ՅԱՌԱՋԱԲԱՆԻ ՄԸ ԱՌԻԹՈՎ Յ. ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ Ընդունուած չէ յառաջաբան գրախօսելը: Թերեւս այն պատճառով, որ յառաջաբան մը սովորաբար չի կրնար աւելին ըլլալ, քան գիրքը, տուեա՛լ գիրքը: Անշուշտ կան բացառութիւններ, որոնցմէ այս պահուն միտքս կու գայ Եղիա Տեմիրճիպաշեանի սիրային նամակները ամփոփող գրքոյկին («Եղիա Տեմիրճիպաշեանի սիրային նամակները, 1886-1889», Կ. Պոլիս, 1910) հրատարակիչ Հրանտ Նազարեանցի յառաջաբանը, որ գրքոյկին սահմաններէն անդինՙ գրական-հոգեբանական վերլուծութիւնն է Տեմիրճիպաշեան երեւոյթին: Յամենայնդէպս, նման բացառութիւնները մէկ կողմ ձգելովՙ ընդունինք, որ յառաջաբանները կը գրուին գիրքի մը բովանդակութիւնը, արժէքը, հեղինակին արուեստը, հմտութիւնը, վերջապէս գիրքին հրատարակութեան առիթը, իմաստն ու նպատակը ներկայացնելու համար: Տեսակ մը ցուցափեղկՙ որ կը գրաւէ մեզՙ ընթերցողներս, մուտք գործելու հոն, ուր մեզ կը դիմաւորէ ինքըՙ հեղինակը: Գրեթէ նոյնն է պարագան խնդրոյ առարկայ Յառաջաբանին, որով կը բացուի երգահան, խմբավար, Կոմիտասի ամենայայտնի սան, «Գուսան» երգչախումբի հիմնադիր-ղեկավար Բարսեղ Կանաչեանին նուիրուած 664 էջ հաշուող գիրքին, հրատարակուած Պէյրութ, 2017 թ.ին, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութեան կողմէ, մեկենասութեամբ Արամ Սամուէլեանիՙ ի յիշատակ իր մօրՙ Մատլէն Սամուէլեանի, «աշխատասիրութեամբ» Անդրանիկ Տագէսեանի, որուն գրիչին կը պատկանի Յառաջաբանը, նաեւՙ ծանօթագրութիւնները եւ յօդուած մը: Նպատակս անդրադառնալը չէ գիրքին, որ բացի «Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967)» վերնագիրէն, ունի նաեւ տարօրինակ ենթավերնագիր մըն ալՙ «Կեանքի մը երաժշտացումը»: Արդարեւ, ձեւով թէ գործածութեամբ խորթ բառ մըն է այս «երաժշտացումը», կազմուած կրաւորակերպ «երաժշտանալ» բայաձեւով, վերածուած ցոյական հիմքով պատճառականի: Իսկ իմաստովՙ ստիպողութիւն մը կ՛ենթադրէ, զոռով իրականացած բան մը: Կարծես տաղանդաւոր երաժիշտը այլոց ստիպողութեամբ կամ ինքզինքին ստիպելով դարձած է երգահան ու խմբավար: Միտքս աւելի յստակ բացատրելու համար բերեմ մասնագիտութիւն կամ արհեստ ենթադրող նմանՙ իմ կողմէ շինուած օրինակներ, ըսենքՙ «կեանքի մը ուսուցչացումը», «կեանքի մը բանաստեղծացումը», «գիտնականացումը», ու տակաւինՙ «կեանքի մը ոսկերչացումը» , «դարբնացումը» , «կօշկակարացումը» եւ այլն, եւ այլն: Ինչպէս ըսիՙ նպատակս գիրքը գրախօսելը չէ. ամիսներ առաջ «Ազգ»ի մշակութային այս էջերուն մէջ այդ պարտականութիւնը արդէն կատարած է մեր ներհուն աշխատակիցըՙ գրականագէտ-արուեստաբան Երուանդ Տէր Խաչատրեանը, որուն մէկ գրութիւնը մաս կը կազմէ գիրքինՙ ուրիշ չորս տասնեակէ աւելի հեղինակներու շարքին: Սակայն հոս աւելորդ չեմ համարեր վերյիշեցնել, որ գիրքը ժողովածու մըն է յուշերու, ժամանակի մամուլին մէջ լոյս տեսած թղթակցութիւններու, յոբելեանական ճառերու, գնահատականներու, կարեւոր նամակագրութեանց, մահագրութիւններու, նաեւՙ լուսանկարներու, իսկ իւրաքանչիւր գլուխի կը յաջորդեն ծանօթագրութիւնները: Այլ խօսքովՙ գիրքը ժողովածու մըն է բազմաթիւ հեղինակներու գրութիւններուն, զորս մէկ կողքի տակ ամփոփելու շնորհակալ աշխատանքը կատարած է Ա. Տագէսեանը: Ու թէեւ վստահ չեմ, որ տիտղոսաթերթին վրայ իր անունը «աշխատասիրեց» բառով պսակելը տեղի՞ն է արդեօք, սակայն պէտք է ընդգծել, որ ան ներկայանալի հատոր մը մատուցած է հայ երաժշտասէրներուն ու բանասէրներուն: Սակայն ափսոսանքով պէտք է ստորագծել նաեւ, որ ան գերազանցած է գիրքը կազմողի իր իրաւունքները, փաստօրէն, եւ ժողովածուն ձօնած իւր տիկնոջըՙ Ալինային, մինչդեռ գիրքին հեղինակները ուրիշներ են: Եւ ասիկաՙ հակառակ այն փաստին նաեւ, որ գիրքը արդէն իսկ ձօնուած է, ինչպէս կը կարդանք տիտղոսաթերթի դարձէջին վրայ: Ձօնուածը վերաձօնելու այս ընթացքը ենթադրել կու տայ բարդոյթի մը առկայութիւնը, որուն վկայութիւնը արձանագրուած է նոյնինքն Յառաջաբանին մէջ: Ահա՛ թէ ինչ հանգամանքներու տակ պատահած է այդ սայթաքումը. « Բախտաւորութիւն եւ հաճոյք է , - կը գրէ Յառաջաբանին հեղինակը, - որ ամէն անգամ որ կողակիցիս մօտ նստիմՙ կը նշմարեմ որ ան իր աջ ձեռքի մատները կը տանի ափ մը հարթ տարածութեանՙ ծունկին վրայ, թէ այլուր եւ կը սկսի զայն ստեղնաշար երեւակայելովՙ նուագ մը մեկնաբանել: Յաճախ այդ լուռ նուագը հոգեկան խորունկ թեւածումներով զինք կը փոխադրէ արուեստի աշխարհը, իսկ զիսՙ ներշնչումներու աղբիւրը: Այս գիրքը կը ձօնեմ Ալինային »: Եկէք չխանգարենք երաժշտասէր ամոլին հովուերգական մենութիւնը, նոյնիսկ չփորձուինք anatomy-ի վերաբերեալ հարցեր տալ «հարթ տարածութիւն» ունեցող ծունկերու եւ դէպի «այլուր» մեկնող մատներու, այն ալՙ ա՛ջ ձեռքի մատներու մասին: Նոյնիսկ չփորձուինք զարմանալ հեղինակին գերզգայնոտութեան վրայ, որ գիտէ, թէ կողակիցը ինչպէ՜ս կրնայ սեփական ծունկը, աւելի ճիշդՙ անոր «հարթ տարածութիւնը» ստեղնաշար երեւակայել եւ, աւելին, անոր կամ անոնց վրայ «նուագ մը մեկնաբանել», այն ալ այնպիսի «թեւածումներով», որ զինք ուղիղ գիծով «կը փոխադրէ արուեստի աշխարհը», առանց մոռնալու իրեն ալ հետը տանիլ դէպի աղբիւրը «ներշնչումներու»... Խոստովանինքՙ հասարակ մահկանացուներուս տրուած չէ ընկալել այսպիսի նուրբ բաներն ու պահերը, հետեւաբար եկէք խօսինք հասարակ բաներու մասին: Ճոռոմաբանութիւնը Ա. Տագէսեանին ոչ միայն ոճն է, այլեւ մտածելակերպը, որ ցուցիչն է իւրայատուկ բարդոյթի մը: Արհեստականութիւն մը կայ անոր գրածներուն մէջ, եւ գրախօսուող Յառաջաբանը բացառութիւն չէ: Ան չէ սորված, որ պարզութիւնը, այս պարագայինՙ պարզ խօսքը մարդոց հետ յարաբերելու լաւագոյն միջոցն է, որմէ կրնայ բխիլ, կամ բնաւ չբխիլ, գեղեցիկ ոճըՙ կախուած միտքի սրութենէն, հայեացքի թարմութենէն, ստեղծագործական մտածողութենէն: Ասոնց բացակայութեանՙ միշտ նախընտրելի է պարզ, հասկնալի խօսքը: Այլապէս կ՛ունենաք այնՙ ինչ որ ունինք իր պարագային- բառերը կը չարչարուին, ըսելիքը կը վերածուի խճողակի, իսկ միտքերը հագուստ կը փոխեն ու կը հագնինՙ կորսնցնելով իրենց բուն իմաստը, ակամայ յիշեցնել տալով Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ»ուն Բանաստեղծը, որուն ճոռոմ ու վերամբարձ խօսքերուն ի լուրՙ Աբիսողոմ աղան կը ստիպուի ըսել. «Վա՛ր իջիր սըկէ: Ի՛նչ ըսելիք որ ունիս, եկուր քովս, մարդու պէս նստէ եւ ըսէ»: Ու որպէսզի ըսածս մերկապարանոց չթուիՙ հոս կ՛ընդօրինակեմ մի քանի նմոյշ խնդրոյ առարկայ Յառաջաբանին ընդամէնը մէկ` առաջին էջէն (էջ 5). - «Հոնՙ Կանաչեանի երաժշտական ջերմը կը բախի օսմանեան բանակի իր չամոքուած յիշատակներու (...) խռովքին»: - «Եղեռնի հոգեբարոյական ներգործութիւնը իր մտաւոր աշխարհընկալումին, միւս կողմէնՙ բան մը, բանե՜ր ընելու երիտասարդական իր տագնապանքը, կը պարտադրեն որոնումի բազմուղիներ ու շեշտակի տատանումներ»: - «Թերեւս պսակի խորհուրդին մէջ յարաբերական հանդարտութեան խարիսխ յուսալով (...)»: - «Կենցաղային եւ ասպարէզային տուայտանքը նորակազմ այս ընտանիքը կը հանգրուանէ Կիպրոս»: (Կ՛երեւի այսպիսի պարագաներու համար է ըսուած, որ ենթական կը փնտռէ իր ստորոգեալը): - «Կանաչեան բաւականին փորձաքարուած էր կեանքէն, որ կը սկսի նուազ խստաբարոյ ըլլալ իրեն հանդէպ»: - «Կիպրոսի եօթնամեայ կեցութիւնը հասունութեան այլ սանդխամատի կը բարձրացնէ վերակերտուած եւ Քրիստինէով ու նորածին Ռիթայով ջրդեղուած այս ընտանիքը»: - «.... անոնք կ՛անցնին Լիբանան, 1933ին, ուր Կանաչեան կը ծաղկի...»: - «... յանձն առին վարչակազմակերպական տաղտուկըՙ բաւարարուելով բարոյական յագուրդով»: *** Անշուշտ այսքան երկար պիտի չանդրադառնայի ընդամէնը 4 էջ կազմող Յառաջաբանի մը, եթէ գրողը չըլլար Սփիւռքի հայկական միակ համալսարանիՙ Հայկազեանի հայագիտութեան բաժնի դասախօս, Սփիւռքագիտութեան կեդրոնի պատասխանատու եւ ժամանակին հմուտ հայագէտ խմբագիրներ ունեցած «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի խմբագիր: Այն համալսարանինՙ որմէ կ՛անկալուի նահանջող արեւմտահայերէնի նոր, երիտասարդ պաշտպաններու ծնունդը: Կ'ուզեմ յուսալ, որ տակաւին յուսահատական չէ արեւմտահայ մեր լեզուի փրկութեան համար մղուող պայքարը: Բայց...: |