RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#019, 2016-05-20 > #020, 2016-05-27 > #021, 2016-06-03 > #022, 2016-06-10 > #023, 2016-06-17

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #21, 03-06-2016



ԱՅԼ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ

Տեղադրվել է` 2016-06-03 23:26:52 (GMT +04:00)

ԱՅԼ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ

9 Մայիս, 2016 Գահիրէ

Սկիզբը` նախորդ համարում

***

Ներկայացուած երկրորդ գիրքը, թէեւ ծաւալով նուազ, սակայն նոյնքան մեծ կարեւորութիւն ունեցող հատոր մըն է, առաջինը հսկայ ծրագրի մը, որ սկսած է 2001 թուականին, ընդհանուր խորագիր ունենալով «Հայկական դատը արաբական մամուլին մէջ» , եօթը հանգրուաններէ կազմուած եւ որոնց խորագիրները նշուած էին յայտագրի կռնակին, այսպէս.

1876-1893 Միջազգայնացում եւ բարենորոգումներ

1894-1896 Համիտեան ջարդեր

1897-1908 Հայերն ու Երիտասարդ Թուրքիան

1909 Ատանայի ջարդերը

1910-1914 Բարենորոգումներու ծրագիր

1915-1918 Մեծ բնաջնջումը

1919-1923 Դաշնագրեր եւ համաձայնագրեր

Այս գիրքը կը բաղկանայ 550 մեծադիր էջերէ, ուր հաւաքուած են եգիպտական եւ արաբական մամուլի 253 օրկաններէ առնուած յօդուածներ: «Այս հատորները կը պարփակեն նաեւ հայերու համար աննպաստ յօդուածներ, որոնք սակայն զանց առնուած չեն: Կը հրատարակենք զանոնք որպէս օրինակ, թէ պատմական իրողութիւններ ինչպէ՛ս կը ձեւափոխուին, եթէ ատելութեամբ եւ ցեղամոլութեամբ դիտուին», կ՛ըսէ Պերճ Թէրզեան իր նախաբանին մէջ:

Գիրքը ներկայացնող Պր. Թէրզեանի խօսքէն ետք հրաւիրուեցաւ կազմող-խմբագիրըՙ Մոհամէտ Ռիֆ՛աթ էլ Իմամ .

«Միշտ ալ զգացած եմ, որ իսլամութիւնը, որպէս կրօն, Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատու ըլլալուն ամբաստանութեան տակ է»:

Այս խօսքը, յստակօրէն եւ քաջաբար ըսուած, լռութիւն յառաջացուց սրահէն ներս: Խօսք մըն էր, որ դատական ծանրութիւն ունէր կարծես:

«Բայց որքան որ թուրքերը հայեր սպաննած են, նոյնքան եւ աւելի իսլամ-արաբներ սպաննած են»:

Հաստատում, խոստովանութիւն: Կարծես մենք, որ կ՛ապրէինք ոչ միայն անդոհանքը ցեղասպանութեան, այլեւ մղձաւանջը հերքումին - կարծես ազգովին ցեղասպանութիւն երեւակայող խելագարներ ըլլայինք - ունեցանք անհրաժեշտ հաստատում մը մէկու մը կողմէ, որուն պատկանած կրօնքը յաճախ ներկայացուած է որպէս գլխաւոր շարժիչը ջարդերուն: Այդ պահուն այնքան կարեւոր չէր, թէ ըսողը ո՛վ էր, կարեւորը ըսուած խօսքն էր:

Այս խօսքէն ետք կազմող-խմբագիրը անցաւ գիրքի սկզբնական աշխատանքներու նկարագրութեան, շնորհակալութիւն յայտնելով Գահիրէի մատենադարանի տնօրէն, մշակոյթի նախկին նախարար դոկտ. Մոհամէտ Սապրի Արապին, որ ներկայ էր հանդիսութեան, գնահատելով մատենադարանին մամուլի հաւաքածոն, որուն 383 անուն օրգաններէն առնուած է պատկառելի թիւ մը յօդուածներուՙ երեսունվեց հազար անուն յօդուած, որոնցմէ մաս մը օգտագործուած է այս հատորին մէջ, մնացեալը պիտի օգտագործուի յաջորդական հատորներուն համար:

Դոկտ. Իմամ յիշեց նաեւ Շէյխ Էլ Ազհարիՙ Սելիմ էլ Պըշրիի ջարդերը դադրեցնելու կոչը (ֆադուա) Իսթանպուլի շէյխին (1909) եւ ըսաւ.

