ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԾԱԳՈՒՄԸ ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ * 100 տարի առաջ, գրեթե ճիշտ այս օրերին, Օսմանյան Թուրքիան հետզհետե արդեն ներքաշվել էր 2014 թ. հունիսին բռնկված Առաջին աշխարհամարտի մեջ, որին ոչ երկրի բնակչությունը եւ ոչ էլ բանակը պատրաստ չէին: Դա մի արկածախնդրություն էր, որի նպատակն էր փրկել քայքայվող կայսրության մնացորդներըՙ բռնի տեղահանելով ու կոտորելով բնակչության «այլախոհ» եւ «այլադավան» հատվածներինՙ հայերին, հույներին, ասորիներին, եզդիներին ու որոշ չափով նաեւ արաբներին: Ահա 100 տարի առաջ այդ օրերին Պոլսում տիրող մթնոլորտի լավագույն վկայագիրներից մեկը, անկասկածՙ ամենատաղանդավորը, մեր մեծ երգիծաբան Երվանդ Օտյանն է, որ երեքուկես տարի տեւած աքսորականի իր տառապանքներից վերադարձին, 1919 թ.ին, Պոլսի «Ժամանակ» օրաթերթի էջերում նկարագրել է իր եւ մեր մյուսՙ հարյուրավոր մտավորականների ու ողջ ժողովրդի ոդիսականը «Անիծեալ տարիներ» թերթոնի էջերում, որը 2004 թ.ին առանձին հատորով ներկայացվեց Գրիգոր Հակոբյանի կողմից: Բացառիկ մի գիրք, վկայագրություն, որի յուրաքանչյուր էջը կրում է հանճարեղ երգիծաբանին բնորոշ հատկանիշներըՙ պահի եւ իրավիճակի սուր զգացողություն, աշխույժ դիալոգների միջոցով կերպակերտում, վարպետ լրագրողի «չեզոք» մոտեցում եւ փաստերի շարադրանք, ամենադժնդակ պահերին անգամ հեգնելու եւ երգիծելու պատրաստակամություն: Ստորեւՙ «Անիծեալ տարիներ»ի առաջին գլուխը, որոշ հապավումներով:
1914 յունիսի մէջ առտու մը, լրագիրը բանալով կարդացի Աւստրիոյ-Հունգարիոյ գահաժառանգ արհիդուքս Ֆրանց Ֆէրտինանտի եւ իր ամուսնինՙ դքսուհի Հօհէնպէրկի դէմ եղած մահափորձը Սարայէվոյի մէջ, որուն զոհ գացած էին երկուքն ալ: Մահափորձին հեղինակն էր սերպիացի պատանի մըՙ Բրինցիբ: Լուրը, որքան զգայացունց, գուշակել չէր տար այն մօտալուտ եւ ահեղ հետեւանքները որոնք ծնունդ պիտի առնէին այս ոճիրէն: Իրա՛ւ էր սակայն, որ մահափորձը անհատապէս գործուած անիշխանական արարք մը չէր, այլ զուտ քաղաքական ոճիր մը, երկարօրէն պատրաստուած եւ խոշոր դաւադրութեան մը արդիւնք: Հետզհետէ հասնող մանրամասնութիւններ ցոյց տուին թէ որքա՜ն կարեւորութիւն կը ստանար այդ մահափորձը Եւրոպայիՙ եւ մասնաւորաբար Աւստրիոյ մէջ: Յուլիսի սկիզբները թերթերը արդէն իսկ կը ծանուցանէին թէ Աւստրիոյ զինուորական գործունէութիւնը զգալապէս կ՛աւելնար եւ թէ բովանդակ երկրին մէջ բուռն հակառակութիւն եւ գրգռութիւն կը կտիրէր Սերպիոյ հանդէպ: Նոյն ամսուն վերջը արդէն իսկ եւրոպական մեծ եւ ընդհանուր պատերազմի մը սարսափը կը սաւառնէր աշխարհի