RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#001, 2019-01-11 > #002, 2019-01-18 > #003, 2019-01-25

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #1, 11-01-2019



ՀՈԲԵԼՅԱՆՆԵՐ

Տեղադրվել է` 2019-01-10 21:09:49 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1034, Տպվել է` 9, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԲԵՂՄՆԱՒՈՐ ՏԱՐԻ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»ի նախերգանքին մէջ ըսուած է.

«Հազար ութհարիւր վաթսունինն թուին

Հայոց այգիներն ինչ պտուղ տուին,

Հայոց արտերում ինչ բերք էր հասել,

Դժուար է ասել, սակայն այդ թուին

Մայր Հայաստանի արգանդը եղաւ սրբօրէն բեղուն...»

Ու կը շարունակէ ըսելու համար, թէ այդ թուականին էր որ հայ երկու տիտաններՙ Յովհաննէս Թումանեանն ու Սողոմոն Սողոմոնեանըՙ Կոմիտաս վարդապետը լոյս աշխարհ եկան, որպէս երկու անկրկնելի գագաթներ, մինՙ գրականութեան, միւսըՙ երաժշտութեան:

«Սրբօրէն բեղուն» եղաւ նաեւ, եթէ շարունակենք եւ յիշենք, որ նոյն այդ տարուան մէջ լոյս աշխարհ եկան Լեւոն Շանթըՙ գրող, թատերագիր, ազգային- քաղաքական գործիչ. Երուանդ օտեանըՙ հայ երգիծաբանութեան երկու գագաթներէն մին, «Ընկեր Փանջունի»ն ստեղծողը. Վարդան Մախոխեանՙ ծովանկարիչը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեանըՙ նաւթարդիւնաբերող ու բարերար:

Եթէ մեր կարկինը քիչ մը աւելի լայն բանանք եւ ընդգրկենք նաեւ ոչ հայերը, պիտի յիշենք, որ 1869-ին ծնած է նաեւ Հնդկաստանի ամենանշանաւոր մարդը, որ իր փիլիսոփայութեամբ պայքարեցաւ գաղութարար Անգլիոյ դէմ ու յաղթեցՙ Մահաթմա Կանտին: Ֆրանսացի գրող, նոպելեան մրցանակի դափնեկիր Անտրէ Ժիտը: «Սիրանօ Տը Պերժերաք» թատերգութեան հեղինակ Էտմոն Ռոսթանը. Աւստրիացի գեղանկարիչ Կիւսթաւ Քլիմթը:

Թէ ինչպէս պատահեցաւ, որ այս մեծերը նոյն տարուան մէջ ծնին, այդ ալ պատահականութեան արդիւնք է, կամ, ըսենքՙ Աստուծոյ գործն է:

Թերեւս եթէ ուրիշ տարիներ ալ պրպտենք, միեւնոյն պատկերին կը հանդիպինք հաւանաբար, սակայն մեզի համար կարեւորն ու ուշադրութեան արժանին վերոյիշեալ անուանի հայերն են, որոնց աշխարհ գալը պատահեցաւ, երբ արեւմտեան Հայաստանը կ՛ողջունէր Զարթօնքի շրջանը, որ անկիւնադարձ մը եղաւ հայ կեանքին մէջ, դարեր շարունակ օսմանեան տիրապետութեան տակ, թրքական ու քրտական խժդժութիւմներն ու կեղեքումները կրելէ ետք, եւ որ պատճառ պիտի դառնար ինքնապաշտպանական-ֆէտայական շարժումներուն, ապաՙ իրերայաջորդ հայ երեք կուսակցութեանց ստեղծումին եւ իշխանութեանց հակադարձութեանցՙ կոտորածներով ու ջարդերով:

Առայժմ զանց ընելով օտարները, խօսինք մեր մեծերուն մասին: Գիտեմ որ Հայաստանի մէջ պետական մակարդակով կը տօնուին Թումանեանի ու Կոմիտասի ծննդեան 150 ամեակները, Թումանեան տուն-թանգարանը մեծ պատրաստութիւններ կը տեսնէ արժանավայել կերպով նշելու Ամենայն հայոց բանաստեղծին յոբելեանը: Հաւանաբար Կոմիտասի թանգարանն ալ իւրայատուկ կարեւորութեամբ պիտի նշէ եղեռնաբախտ վարդապետին յոբելեանը, սակայն չեմ գիտեր թէ միւսներն ալ կ՛արժանանա՞ն պատշաճ հանդիսութեանց, թէ՞ կը մոռցուին, կամ ալ միութենական համեստ յիշատակի ձեռնարկներու կ՛արժանանան միայն:

Շ. Ազնաւուրի մահուան առթիւ արտասանած իր դամբանական ուղերձին մէջ Ֆրանսայի նախագահ Մ. Մաքրոնը ըսաւ, որ Ֆրանսայի մէջ բանաստղծները չեն մեռնիր: Մենք, որ յաճախ մեծերու անուններուն առջեւ «անմահ» ածականը կը դնենք, իսկապէ՞ս կ՛անմահացնենք զանոնք, թէ՞ խօսքէն անդին չենք անցնիր: Տօներէն անդին պիտի կարենա՞նք մեր զաւակներն ու թոռները մեծցնել մեր մեծերու շուքին տակ եւ անոնց ոգիով. Պիտի կարենա՞նք անոնց սերմանածը հանապազօրեայ ներկայութիւն դարձնել մեր տուներէն ներս:

Իսկ հայ Սփիւռքը ի՞նչ նախապատրաստութիւններ կը տեսնէ. կը տեսնէ՞ արդեօք, կազմակերպութիւններ եւ միութիւններ սկսա՞ծ են ծրագիրներ մշակել:

Մեզմէ յաւիտեան բաժնուած մեր մեծերը մեր գանձերն են, անոնք անդենականին մէջ իսկ կը մնան որպէս հովանաւորներ, մեր երթի ճամբան լուսաւորողներ: Հարուստ անցեալ չունեցող ազգեր չեն կրնար հարուստ ապագայ կերտել: Հինը միշտ հիմք ու յենակ ըլլալու է իրեն յաջորդողներուն: Ինչպէս որ առանց թթխմորի համեղ հաց չստացուիր, այնպէս ալ մեր մեծերը մեր ազգային կեանքի թթխմորներն են. գիտնանք գնահատել զանոնք, որ մեր հոգեւոր հացը համեղ ըլլայ:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #1, 11-01-2019

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