ԿԱՐԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ ՄԵՆԱՀԱՄԵՐԳԸ ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Եորք Ամբողջութեամբ` Ռախմանինով Հոգեկան բաւարարութիւն է այլեւս ներկայ գտնուիլ դաշնակահար Կարինէ Պօղոսեանի համերգներուն: Ան ստեղծած է կապը իր եւ հանդիսատեսին միջեւ: Արդէն դարձած է վարպետը անոր: Եւ որքան ներկայ կը գտնուին երաժշտասէրներ իր մենահամերգներուն, կ՛ունենան նոյն հարազատութեան փոխադարձ զգացումները իր եւ իր արուեստին նկատմամբ: Աղուորը այն է, որ իրեն համար չի նուագեր, որպէս գործ կամ սէր որպէս, Կարինէն միշտ նկատի կ՛ունենայ իր ունկնդիրը: Ահա այս գաղտնիքին ան տիրացաւ անցնող քանի մը տարիներուն եւ ասոր որպէս պատճառ` Կարինէն կը հրաւիրուի ամէնուրեք: Այլեւս հայկական բեմերէն անդին, փնտռուած դաշնակահարուհիՙ ան գիտէ հմայել ոչ-հայ տարբեր մակարդակներու եւ տարբեր երաժշտական «դպրոց»ներու հետեւող հանդիսականները: Տարօրինակօրէն ալ, Կարինէն արդէն ունի իր հաւատարիմ ունկնդիրներու խումբ մը, որ իր հետ է ամէն երգահանդէսի: Կը տեսնես դէմքեր, ծանօթ դէմքեր, որոնք քանի մը ամիս առաջ տեսած էիր արդէն: Եւ այս յաջողութեան համար ալ ուրախ ենք, որովհետեւ, լաւ գիտնալով Նիւ Եորքի մշակութային կեանքի մրցակցութիւնը, միայն այն ատեն կրնանք գնահատել արուեստագիտուհիին յամառ աշխատանքը` հասնելու այդ մակարդակին, մատչելի դարձնելով իր արուեստը բոլոր անոնց, քանի որ իր հրամցուցածը ան կը բարձրացնէ այդ որակին: Վերջինը այդ համերգին եղաւ մարտ 26ին, Նիւ Եորքի Կոլումբիա համալսարանի Սէյնթ Փոլ մատռան մէջ: 19րդ դարու կոթական ոճով Փրեսփիթերիըն այս եկեղեցին ինքնին քեզ կը դնէ առաջին վայրկեանէն դասական հաճելի մթնոլորտի մը մէջ եւ որմէ չես ուզեր բաժնուիլ: Յայտագիրը ամբողջութեամբ Սերգէյ Ռախմանինով, նուիրուած էր ռուս մեծահամբաւ երաժիշտին ծննդեան 140ամեակին (1873-1943): Յայտագիրը երեք բաժինով ներկայացաւ. Six Moments Musicaux, Op. 16, Litacs, Op. 21, No. 5 (երկու յաջորդական ծանր կտորներու միջեւ կարծէք հաճելի միջնարար մը ըլլար, քնքուշ լիլիներու դաշտի մը մէջ կարծես) եւ հեղինակին հռչակաւոր Piano Sonata No. 2 in B-flat Minor, Op. 36 (2nd Version): Սէյնթ Փոլ մատուռը իր ձայնային սքանչելի ակուստիքով կը մնայ արուեստի մնայուն հարստութիւն մը այս մեծ ոստանին մէջ եւ անշուշտ ժամադրավայր մը Նիւ Եորքի համար: Աւելի քան մէկ ու կէս դար այս մատուռը հրապուրած է որքա՛ն երաժիշտը, նոյնքա՛ն` հանդիսատեսը: Կարինէն անգամ մը եւս յաջողեցաւ: |