վրայ եւ Աւստրիա իր վերջնագիրը կուտար Սերպիոյ 18 ժամ պայմանաժամով: Այդ վերջնագիրը, որուն պայմանները անընդունելի էին Սերպիոյ համար, անխուսափելի կը դարձնէին պատերազմը Աւստրիոյ ու Սերպիոյ միջեւ, ու արդարեւ յուլիսին վերջերը առաջին թնդանօթները կ՛արձակուին երկու պետութիւններու սահմանագլխին վրայ: Իսկ պատերազմը պաշտօնապէս կը յայտարարուի 15/28 յուլիսին: Միեւնոյն ատեն ռուսական զօրաշարժին լուրերը կը հասնին: Կացութիւնը ծանրացած է: Ընդհանուր պատերազմը անխուսափելի կը թուի, բայց դեռ ամէն յոյս չէ կորած: Մեծ պետութիւններու դահլիճները(1) կը բանակցին, համաձայնութեան գետին մը կը փնտռեն, կամ գոնէ այնպէս հաւատացնել կ՛ուզեն: Ինչ որ քիչ շատ որոշապէս կը տեսնուիՙ սա է, թէ Գերմանիա եւ Ռուսիա պատերազմ կ՛ուզեն: Անգլիա, վերջին վայրկեանին ի նպաստ խաղաղութեան գերագոյն ջանքեր կ՛ընէ, ահռելի հրդեհումին առաջքը առնելու համար, բայց ի զո՜ւր: Օգոստոսի 2ին (Ն.Տ.) կիրակի օր, թերթերը կը ծանուցանեն թէ ընդհանուր պատերազմը յայտարարուած է: Նոյն առտուն Պոլսոյ պատերուն վրայ փակցուած տեսանք հետեւեալ յայտարարութիւնը խոշոր գիրերով. «Սէֆէրպէրլիք վար, ասքէր օլան սիլահ ալթընա: Սէֆէրպէրլիկին պիրինճի կիւնի թէմուզըն 21իւճի բազար էրթէսի կիւնիւ»(2): Այս յայտարարութիւնը, ինչպէս յետոյ աքսորանքիս մէջ իմացայ, միեւնոյն օրը փակցուած է նաեւ գաւառներու մէջ, Անատօլուէն մինչւ Սուրիա, կուսակալանիստ քաղաքներէն մինչեւ ամենայետին նահիէին(3) մէջ: Եւ այդ տպուած թուղթերը, կնքուած պահարաններով(4), ամիսներ առաջ ղրկուած են ամէն կողմ, բոլոր մխթարներուն (5), ամենախիստ պատուէրներով, որ գաղտուկ պահեն եւ բանան միայն այն ժամանակ երբ կեդրոնէն հրաման գայ: Եւ այդ ծածուկ կնքուած պահարանները, որոնց գոյութիւնը իմացած է ժողովուրդը առանց պարունակութեանը ծանօթ ըլլալու, սարսափի մատնած է շատ տեղերու Հայերը, որոնք ենթադրած են թէ ջարդի հրաման մը կար անոնց մէջ ծածկուած: Սակայն խնդիրը այդ չէ: Ընդհանուր պատերազմի յայտարարութենէն շաբաթներ առաջ զօրաշարժի համար տրուած այս ծածուկ հրամանը ցոյց կուտայ թէ իթթիհատական կառավարութիւնը արդէն իսկ ծախուած էր Գերմանիոյ եւ որոշած էր անոր կողքին կռուելու: Դառնանք մեր պատմութեան: Այս օգոստոս 2ի պատմական կիրակիէն սկսեալ, յանկարծ Պոլսոյ կերպարանքը փոխուեցաւ, սովորական կեանքը խանգարուեցաւ, ընդհանուր իրարանցում մը, խուճապ մը տիրեց ամէն կողմ: Անակնկալներու, անծանօթ փորձանքներու երկիւղը զգաց ամէն մարդ: Ասոր առաջին արտայայտութիւնը եղաւ անօթի մնալու, ուտելիքէ զրկուելու վախը: Ամէն մարդ փուռերուն առջեւ, նպարավաճառներու խանութը վազեց, իր նիւթական