«ԻՄ ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՒԱՏԱՄՔԸ» Աւետիս ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ, Սիտնի, Աւստրալիա Հեղինակՙ ՌՈՄԷՆ ԿՈԶՄՈՅԵԱՆ Որքան հաճելի է վերահանդիպումը վաղեմի բարեկամի մը հետ, այն ալ տարիներու բաժանումէ մը ետք: Ես այդ հաճոյքը վայելեցի, երբ ձեռքս առի Ռոմէն Կոզմոյեանի «Իմ կեանքի հաւատամքը» հատորը, որովհետեւ մեր բարեկամութիւնը զօդուած էր մեր պաշտօններուն միջոցաւ, երբ ինք Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի բաժնի վարիչ էր, իսկ եսՙ «Արեւ» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր: Յիշեցի Ռոմէն Կոզմոյեանի «պաշտօնը», սակայն ան ամսականաւոր պաշտօնեայ մը չէր, այլՙ սրբազան առաքելութեան մը անսակարկ նուիրեալ մը, որովհետեւ «իր կեանքի հաւատամքն» էր սփիւռքահայութիւնը սերտօրէն կապուած պահել Մայր հայրենիքինՙ Խորհրդային Հայաստանին, որուն հաւատաւոր նուիրեալն էի նաեւ ես, այն երանելի եւ անմոռանալի օրերուն, երբ հայ մշակոյթըՙ իր բոլոր ճիւղաւորումներով, ուղխօրէն կը փթթէր եւ իր գագաթնակէտին կը հասնէր: Արդէն այդ նպատակը կը հետապնդէր Սփիւռքի կոմիտէն իր ամբողջ անձնակազմով: Ռոմէն Կոզմոյեան այս հատորը գրած է սփիւռքահայութեան սրտի տրոփումներուն ականջալուր, մանաւանդՙ լիբանանահայութեան, քանի որ դիւանագիտական աշխատանք կը տանէր Պէյրութի խորհրդային դեսպանատան մօտ, ճիշդ այն ժամանակաշրջանին, երբ երկիրը կը տուայտէր քաղաքացիական պատերազմի բոցերուն մէջ: Հոս յիշեմ որ, ինչպէս լիբանանահայութիւնը այդ պատերազմին մէջ «դրական չէզոքութիւն» կը պահէր, նոյնպէս ալ կարծէք Ռոմէն Կոզմոյեանը... հակառակ որ քրիստոնեայ աջակողմեաններն էին, որ հրահրեցին եղբայրասպան այդ պատերազմը: Սակայն, երբ կարգը կու գայ յիշատակելու «հրեաներուն», ինչպէս ինք կը կոչէՙ «իսրայէլացիներու» կատարած վայրագութիւններուն, մանաւանդ պաղեստինցի անպաշտպան կանանց եւ երեխաներուն սպանդին, այն ատեն «չէզոք» դիրք չի բռներ այլեւս: Իսկ երբ կը խօսի այդ պատերազմին եւ անոր արհաւիրքներէնՙ լիբանանահայութեան զերծ մնալու պարագային մասին, դառն հեգնանքով կը գրէ. «Այս ութ տարուան մէջ համայնքը կարծես թէ համեմատաբար դուրս մնաց սպանդից, «դաւաճանելով» իր ճակատագրին»: Այո, որովհետեւ հայ ժողովուրդին ճակատագիրը միշտ եղած է անխուսափելիօրէն տուժել համաշխարհային բոլոր արհաւիրքներէն, նոյնիսկ երբ անոնք իր հետ որեւէ առնչութիւն չունին: Եւ այդ պատերազմին մէջ Մ. Նահանգներուն խաղացած տխուր դերակատարումին ակնարկելով եւ զայն կիրարկուած տեսնելով հայ ժողովուրդին գլխուն եւս, Ռոմէն Կոզմոյեան կը գրէ. «(Լիբանանի) Դէպքերն աւելի սրտամօտ ու բուռն են ինձ հասնում, քանզի կատարուածի մէջ ես տեսնում էի իմ ժողովրդի անցեալն ու ճակատագիրը, համեմատում էի, ցաւ զգում: Մենք էլ ենք փոքր եւ ահա այսպէս խաղալիք ենք եղել մեծերի ձեռքին, այն ժամանակ էլ, ինչպէս այսօր, եկել է «քեռի Սամը» հեռաւոր ափերից ու հարցերը լուծել ի հաշիւ փոքրի, դէմ չլինելով աւարից բացի մանուկներ տանել ԱՄՆ աղբահաւաքների սերունդներ ստեղծելու հեռանկարով: Բայց մի տեղ սխալուել է, քանզի այսօր աղբահաւաքը գերազանցել է տեղաբնակին»: Այս այն է, ինչ կը վերաբերի փոքր հայ ժողովուրդին: Հիմա կարգը փոքր Լիբանանինն է. «Հիմա էլ եկել է «քեռի Սամը», գրաւել մայրաքաղաք Բէյրութը, նաւահանգիստը, օդանաւակայանը, նրա զինուորները որպէս զսպիչ ուժ տիրաբար շրջում են քաղաքում, հրեան «սաստուեց» (սպանդն իրականացնելուց յետոյ), պաղեստինցին խաբուեց ու հեռացաւ, երկրի նախագահը գնաց ի վերին Երուսաղէմ, քանզի միասնական ու անկախ Լիբանան փորձեց քարոզել»: Ծանօթ ասացուածք է, թէ «հայը անմիաբան է», սակայն անտեսելով այլ ազգերու մէջ տիրող իսկական անմիաբանութիւնը, որ զիրենք իրար դէմ կը հանէ, նոյնիսկ զէնքի դիմելով, թէեւ հայ ժողովուրդին պատմութիւնն ալ զերծ չէ եղբայրասպան պատերազմներէ կամ բախումներէ: Բայց Ռոմէն Կոզմոյեան հայուն անմիաբանութեան մէջ կը տեսնէ... անոր գոյատեւումը, երբ կը գրէ. «Թարմ շիրիմի վրայ ինչ-որ մէկը խօսք է ասում, բոլորը լսում են լուռ, գլխահակ եւ յանկարծ խօսքից յետոյ խառնւում են իրար ու սկսում է ինձ համար անհասկանալի մի վէճ... Ես համակ ուշադրութիւն դարձած, հեռուից հետեւում եմ վէճին, տխրում ու հրճւում: Չէ, չեն ձուլւում, հայ են, իսկական հայ, այստեղ անգամ կողմերի են բաժանուած, վիճում են»: Ռոմէն Կոզմոյեան երբ Սիտնիՙ Աւստրալիա կ՛այցելէ հայրենի խումբի մը հետ, Մեծ եղեռնի տարելիցին առթիւ, երբ խումբը աւստրալահայ խումբի մը հետ Անծանօթ զինուորի յուշարձանին ծաղկեպսակ կը դնէ, կը պարզուի, թէ իրենցմէ առաջ աւստրալահայ այլ խումբ մը արդէն հոն ծաղկեպսակ զետեղած է ... Անդրադառնալով գաղութին մէջ տիրող այս երկուութեան, որ իրեն համար ցաւալի երեւոյթ մըն է, անոր կը հակադրէ հայրենի հայուն միասնականութիւնը: Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նաւասարդեան խաղերն են, որոնք տեղի կ՛ունենան Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մարզադաշտին վրայ, եւ որոնց կը մասնակցին զանազան երկիրներէ եկած երիտասարդներ, եւ ահա, անգամ մը եւս Ռոմէն Կոզմոյեանի հայ մարդու սիրտը ցաւ կը զգայ, երբ հայ տղեկ մը կը հարցնէ իրեն. «Դուն որո՞ւ հետ ես, հայաստանցի պարոն...», որ Ռոմէն Կոզմոյեանը ցաւագին խորհրդածութիւններու կ՛առաջնորդէ. «Է՜հ, սիրելի Տիգրանիկ, դու ոստոստում ես ու հրճւում քո սիրած խմբի յաղթանակով ու չգիտես, որ հայաստանցի պարոնը ուրախ չէ, որ նա ուզում է այս վառվռուն երիտասարդների կրծքերին գրուած «Փարիզ», «Ամման», «Դամասկոս» անունները ջնջել եւ վերջապէս չլսել, մոռանալ այնքան անմեղ թուացող քո հարցը»: Այս առթիւ, ինչպէս բոլոր խումբերը, նոյնպէս եւ «հայաստանցի պարոնը», ներկայ կը գտնուի Նիկոսիոյ հայկական եկեղեցիին մէջ կատարուող Զատկուան արարողութեան: Ռոմէն Կոզմոյեան ուրախ է, որովհետեւ «Սքանչելի երգչախումբը, պատարագչի թաւ ձայնին համահնչիւն, շոյում է խնկաբոյր մթնոլորտը: Ամէն բան հայկական է, հոգեւոր»: Սակայն իր ուրախութիւնը երկար