հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մէջ ունեցած աւանդին համար, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը զինք պարգեւատրած է յատուկ շքանշանով: Իսկ 2015 թուականին արժանացած է Ֆրանսական «Պատուոյ լեգէոն»ի շքանշանին: «Կ՛ուզեմ ձեզի խօսիլ այսօր առանց գիտական բնոյթ տալու խօսքիս,- յարգելի հիւրը այսպէս սկսաւ իր խօսքը,- պարզապէս կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել, Գահիրէի ՀԲԸՄիութեան եւ մասնաւորաբար պր. Պերճ Թերզեանին, որոնք կրեցին ծաւալով թէ պարունակութեամբ այս հսկայ աշխատանքը, թարգմանչուհիին, որ թարգմանութեան ընթացքին հոգեկան ծանր պահեր ապրեցաւ, եւ խմբագրին, որ երկու տարիէն աւելի ճգնեցաւ այս գործին վրայ»: Ապա խօսելով գիրքին փիլիսոփայութեան մասին ըսաւ, թէ ինք սկսած է micro պատմութենէն, իջած է մինչեւ իւրաքանչիւր գիւղի եւ անհատի պատմութեան, կերտելու համար macro պատմութիւնը ցեղասպանութեան: Նշեց նաեւ, որ այս հատորը կազմելը անկարելի պիտի ըլլար քսան տարի առաջ, երբ ո՛չ այսքան մեծ թիւով հատորներ լոյս տեսած էին, ոչ կարգ մը կարեւոր արխիւներ հանրութեան առջեւ բաց էին, ոչ ալ համացանցային այսքան դիւրութիւններ կային: «Փորձեցի ամբողջական պատմութիւնը ընել, ո՛չ միայն ոճրագործինը, ինչպէս Թանէր Աքչամ կ՛ընէ, այլ գրել զոհերուն պատմութիւնը, որովհետեւ նպատակս էր զոհերու ժառանգներուն բան մը փոխանցել»: Հետաքրքրական նշում մը ըրաւ հեղինակը այս առնչութեամբ. «Եթէ ուշադրութեամբ կարդաք այս գիրքը, եւ եթէ որոշ տեղեկութիւններ ունիք ձեր ընտանիքներուն մասին, կրնաք անոնց պատմութիւնը վերականգնել»: Գիրքին 40 տոկոսը micro բաժինն է, մնացեալըՙդասական ձեւով ամբողջացուած է: Հատորին կարեւոր բաժիններէն մէկն ալ «հասկնալն է, թէ թուրքերը ի՛նչ յարաբերութիւն կը մշակէին հայերուն հետ, որովհետեւ մշակութային տեսակէտով անոնց նմանութիւնները տպաւորիչ են»: «Երբ երկիրը սուլթանական կարգավիճակէն պիտի ելլէր եւ կազմէր ազգ-պետութիւն (nation state), բոլոր փոքրամասնութիւնները պէտք է դուրս ելլէին. նպատակը Փոքր Ասիան մաքրելն էր փոքրամասնութիւններէն: Ինչպէ՞ս: Սկիզբը ցեղասպանութիւնը պայման չէր»: «Սակայն 1920 թուականին Փոքր Ասիոյ հինգ միլիոն կազմող փոքրամասնութիւններըՙ հայեր, ասորիներ եւ յոյներ, արդէն չկային»: Խօսքը վերջացնելէ առաջ դոկտ. Գէորգեան հարցուց. «Պատմութիւն մը ինչքանո՞վ օգտակար է ապագան ըմբռնելու», եւ շարունակեց նշելով այսօրուան Թուրքիոյ դիմագրաւած բարդ հարցերը: Հեղինակին յաջորդեց թարգմանչուհին: Սահար Թաուֆիքի թարգմանական առաջին աշխատանքը չէ ասիկա. նախապէս ալ թարգմանաբար հրատարակած է 25 հատոր, որոնցմէ երկուքըՙ Գահիրէի ՀԲԸՄի պատուէրով: Ունի ստեղծագործական երկերՙ պատմուածքներու երեք հատորներ, երկու վէպ եւ մանկական երկու գիրք: Սահար Թաուֆիքի խօսքը կ՛արտայայտէր իր յուզումը, թարգմանութեան երկու տարիներուն ապրած անդոհանքը եւ վախերը. «Սկիզբը մերժեցի, հատորին սարսափած: Դժուարութիւնը ծաւալը չէր սակայն, այլ բովանդակութիւնը: Արդէն երկու գիրքեր թարգմաներ էի: Սակայն ի վերջոյ յանձն առի այս գործը, Պր. Թէրզեանին զիս համոզելու յարատեւ ճիգերուն շնորհիւ:Բայց ասիկա գիրք չէ, այլՙ համայնագիտարան: Վրաս խորունկ, անջնջելի տպաւորութիւն ձգեցին զոհերուն ոչ միայն թիւը, այլեւ մանաւանդ անոնց սպանութեան կերպերը, օսմանեան ու եւրոպական մամուլին կեղծիքն ու եղծումները ... Կարդացէ՛ք այս գիրքը եւ մի՛ մոռնաք ...»: Գահիրէ Շարունակությունը` հաջորդիվ |