կարողութեանը չափով ուզեց պաշար համբարել: Գտնուեցան մարդիկ որոնք այդ կիրակի օրը մէկ քանի ամսուան պաշար շտկեցին: Ընդհանուր համոզումը այն էր արդէն թէՙ պատերազմը հազիւ 2-3 ամիս պիտի տեւէր: Եւ սակայն մտատանջութիւնը հետզհետէ կ՛աւելնար: Երկուշաբթի առտու Բերայի Շիտակ ճամբուն վրայ շահեկան տեսարան մը կը պարզուէր: Բոլոր դրամատունները իրենց դռները փակած էին: Ժողովուրդը, այր ու կին, դռներուն առջեւ խռնուածՙ աղմուկ կը յարուցանէին եւ իրենց դրամները կը պահանջէին: Յուզումը, իրարանցումը եւ յուսահատութիւնը ընդհանուր էր: - Դրամներդ կրցա՞ր առնել... - Ո՛չ, դո՞ւն... - Ես ալ չկրցայ առնել, թիւ մը տուին ձեռքս, կարգիս կը սպասեմ կոր: - Բարեկամներէս մէկը հարիւր ոսկի ունի եղեր, հազիւ տասը ոսկի տուեր են: - Ալ ի՞նչ կ՛ուզէ, բախտաւոր է եղեր, կ՛ըսեն թէ հարիւրին հինգը միայն պիտի տան: - Ասանկ խաղքութիւն(6) կ՛ըլլա՞յ: Ու այսպէս ամէն մարդ իր ցաւը կուլար: Սրճարաններուն մէջ խօսակցութիւնները քաջալերական չէին: - Քաղաքին մէջ երեք օրուան ալիւր ունինք եղեր... - Ճամբաները բոլոր գոցուած են: - Հինգ օր է Եւրոպայէն թղթաբեր եկած չէ: - Գալիք ալ չունի: - Ամէն բան պիտի սղէ: - Քանի մը օխա (7) բաթաթէս (8) առնելու է: Սնունդի այս մտահոգութեան վրայ կը ծանրանար զինուորագրութեան խնդիրը: Բացի պատերուն վրայ փակցուած պաշտօնական յայտարարութիւններէն, թմբկահարներ օրն ի բուն փողոցէ փողոց կը շրջէին հրաւիրելով բոլոր 45 տարեկանէն վար եղողները երթալ արձանագրուիլ իրենց շիւպէները(9): Այդ թմբկահարները ճշմարիտ մղձաւանջ մը դարձած էին պոլսեցի զինուորական տարիք ունեցողներուն եւ ծնողքներուն համար: Օրուան ամէն ժամերուն, նոյնիսկ գիշերները, յանկարծ կը թնդար չարաշուք թմբուկին ձայնը: Ամէն մարդ, ահ ու դողով, կը վազէր պատուհան, մտիկ ընելու համար թմբկահարին ազդարարութիւնը: Ու ահաՙ կամաց-կամաց ծանօթներ, բարեկամներ կը մեկնէին, մախաղը ուսերնին, դէպի զինուորական ծառայութիւն: Իրա՛ւ է որ, սկիզբները, շատեր պէտէլ(10) վճարելով կամ ուրիշ անուղղղակի միջոցներով կրցած էին գոնէ առժամապէս փորձանքէն խուսափիլ: Օգոստոսի մէջ էր երբ, կիրակի օր մը, ընկերացայ Նշան Թաշէ մինչեւ Թէշվիքիէ, Լեւոն Շաթրեանին, որ իբրեւ 36նոց զինուոր կ՛երթար իր ծառայութիւնը ընելու: Շատ մը ծանօթ Հայ երիտասարդներ հաւաքուած էին հոն: Տեսարանը աւելի զուարթ էր քան տխուր: Ընդհանուր իրարանցումը, կերակրեղէն ծախողներու երթեւեկը եւ պոռչտուքը(11), նոյնպէս կարգ մը զինուորական պիտոյքներ ծախողներուն բազմութիւնը տեսակ մը տօնավաճառի երեւոյթը տուած էին ընդարձակ դաշտավայրին: Ծանօթներ իրարու քով կուգային զուարթ դէմքերով: - Վա՜յ, դու՞ն