չի տեւեր, կը պղտորի, ինչո՞ւ, որովհետեւ «Ինչ որ բան այնպէս չէ, ոմանք հեռացան սրահից: - «Վազգէն Վեհափառի անունը չտուեց», ականջիս փսփսում է տիկին Քնարը: - «Ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ»: Պատարագը ձախողուեց, որովհետեւ փոքրոգութիւնը, մեր ժողովրդի համար միշտ կործանարար հետեւանք ունեցող այդ արատը, մտել էր եկեղեցի»: Այժմ Ռոմէն Կոզմոյեան Թորոնթօ էՙ Քանատա, ուր հայկական վարժարանին մէջ հայ մանչուկ մըՙ Արան, կ"արտասանէ, եւ ահա, Ռոմէն Կոզմոյեան հոս եւս, կրկին կը յանձնուի տխուր խորհրդածութիւններու, ինչ կը վերաբերի այս մանուկ Արային սպասող ապագային, երբ հայ ժողովուրդը, իր հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին «սպիտակ ջարդին մամլիչը» անզօր գտնուած էր ճզմելու հայ անունը, հիմա՞ նոյնպէս այդ «մամլիչը» անզօր պիտի գտնուի արդեօք, եւ Ռոմէն Կոզմոյեան կը խորհրդածէ. «Ժամանակի այս հեւքի հետ կարողանալո՞ւ է քայլել այս մանուկը, կը դիմանա՞յ նա սպիտակ ջարդի, ուծացման, մտածում եմ, մտորում, ետ գնում հազարամեակներ, տեսնում բազմաթիւ մամլիչներ, յաճախ արիւնոտ ու դաժան, բայց միեւնոյն եւ անզօր: Ուրեմն վստա՞հ լինեմ, որ մեր օրերի մամլիչը նոյնպէս անզօր կը լինի, տա՜յ Աստուած: Բայց կը տա՞յ»: 1915-ի Մեծ ողբերգութենէն ետք, 1988-ի Մեծ աղէտին հասցուցած աւերածութեան դիմաց, մի՞թէ հնարաւոր է, որ հեղինակը ցաւագինօրէն չբացագանչէ. «Ի՞նչ կարող է իմանալ, որ հենց այդ ժամերին նա ոչ միայն որեւէ լաւ բան չի տալիս հային, այլ քանդում է հայրենիքս, հիմնայատակ աւերում իմ երիտասարդական յուշերի ու երազների այնպիսի սրբավայրեր, ինչպէս Լենինականն ու Կիրովականն են, որ նա քարտէզի վրայից ջնջում է Սպիտակը, մահ ու աւեր տարածում իմ մի բուռ հողի տարածքում:Ահա քեզ Աստուած, ահա եւ նրա ողորմութիւնը»: Եւ հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս դառնօրէն հարց չտա՞յ. «Բայց ո՞ւր էիր, Աստուած...»: Եւ տակաւին աւելին, ո՞ւր էիր, Աստուած, երբ անզէն եւ անպաշտպան հայ ժողովուրդը նոր ցեղասպանութեան մը զոհ կը դառնար վայրագօրէն Սումգայիթի եւ Կիրովապատի մէջ... Պատասխան չկայ... Եւ նկատի ունենալով այս բոլոր իրողութիւնները, մի՞թէ Ռոմէն Կոզմոյեանը իրաւունք չունի հաստատելու. «Ի՜նչ լաւ, որ իմ ժողովուրդը նրա վրայ յոյս չի դրել, նրան փոխարինել է Վարդանով, Անդրանիկով, Բաղրամեանով»: Շատ հետաքրքրական եւ յուզիչ է «Մեծերը անուն առ անուն» բաժինը հատորին, ուր կը տողանցեն «Մեծերէն» քանի մը հատը միայն, անոնք, որոնց մասին հեղինակը ըսելիք մը ունի, երբ ան կարողացած է 2-3 էջերու մէջ կատարելապէս բնութագրել զանոնք: Այսպէս, հոս տեղ գտած է Անդրանիկ Ծառուկեանը, որուն մասին ես ալ կարգ մը յիշողութիւններ ունիմ: Տարին չեմ յիշեր, բայց Ցեղասպանութեան հայ որբերուն «Նիր Իսթ Հայկական ակումբը» այդ տարուան 24 Ապրիլի սգահանդէսին, որպէս օրուան բանախօս, Պէյրութէն հրաւիրած էր Անդրանիկ Ծառուկեանը, որ այդ շրջանին հրաժարած էր Դաշնակցութենէն ... Այնպէս որ Դաշնակցութեան Եգիպտոսի Կոմիտէն, եգիպտական պատկան իշխանութիւններուն մօտ զայն զրպարտած էր, թէ ան խռովարար մըն է եւ կու գայ խռովութիւններ յարուցանելու հայ գաղութին մէջ: Եւ եգիպտական ապահովութեան մարմինները Անդրանիկ Ծառուկեանը պանդոկի իր սենեակին մէջ արգելափակուած պահեցին մինչեւ երկրէն անոր մեկնումը... Ահա եւ այլ «Մեծ» մըՙ Վահէ-Վահեան, որուն որդինՙ Վահրամը, արկածամահ եղած էր Արաբական Ծոցի երկիրներէն միոյն մէջ: Որդեկորոյս հայրը, իր քերթողական սքանչելի արուեստով, զայն անմահացուցած էր հատորով մըՙ «Վահրամիս», որմէ օրինակ մը ինծի ղրկած էր: Եսՙ ըմբռնելով որդեկորոյս հօր մը անամոք կսկիծը, գրախօսական մը գրեցի: Ահաւասիկ մէկ այլ «Մեծ» մըՙ Գառնիկ Ադդարեանը, որ բաժնուեցաւ այս աշխարհէն անժամանակ, իր տեղը թափուր թողլով հայ գրականութեան պատմութեան մէջ: Ահաւասիկ «Մեծ» մարդ մը եւսՙ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի արժանաւոր նախագահ Վարդգէս Համազասպեանը, որուն նուիրուած Ռոմէն Կոզմոյեանի քանի մը էջերը, յագեցածՙ սիրոյ եւ յարգանքի արտայայտութիւններով, այնքան ջերմ, կը ներկայացնէ այդ մեծ մարդուն եւ մեծ հայուն անգնահատելի կերպարը: Սակայն, իմ շատ համեստ կարծիքով, այսքանը բաւարար չէ ներկայացնելու համար զայն: Պէտք է, որ մանրամասնեալ ուսումնասիրութիւն մը կատարուի, բան մըՙ զոր միայն Ռոմէն Կոզմոյեանը կրնայ գլուխ հանել, քանի որ ան արդէն շնորհակալ մեծ աշխատանք մը կատարած էՙ լոյս աշխարհ բերելով Վարդգէս Համազասպեանի նամակներըՙ ուղղուած պետական մարմիններու եւ անձնաւորութիւններու: Վարդգէս Համազասպեանի մասին գրի առնուած այս բաժինը կ՛աւարտի հետեւեալ շատ նշանակալի տողերով. «Սիրոյ, գնահատանքի, երախտագիտութեան, յարգանքի ու ակնածանքի Համազասպեանն արժանացաւ իր անկեղծ ու անաչառ հայրենասիրութեան շնորհիւ, ազգային շահերի անզիջում պաշտպան լինելու շնորհիւ, չնայած Սփիւռքի հատուածականութեան ու ժամանակների դժուարին պայմանների ճնշման, հաւասարակշիռ գործունէութիւն ծաւալելու շնորհիւ, իր բարի ու կամեցող բնաւորութեան շնորհիւ եւ ամենակարեւոր յատկանիշովՙ պետական մտածողութեան շնորհիւ:» Իսկ վերջին գրութիւնըՙ «Իմ կեանքի սկիզբն ու վերջաւորութիւնը», շատ յուզիչ, նուրբ զգացումով գրուած, իր կեանքին կենդանութիւն ու կենսունակութիւն տուող «երկու կանանց» նուիրուած է, որոնցմէ մինՙ իր կեանքի ընկերուհին է, որ ցաւալիօրէն կեանքէն հեռացած է անժամանակ, զինք թողլով անօգնական, քանի որ ան էր, որ իրեն կենսունակութիւն կու տար: Իսկ միւսըՙ իր մայրն է, որ իրեն տուած է գրականութեան սէրը, աւելինՙ պաշտամունքը: Եւ որպէս վերջաբան իմ այս մտորումներուս, կ՛ուզեմ զանոնք աւարտել այն պատգամով, որով Ռոմէն Կոզմոյեան կ՛աւարտէ իր «կեանքի հաւատամքը». «Իմ համոզումս այն է, թէ ամէն հայի համար նրա Հաւատն ու Աստուածը պէտք է իր հայրենիքը լինի, իր ժողովուրդը, իր հողն ու ջուրը, ինչպէս այն դպրոցական տղայի, որը գիտէր միայն, թէ կայ մէկ հայ, մէկ եկեղեցի, մէկ «ընկեր տէրտէր»: |