«Հակառակ ջարդերուն տրուած կրօնական երանգին, այս բոլոր յօդուածները յստակօրէն կը հաստատեն, թէ ցեղասպանութեան զսպանակը ազգային էր, ոչ կրօնական», եւ աւելցուց. «Այսօր թրքական միջավայրը, ժողովուրդը ա՛լ պէտք է համոզուի ջարդերուն իրողութեամբ»:

Գահիրէի ՀԲԸՄիութեան տրամադրած նիւթականով եւ Եգիպտոսի Ազգային Մատենադարանին կարելիութիւններով մէջտեղ կու գայ հսկայական աշխատանք մը, զոր Դոկտ. Մոհամէտ Ռիֆ՛աթ ալ Իմամ Magnum Opus -գլուխ գործոց կոչեց. այնպիսի գործ մը, ուր ի յայտ կու գայ Եգիպտոսի փառքը եւ որ կը հաստատէ, թէ եգիպտական մշակոյթը երբեք դէմ չէ եղած հայկական մշակոյթին:

Ձեռնարկին վերջին բաժինը նուիրուած էր նոյն այս ծրագրի կայքէջինՙ www.arminmedia.com, որուն սկիզբը անգլերէնով գրուած հակիրճ տեղեկութիւն մը կայ, բայց կայքէջի գլխաւոր լեզուն արաբերէնն է:

Տոքթ. Վ. Ճիզմեճեան պաստառին վրայ կայքէջէն օրինակներ ցուցադրեց ու բացատրեց, թէ ինչ դիւրութեամբ կարելի է հասնիլ յօդուածներուն եւ տեղեկութիւններուն:

Այս կայքէջը պիտի ունենայ այլ բաժին մը եւս, որ գաղափարն է եգիպտահայ փայլուն երիտասարդ Այգ Զաքարեանինՙ «Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք» խորագրով, ուր հաւաքուած են - եւ պիտի շարունակուին հաւաքուիլ - Ցեղասպանութեան մասին ներկայիս միջազգային մամուլին մէջ լոյս տեսնող յօդուածները:

Յաջորդաբար պիտի ներբեռնուին մնացեալ վեց հանգրուանները պարփակող հատորները եւս, հրատարակութենէն ետք:

***

Օրուան վերջին խօսքը տրուած էր դոկտ. Մուսթաֆա Էլ Ֆէքիի, եգիպտացի քաղաքագէտ մը, որ իր դոկտորական աստիճանը ստացած է Լոնտոնէն, 1977ին, եւ բազմաթիւ բարձր պաշտօններ վարած է եգիպտական կարեւոր կառոյցներէ ներս, ինչպէս օրինակՙ եղած է Եգիպտոսի դեսպան, զանազան համալսարաններու դասախօս եւ այլն: Տիրացած է բազմաթիւ մրցանակներու, որոնցմէ հետաքրքրական կարելի է համարել Հռոմի Պապին շքանշանը: Հեղինակած է հինգ հատորներ, քաղաքական առանցքով ընդհանրապէս: Յօդուածագիր է եգիպտական մամուլին, եւ մնայուն սիւնակ մը ունի «Մասրի ալ-Եոմ» թերթին մէջ:

Դոկտ. Էլ Ֆէքի նշեց, թէ «ցեղասպանութիւնը միջազգային հարց է եւ անոր հանդէպ կեցուածքը անհատական մօտեցում է, որ կը հաստատէ տուեալ անձին կամ երկրին անհատականութիւնը», ջատագովեց հայերու հաւատարմութիւնը իրենց ապրած երկիրներուն, «չենք մոռնար ժամանակակից Եգիպտոսի առաջին վարչապետ Նուպար Փաշայի հայ ըլլալը», եւ մեծապէս գնահատեց հայերուն պահպանուած յիշողութիւնը, որովհետեւ, ըսաւ, «նման ոճիրները չեն մոռցուիր»:

«Այսօր թուրքը նոյնը կը փորձէր ընել Եգիպտոսի մէջ. բոլորիդ ծանօթ են յուլիսի դէպքերը, հակառակ որ բազմիցս յորդորած ենք զիրենք»:

Դոկտ. Ֆէքի իր խօսքը դրուատիքով աւարտեց. «Ուրախ եմ այսօր ձեզի հետ ըլլալուս համար. հայերը յատուկ տեղ ունին Եգիպտոսի արդի պատմութեան մէջ. դուք ոչ միայն Եգիպտոսի, այլեւ բոլոր արաբական երկիրներուն համար նեցուկ էք ձեր գոյութեամբ», եւ գնահատեց հայերուն մշակութասէր եւ արուեստասէր խառնուածքը, ըսելով. «Այսօր, արուեստներու մէջ, հրեաներէն ետք հայերը կարեւոր ներկայութիւն են»:

«Արեան կապ էր մեր ժողովուրդին կապը ձեզի հետ, կը շարունակէ ըլլալ եւ միշտ այդպէս պիտի՛ ըլլայ»:

Այս երկու գիրքերուն եւ կայքէջին ամբողջ ծրագիրը ծնունդն է Գահիրէի ՀԲԸՄիութեան Սաթենիկ Չագըր հիմնադրամի հրատարակչական գործունէութեան, որուն նպատակը վերջին մէկ ու կէս տասնամեակին, ի միջի այլոց, եղած է Եգիպտոսի, արաբական աշխարհի եւ ընդհանրապէս արաբագէտ իսլամական աշխարհի մտաւորականութեան ծանօթացնել Ցեղասպանութիւնը, «հիմնուելով եգիպտացի եւ արաբ թղթակիցներու կողմէ օրը օրին գրի առնուած ականատեսի վկայութիւններու, կամ արաբ եւ իսլամ հեղինակներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններու եւ վկայութիւններու վրայ: Այս հանգամանքը կարեւոր է ջրելու համար թրքական քարոզչական այն յերիւրանքը, թէ արեւմտեան մամուլը, Օսմանեան կայսրութեան թշնամի ճակատին մէջ գտնուելով, իրողութիւնները քարոզչական նպատակներով խեղաթիւրուած ներկայացուած է»:

Ճիշդ է որ նախապէս փորձեր եղած են տարբեր երկիրներու մամուլին մէջ երեւցած յօդուածներ մէկ կողքի տակ խմբելու, սակայն այդ փորձերը բոլորն ալ հիմնուած են մէկ թերթի վրայ: Բացառութիւն կը կազմէ Սուրիոյ մէջ հրատարակուած «Հայկական ցեղասպանութեան արձագանգները սուրիական մամուլին մէջ» հատորը, որ հիմնուած է երեսուներեք սուրիական եւ արաբական թերթերու վրայ:

Գահիրէի ՀԲԸՄի ծրագիրը կը տարբերի անով, որ կ՛ընդգրկէ 45 տարիներու աւելի քան մամուլի 383 օրգաններ, «անկախաբար այն հանգամանքէն, որ Ցեղասպանութեան փաստագրումի կողքին կը կատարուի նաեւ փաստագրումը Հայկական հարցին եւ ընդհանրապէս տուեալ ժամանակաշրջանի ընթացքին Հայաստանի եւ հայերու վերաբերեալ լոյս տեսած բոլոր կարեւոր տեղեկութիւններուն»:

Տեղի ունեցաւ աւանդական գինեձօնը, հայկական խորհրդանիշ պտուղինՙ նուռի հիւթով, հեղինակին, կազմող-խմբագրին, պր. Պերճ Թէրզեանի, դոկտ. Վ. Ճիզմէճեանի եւ պր. Օ. Պըլըքտանեանի մասնակցութեամբ, որմէ յետոյ վերսկսաւ ելոյթներու ընթացքին դադրած ճաշի սպասարկումը:

Ջերմ շնորհակալութիւն շնորհանդէսը կազմակերպողներուն, բայց մանաւանդ այս ծրագրի ետին կեցող բոլոր պատասխանատուներուն եւ իրագործողներուն: Նման աշխատանք, որ նպատակ ունի Ցեղասպանութիւնը իր ճշգրիտ պատկերով ներկայացնել ոչ միայն արեւմտեան աշխարհին, այլեւ զայն իրենց կեանքով իսկ հաստատած - թէեւ այսօր արդէն միայն որպէս յիշողութիւն - արաբ ժողովուրդին, որ կրնայ միայն դրական մեծ արդիւնքներ ունենալ, բազմաթիւ դիտանկիւններ նկատի առնելով:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #21, 03-06-2016

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