ալ հոս ես... - Հարկաւ, երեսուննոցներուն մէջ եմ: - Այս կռնակի մախաղդ քանիի՞ առիր: - Քսանըհինգ ղրուշի: - Խաբուեր ես, ես 18 ղրուշի առի եւ աւելի մեծ է: - Ո՞ւր պիտի տանին մեզի: - Չեմ գիտեր: Ու այսպէս, ուրախ, անտարբեր, խօսակցութիւնը կը շարունակուէր: Անդին աւելի տարէցներ կ՛երեւային, որոնք ո եւ է բեռ չունէին հետերնին: - Աս ի՞նչ է, դուն հետդ բան չես առեր: - Ես քառասուննոցներուն մէջն եմ: - Ուրեմն ինչո՞ւ եկեր ես: - Բարեկամներ տեսնելու: - Քու կարգդ ալ կուգայ քանի մը օրէն: - Տավուլին(12) կը սպասեմ կոր որդիս առնել գալու համար: - Մինակ ես չեմ ա՛, հարուստ, աղքատ ամէնքն ալ հոս են: Անշուշտ այդ բազմութեան մէջ տխուրներ, մտածկոտներ ալ կը գտնուէին, երիտասարդներ, որոնք իրենց սիրելիներուն վրայ կը մտածէին, որոնցմէ հազիւ կէս ժամ առաջ բաժնուած էին արցունքոտ աչքերով: Բայց շուրջերնին տիրող իրարանցումն ու ոգեւորութիւնը իրենց վրայ ալ կ՛ազդէ եւ ի վերջոյ իրենք ալ կը խառնուին ընդհանուր խօսակցութեան: Զինուորագրութիւնը այդ միջոցին հեշտ կ՛երեւար, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, ամէնուն համոզումը այն էր որ պատերազմը շատ կարճ պիտի տեւէր, ասկէ զատ Թուրքիա դեռ մասնակից չէր ընդհանուր կռիւին եւ չէր կարծուեր թէ իթթիհատականները յիմարութիւնը ա՛յնքան առաջ պիտի տանէին որ Պալքանեան պատերազմին ձախողանքէն հազիւ պրծածՙ նոր արկածախնդրութեան մը մէջ նետուէին: Զինուորական ծառայութեան գացողները կ՛ենթադրէին թէՙ քանի մը ամիս մարզանք ընելէ ետքը պիտի վերադառնային իրենց տեղը: Ասոր համար շատեր, որոնք պէտէլ վճարելու կարող էին, նախընտրեցին զինուորական ծառայութիւնը: - Յիսուն ոսկին ես չե՞մ կրնար կոր ուտել,- մտածելով: Կառավարութիւնն ալ պաշտօնապէս յայտարարած էր իր չէզոքութիւնը, իսկ գալով զօրահանութեան, ըսած էր թէ այդ որոշումը դրապէս կարենալ գործադրելու համար էր որ մասնակի զօրակոչ կ՛ընէր: Նոյն միջոցներուն էր, երբ օր մը, փողոցին մէջ, հանդիպեցայ թղթատարական նախարար Ոսկան էֆենտիի(*): Բնականաբար մեր խօսակցութիւնը դարձաւ օրուան հրատապ դէպքերուն շուրջը: Ոսկան էֆէնտին շատ յոռետես գտայ: - Այս մարդիկը Գերմանիոյ պիտի միանան ու պիտի պատերազմին,- ըսաւ: - Բայց կատարեալ յիմարութիւն է ատիկա,- դիտել տուի: - Յիմարութիւն կամ ո՛չ, իրողութիւնը այս է: - Եւ արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ: - Իրենց համար շատ գէշ, որովհետեւ կասկած չի կայ թէ ի վերջոյ Գերմանիա պիտի յաղթուի: Արդարեւ, ինչպէս ամէն Հայ, Ոսկան էֆէնտի ալ նոյն համոզումը ունէր: - Միայն թէ,- աւելցուց,- մեզի համար շատ վտանգաւոր շրջան մը պիտի անցընենք: Իցիւ թէ(13) գործը երկար չտեւէր: Կառավարութիւնը, իբրեւ թէ իր չէզոքութիւնը շեշտելու համար, հետզհետէ միջոցներ ձեռք կ՛առնէր: Այսպէս, պատերազմէն քիչ յետոյ նեղուցները փակուեցան: Զինուորական իշխանութեան հրամանով որոշուեցաւ գիշերուան ժամը 10-էն գոցել բոլոր սրճարանները, թէյարանները, գարեջրատունները եւ այդ կարգի զբօսատեղիները: Թերթերու գրաքննութիւնը հաստատուեցաւ: Որոշապէս թուականը չեմ յիշեր, բայց նոյն միջոցներուն էր, երբ օր մը լուր բերին ինծի թէՙ ֆրանսական դեսպանատունը գտնուող Հայ մը կ՛ուզէր անպատճառ զիս տեսնել: Հետաքրքիրՙ դիմեցի դեսպանատուն եւ յանկարծ դէմս գտայ Թորգոմը, Փիէռ Լօթիի(**) հետ մենամարտելու գացող պուլկարահայ սպան, որուն պատկերը հրատարակած ու գովեստը ըրած ըլլալուս համար «Ժամանակ» շաբաթ մը դադարման դատապարուած էր ու պատասխանատու խմբագիրը, Հրանդ Սամուէլ, մազ մնացած էր որ Սինոպ աքսորուէր, եթէ Զաւէն պատրիարք չմիջամտէր: - Ի՞նչ ունիս հոս,- գոչեցի տեսնելով մեր արկածախնդիր բարեկամը: - Պուլկարական բանակը թողուցի ու փախայ,- ըսաւ: - Ինչո՞ւ համար... - Որովհետեւ այդ անպիտանները Գերմանիոյ ու Թուրքիոյ պիտի միանան ու ես չեմ ուզեր անոնց հետ կողք-կողքի կռուիլ Ֆրանսայի ու Անգլիոյ դէմ: - Հիմա ի՞նչ է միտքդ: - Ռուսիա պիտի անցնիմ եւ ռուսական բանակին մէջ ծառայութեան պիտի մտնեմ: Եւ Թորգոմ բացատրեց իր կացութիւնը: Զինուորական նոր պաշտօնով մը Տէտէ Աղաճ ղրկուած միջոցինՙ փախած էր ու Էտիրնէէն երկաթուղիով եկած էր Պոլիս: - Բայց հոս, եթէ ոստիկանութիւնը իմանայ, կրնայ քեզ ձերբակալել,- դիտել տուի: - Անշուշտ,- պատասխանեց,- եւ ճիշտ ասոր համար է որ հոս, ֆրանսական դեսպանատունը ապաստանեցայ, բայց, դժբախտաբար, աւելի երկար ատեն չեմ կրնար մնալ հոս եւ իրենց հիւրընկալութիւնը չարաչար գործածել, պէտք է որ հիմա մեկնիմ հոսկէ եւ ուրիշ տեղ մը գտնեմ ինծի, մինչեւ որ յաջողիմ ճամբայ ելլել դէպի Ռուսիա: Ո՛չ միայն թրքական ոստիկանութիւնըՙ այլ նաեւ պուլկար կառավարութիւնն ալ ապահովաբար կը հետապնդէ զիս եւ գիտէ թէ Պոլիս ապաստանած եմ: Ինծի ապահով տեղ մը պէտք է գտնաս: - Բայց ո՞ւր... քեզի պէս վտանգաւոր մէկը ո՞վ կը համարձակի քովը պահել: Երկար խորհրդակցութենէ ետքը, որոշեցինք գոնէ նոյն գիշերը օթէլ մը տեղաւորել զինքը եւ հետեւեալ օր աւելի յարմար թաքստոց մը գտնել: Խօսակցութեան միջոցինՙ Թորգոմ յայտնեց նաեւ որ նիւթական շատ անձուկ վիճակի մը մէջ կը գտնուի. թէ վրան հազիւ քանի մը ֆրանք ունի եւ թէ առնուազն հազար ֆրանք պէտք է իրեն ինքզինք գոնէ Օտեսա նետելու համար: - Անգամ մը որ հոն հասնիմՙ կրնամ գլխուս ճարը տեսնել,- յայտարարեց: Իբրեւ բեռ միակ պայուսակ մը