ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՄԻԱՍԻՆ ԵԿԱՒ ԻՐ ՁԵՌՔԸ ԵՐԿԱՐԵԼՈՒ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Եորք Սուրիահայութեան օգնութեան հասնելու համար տարուած աշխարհատարած ջանքերուն եկաւ միանալ նաեւ Նիւ Եորքի համայնքը: Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Ամերիկայի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ մասնակցութեամբ զանազան կազմակերպութիւններուն, տեղի ունեցաւ սուրիահայութեան ի նպաստ կազմակերպուած երաժշտահանդէսը, որուն մասնակցեցան տասնեակ մը երիտասարդ արուեստագէտներ: «Ֆելիշըն» քոլէճի մեծ սրահը լեցուն էր 700 հայորդիներով: Բացման աղօթքը կատարեց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ Վազգէն ծ. վրդ. Գարայեան: Օրուան հանդիսավարն էր Լոս Անճելըսէն ծանօթ լրագրող եւ «USA Armenia Life Magazine»ի հրատարակիչ Աբօ Ճապարեան , որ շեշտեց Սուրիոյ մեր հարազատներուն օգտակար ըլլալու անհրաժեշտութիւնը: «Անոնք կը ներկայացնեն հարազատ ժառանգորդները տեղահանութեամբ եւ ցեղասպանութեամբ Սուրիական անապատը աքսորուած հայութեան» ըսաւ ան: Օրուան հրամայական խորհուրդը ներկայացուց մեր գաղութի աւագ սերունդի ազգայիններէն, դարձեալ լրագրող Կարպիս Գազանճեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբի երիտասարդ անդամներուն, որոնք երկու ամիսէ ի վեր աշխատանքի լծուած են եւ արդէն կոկիկ գումար մը ապահոված նուիրատուութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ: Ասմունքով ելոյթ ունեցաւ «Հայաստանի ձայնը» հեռուստաընկերութեան հաղորդումներու վարիչը` Կարինէ Քոչարեան : Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթներ ունեցան ՀԲԸՄիութեան «Անդրանիկ», Համազգային «Նայիրի» եւ Հայ տունի «Ախթամար» պարախումբերը: Երգով հանդէս եկան Անթուանէթ Քասսաս, Ալին Գորիկըն, Թերեզա Յակոբեան, Կարօ Կոմիտաս, Էդուարդօ Դիամենթէ, Նշան Ջաղացպանեան եւ Ժագ Յակոբեան : Ջութակով Դիանա Վասիլեան անգամ մը եւս հմայեց իր ունկնդիրները, իսկ Անի Մուրադեանՙ իր դաշնամուրով: Աւարտին խօսք առաւ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան , որ քաջալերեց ներկաները աւելիով օգտակար ըլլալու Միջին Արեւելքի մեր այդ աւանդական գաղութին: Գնահատելի է աշխատանքը երիտասարդաց յանձնախումբին եւ այս ձեռնարկը նախաձեռնող ու համադրող ազգայինին` Ճորճ Խորոզեանին , որ նախկին հալեպահայ ըլլալով, իր ուսերուն վերցուցած էր այս գործին համարեա ամբողջ ծանրութիւնը: |