RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#001, 2017-01-13 > #002, 2017-01-20 > #003, 2017-01-27

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #1, 13-01-2017



ԳԱՀԻՐԷ

Տեղադրվել է` 2017-01-12 22:49:11 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2494, Տպվել է` 32, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

THE LAND OF LEGENDS

Մարուշ ԵՐԱՄԵԱՆ

«Առասպելներու Երկիրը» Րիհամ Աֆիֆի

Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ուրախութիւնը գինովցուցեր է մեզ, ի տես օտարի մը, որ իր ազատ կամքով մօտեցեր է հայութեան, համակրեր է ժողովուրդին, գացեր է տեսնելու Հայաստանը եւ... վերջնականօրէն հմայուեր մեր երկրով:

Րիհամ Աֆիֆի եգիպտացի արաբ ակնաբոյժ մըն է, որ Տուպայ կ՛ապրի ու կ՛աշխատի, եւ Եղեռնի հարիւրամեակին Եգիպտոսի պատուիրակութեան հետ Հայաստան հրաւիրուած էր եգիպտահայ գաղութին հրաւէրով, մասնակից դառնալու պաշտօնական հանդիսութիւններուն:

Թէ ճիշդ երբ, ո՛ր պահուն է որ Աֆիֆիի սիրտը «կպեր է» մեր երկրին, կարելի չէ ըսել, բայց գիրքը, որ ձեռքերուս մէջ է եւ կ՛ամփոփէ արուեստագիտուհիին նկարներն ու խօսքերը, կը հաստատէ անոր ունեցած ապրումները ի տես մեր երկրին:

Այս գիրքը ձեւով մը ամփոփումն է այն ցուցահանդէսին, որ տեղի ունեցած էր Գահիրէի «Փիքասօ» (Զամալէք) նկարչական ցուցասրահէն ներս, դեկտեմբեր 2-ին եւ 3-ին: Ցուցահանդէսը մեծ յաջողութիւն գտած էր. անոր անդրադարձած էին եգիպտական հեռատեսիլի կարգ մը կայաններ, նկարները ցուցադրելով եւ զրուցելով նկարչուհիին հետ:

Կ՛ուզենք նշել նաեւ, որ նկարները վաճառքի դրուած էին եւ հասոյթը տրամադրուած «Կեցցէ Եգիպտոսը» հիմնադրամին, ուսումնական ծրագիրներու համար, ըստ նկարչուհիի փափաքին:

Գիրքին սկիզբը շնորհակալական խօսք ուղղուած է եգիպտահայ գաղութի ականաւոր կարգ մը անձերու, որոնք օգնած են տիկ. Աֆիֆիի իր ճամբորդութեան եւ հոգեկան բացայայտումին մէջ, ինչպէս եւ նկարներուն եւ զանոնք պարփակող գիրքի ծնունդին. յիշուած են անունները Մարլօ Սիմոնեանի, Շանթ Կապէեանի, բժշ. Արմէն Մազլումեանի (բոլորը եգիպտահայ) եւ Գեղամ Մանուկեանի (Երեւան, «Երկիր Մետիա» հեռուստակայանի լրատուական բաժնի տնօրէն): Յատուկ շնորհակալութիւն յղուած է Գահիրէի Ազգային առաջնորդարանին, որուն Եղեռնի հարիւրամեակին մասնակցելու հրաւէրը, արուեստագիտուհիին վրձինն ու գրիչը շարժող գլխաւոր մղիչը կը թուի ըլլալ:

Սրտի խօսք ունի նաեւ Միրիամ Զաքինՙ «Ո՞վ սպաննեց հայերը» շարժանկարին բեմադրիչը, որուն գրութիւնը կը սկսի «Հայաստան ... ինչպէ՞ս կրնայ նման «գաղտնիք» այսքան երկար ժամանակ գաղտնիք մնալ» խօսքով:

Տիկին Աֆիֆիի շնորհակալական հակիրճ խօսքը վերջ կը գտնէ Astvats Orhni Dzez լատինատառ հայերէն բառերով:

Մէկ-երկու հայերէն այլ բառեր եւս կարելի է գտնել գիրքին էջերուն մէջ պահուած, ինչպէս երբ կ՛ըսէ Yerevats! Yerevats! կրկնելով ինչպէս երեւանցիներուն, նոյնպէս ալ սփիւռքահայերուն հրճուանքը ի տես Արարատին, կամ երբ vitkhari բառը կ՛օգտագործէ:

Սիրողական վրձինի մը համար իրապէ՛ս անսպասելի նրբութիւնն ու գոյներու զգայնութիւնը յստակօրէն կը հմայեն ակնդիրները, նոյնիսկ գիրքին էջերէն: Երբեմն անսովոր դիտանկիւնը մեզի այնքան սովորական վայրերու, կը ստիպէ որ յիշենք, թէ նկարչուհին հայ չէ, բայց ունի մեր երկրին բիրտ գեղեցկութիւնը զգալու եւ զայն ներկայացնելու գեղարուեստական շնորհը:

Նկարներուն ընկերակցող խօսքերը նոյնքան նուրբ են եւ յուզաթաթաւ. իր ապրումները, մանաւանդ Հայաստանի բնութեան գեղեցկութենէն ներշնչուածՙ անմիջական են եւ գեղեցիկ:

Վերջին էջին զետեղուած են Լեւոն Մկրտչեանի բառերը.

«Եթէ Զուարթնոցի տաճարը այցելէք, դրէ՛ք ձեր ափերը քանդակուած նուռերուն վրայ, որոնք տաք են տակաւին: Հայոց երկինքի արեւը մեզի կը բերէ շունչն ու տաքութիւնը այն ափերուն, որոնք քանդակեցին զանոնք, ոչ շատ ժամանակ առաջ ... եօթներորդ դարուն»:

Իսկ վերջընթեր էջը կը պարփակէ նկարչուհիին վերջին խօսքը Հայաստանի մասին.

«... գիտենք թէ ո՛ւր որ մարդ արարածն է, հոն ալ նենգութիւնն է եւ ագահութիւնը: Անարդարութիւնն ու չքաւորութիւնը մարդկային բնութեան այլ երեսակները կը կազմեն»:

«Մեզի կը մնայ գեղեցկութիւնը տեսնել, կամՙ նենգութիւնը»:

Որքան լաւ պիտի ըլլար եթէ տիկ. Աֆիֆի նկարներուն ընկերացող իր գեղեցիկ խօսքերուն մէջ նշէր նաեւ պահը այս սիրոյ ծնունդին, եւ ըսէր թէ ճիշտ ի՛նչն է, որ այնքան ջերմօրէն կը գնահատէ մեր երկրին եւ ժողովուրդին մէջ, որովհետեւ երբեմն օտարի աչքով ինքզինք դիտելը իր դրական կողմը ունի անկասկած:

Գնահատելի են Գահիրէի Հայոց առաջնորդարանն ու Հայ դատի Եգիպտոսի ներկայացուցիչը, որոնց աջակցութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ է որ տեղի ունեցած է ցուցահանդէսն ու հրատարակուածՙ «Առասպելներու երկիրը» նկարներու ալբոմը:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #1, 13-01-2017

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