ունէր: Տղու մը միջոցաւ զայն փոխադրեցի «Սավուա» օթէլը ուր քիչ ետքը ինքն ալ եկաւ: Հիմա կը մնար հազար ֆրանքը ճարել: «Ահաւասիկ խնդիրը»,- ինչպէս կ՛ըսէ Շէքսբիր: - Հարուստները պէտք է տան,- ըսաւ Թորգոմ,- ես ազգին համար զոհուած մարդ մըն եմ, ազգին պատիւը բարձր պահելու համար մինչեւ Փարիզ գացի ու մենամարտեցայ ամէնէն ճարտար սուսերամարտիկին հետ ու ճիշտ սրտէս վիրաւորուեցայ: Եւ Թորգոմ շապիկը բանալով ցոյց տուաւ սպիացած վէրքին նշանը: - Ազգային փառք մըն եմ ես այսօր,- շարունակեց, կէս լուրջ կէս ծաղրական շեշտով մը,- եւ այսչափ զոհողութիւն պէտք չէ որ զլանան ինծի: - Իրաւունք ունիս,- պատասխանեցի,- բայց մեր հարուստները այնքա՜ն վախկոտ են որ եթէ անունդ լսենՙ ո՛չ թէ միայն դրամ տալու պիտի վարանին, այլ քուներնին ալ պիտի փախչի: - Ի՞նչ ընենք ուրեմն... Կը մտածէի թէ որո՞ւ կրնայի դիմել որ կարող ըլլար գնահատել Թորգոմի պէս մէկը եւ միանգամայն ի վիճակի ըլլար հազար ֆրանք տալու: Զօհրապը(***) միտքս ինկաւ: - Թերեւս իրմէ կարենանք առնել,- ըսի: - Այո՛,- գոչեց Թորգոմ,- լաւ մտածեցիր, Զօհրապ զիս ալ լաւ կը ճանչնայ եւ զգացումի ալ տէր է, վաղը առտու կանուխ եկո՛ւր եւ միասին կ՛երթանք իրեն: Ու բաժնուեցայ իրմէ: Հետեւալ առտու կանուխ վերադարձայ իր մօտ: Թորգոմ տենդային վիճակի մէջ էր: Լուր առած էր թէ ոստիկանութիւնը իմացած է իր Պոլիս գտնուիլը եւ թէ խուզարկութիւններու ձեռնարկած է: Հապճեպով զգեստները հագաւ: Պայուսակին մէջէն խոշոր րէվօլվէր մը հանեց իր կաշիէ պատեանովը ու մէջքին կապեց, յետոյ աւելի փոքր բրաունինկ մը տեղաւորեց գրպանը: - Եթէ փողոցը զիս ձերբակալել ուզենՙ պիտի դիմադրեմ, ու ի հարկին վրանին կրակ պիտի ընեմ... Այս տրամադրութեան ներքեւ գտնուող մէկու մը հետ ճամբայ քալելը հաճելի բան մը չէր. այսուհանդերձ ստիպուեցայ համակերպիլ, բախտի յանձնելով ամէն բան: Մինչեւ Ղալաթիա պիտի երթայինք, Լաճիվէրտ խան, ուր կը գտնուէր Զօհրապի գրասենեակը: Բայց անկէ առաջ Թորգոմ ուզեց ռուսական հիւպատոսարանը հանդիպիլ: Անվտանգ անցանք Շիտակ ճամբէն, հիւպատոսարան մտանք ուր բարեկամս տեսակցեցաւ մէկ քանի պաշտօնեաներու հետ: Յետոյ ճամբանիս շարունակեցինք ու եկանք Լաճիվէրտ խան: Զօհրապ հոն չէր: Արդարեւ նոյն միջոցին Զօհրապ Մեծ Կղզի կը նստէր: Յուսահատՙ դուրս ելանք: - Ի՞նչ պիտի ընենք հիմա,- հարցուց Թորգոմ: - Իրա՛ւ որ չեմ գիտեր: - Բայց պէտք է որ անպատճառ տեսնենք Զօհրապը.... - Դժբախտաբար Կղզին կը բնակի, եթէ ո՛չ գոնէ իրիկունը տեսնելու փորձը մը կ՛ընէինք: - Ուրեմն վաղը առտու Մեծ Կղզի ուղղակի իր տունը երթանք: - Երթանք,- ստիպուեցայ համակերպիլ: Հետեւեալ օրը կիրակի էր ու ապահովաբար պիտի կրնայինք Զօհրապը իր տունը գտնել: Ժամադիր եղանք կամուրջին վրայ, կղզիներու նաւամատոյցը եւ իրարմէ բաժնուեցանք: Նոյն օրն իսկ իմացայ որ Բերայի մէջ ոստիկանները իբր Թորգոմ ձերբակալած էին Սարգիս Մինասեանը, որ հեռուէ հեռու նմանութիւն մը ունէր մեր բարեկամին հետ: Կիրակի առտու գացի կղզիներու շոգենաւը: Սակայն Թորգոմ չեկաւ ու ես առանձին գացի Մեծ Կղզի ու ետեւեալ առտուն ուղղուեցայ դէպի Նիզամ ուր կը գտնուէր Զօհրապի բնակարանը: Ներքնապէս գոհ էի որ Թորգոմ չէր եկած, քանի որ Արամ Անտոնեանէն իմացած էի որ իր ներկայութիւնը դժգոհութիւն պիտի պատճառէր Զօհրապի: Հիմա առանձինՙ կրնայի իրեն հետ տեսնուիլ ու ազատօրէն ամէն բան բացատրել: Բարեբախտաբար նոյն միջոցին Զօհրապը տեսայ որ դէպի նաւամատոյց կուգար: Միասին մեր ճամբան շարունակեցինք: Երբ պատմեցի իրեն Թորգոմի գալուստը եւ իրմէ սպասած ակնկալութիւնը, շատ յուզուեցաւ. - Ամա՜ն,- գոչեց,- չըլլայ որ գայ զիս տեսնելու, ըսէ իրեն որ դժբախտաբար այս միջոցիս ի վիճակի չեմ իր ուզած գումարը տալու, եթէ խնդիրը փոքրիկ գումարի մը վրայ ըլլար, ամենայն հաճութեամբ... Ինչ որ ալ ըլլայՙ խորհուրդ տո՛ւր իրեն որ իսկոյն հեռանայ Պոլսէն, եթէ ձեռք անցնիՙ գործը գէշ է: Հիմա ժամանակները փոխուած են... Հանդարտեցուցի զինքը եւ ըսի որ ամէն ջանք պիտի ընեմ որպէսզի Թորգոմ ո՛ եւ է կերպով զինքը անհանգիստ չընէ: Յետոյ, մեր խօսակցութիւնը շարունակեցինք օրուան կացութեան շուրջը: Երբեք Զօհրապը չէի տեսած այնքա՜ն յոռետես որքան այդ օրը: - Սարսափելի օրերու մէջ կ՛ապրինք կոր,- ըսաւ,- այս թուրքերը բոլորովին փոխուած են, մանաւանդ մեզի հանդէպ... - Ի՞նչ բանէ կը վախնաք,- հարցուցի: - Կը վախնամ որ մեզ ամէնքս ալ ջարդեն,- պատասխանեց Զօհրապ, իրապէս յուզուած շեշտով մը:- Այդ ընդհանուր պատերազմը իրենց համար առիթ մըն է որ երբեք ձեռք չպիտի կրնան անցընել: Այդ օրէն ետքն ալ, քանի անգամ որ Զօհրապի հետ խոսակցելու պատեհութիւնը ունեցայ, նոյն տրամադրութեան մէջ գտայ զինքը: - Պիտի ջարդեն մեզի,- կը կրկնէր: Ու ասիկա սեւեռուն գաղափար մը եղած էր իր մէջը: Գալով Թորգոմինՙ երկուշաբթի երբ Կղզիէն Պոլիս վերադարձայ ու եկայ «Ժամանակ»ի խմբագրատունը ինծի ըսին որ հոն եկած էր զիս փնտռելու: Ցերեկուան մօտ թէլէֆօնով խօսեցաւ հետս: - Ռուսական հիւպատոսարանը կը գտնուիմ,- ըսաւ,- ու կէսօրէն ետքը ռուսական շոգենաւով պիտի մեկնիմ Օտեսա, շոգենաւ եկուր զիս տեսնելու: - Դրամի խնդիրը ի՞նչ ըրիր,- հարցուցի: - Կարգադրեցի,- պատասխանեց: Այս լուրը շատ ուրախացուց զիս, որովհետեւ անկեղծօրէն կը փափաքէի որ բարեկամս ազատէր իր նեղ կացութենէն: - Անպատճառ գաս շոգենաւ, զիս տեսնելու,- կրկնեց թէլէֆօնին մէջէն: Խոստացայ երթալ, բայց վերջին պահուն վարանեցայ ու չգացի: Շատ իրաւունք ունիմ եղեր խոհեմութեամբ շարժելու, որովհետեւ շոգենաւին շուրջ ոստիկանութիւնը կը հսկէ եղեր, ինչպէս յետոյ իմացայ: Ամիսներ ետքը իմացանք որ Թորգոմ Բեդերսպուրկի պուլկարական դեսպան Ռատկօ Տիմիթրիէֆի բանակին մէջ կը կռուի եղեր Կալիցիոյ սահմաններուն վրայ, թէ նոյնիսկ քաջութիւններ գործած, վէրքեր ստացած ու աստիճանի բարձրացումներ ունեցած է: Իսկ աւելի ետքը, անցած է Կովկաս ու միացած հայկական գունդերուն եւ Վանի գրաւումին մասնակցողներէն մէկը եղած է: Ընդհանուր պատերազմի առաջին արդիւնքներէն մէկն ալ եղաւ քափիւթիւլասիօններու (14) ջնջումը, որ տեղի տուաւ, իբրեւ թէ, ժողովրդական խանդավառ ցոյցերու, յատկապէս կազմակերպուած Իթթիհատ կուսակցութեան կողմէ: Գրեթէ միւենոյն ժամանակ «Կէօպէն» եւ «Պրեսլաւ» գերմանական մարտանաւերը, անգլիական նաւատորմէն հալածուած, կը յաջողէին ապաստանիլ Տարանտէլի նեղուցը եւ օր մը ետքը, պաշտօնապէս կը ծանուցուէր թէ այդ երկու զրահաւորները թուրք կառավարութիւնը գնած էր եւ միացուցած օսմանեան նաւատորմին: Բոլոր ասոնք կը զգացունէին թէ Թուրքիա կը պատրաստուէր մասնակցելու պատերազմին, Գերմանիոյ հետ միացած: Բայց տակաւին շատեր չէին հաւատար այսպիսի հաւանականութեան եւ կը կարծէին թէ վերջին վայրկեանին Իթթիհատ պիտի հրաժարէր այսպիսի յիմարութենէ մը: Սեպտեմբերի մէջ Տարտանէլի նեղուցը կը գոցուի նաեւ առեւտրական շոգենաւերու համար: Հայերու դէմ արդէն իսկ թշնամութիւնը ծայր կուտայ թուրքերու մէջ: Այս բանին կը նպաստէ եւրոպական թերթերու այն լուրը թէՙ Ռուսիոյ կայսրը ուքազով(15) մը անկախութիւն խոստացել էր Կովկասի Հայերուն: Նոյն միջոցին Արեւելեան նահանգներու բարենորոգմանց քննիչ Հօֆֆ, որ Վան կը գտնուէր պատերազմը ծագած միջոցին, կը վերադառնայ Պոլիս իր հետեւորդներով: Հոկտեմբեր 18/31ի թերթերը կը ծանուցանեն թէ օսմանեան նաւատորմին մէկ փոքր մասը Սեւ ծովի մէջ փորձեր կատարելու ատեն ռուս նաւատորմը, որ նախապէս բոլոր այս փորձերուն կը հետեւէր եւ զանոնք կը խանգարէր, ի վերջոյ թշնամութիւններու սկսած է եւ յարձակած է օսմանեան նաւատորմին վրայ: Ասկէ առաջ եկած կռիւին մէջ օսմանեան նաւատորմը ընկղմած է 5000 թօնօնոց «Բիօթ» ականադիր նաւը, յետոյ ծանր վնասներ տուած է ռուս թորփիլանաւերէն մէկուն եւ գրաւած է ածխաբարձ նաւ մը: Յետոյ, «Կայրէթ», «Միլլիէ» թորփիլանաւին կողմը արձակուած թորփիլ մը ընկղմած է 1100 թօնօ տարողութեամբ «Քուպանէց» թորփիլահալածը եւ «Մուավէնէթը» «Միլլիէ» թորփիլանաւին կողմէ արձակուած թորփիլ մը շատ ծանր վնասներ պատճառած է ռուս եզերապահի մը, եւ այլն: Թերթերը կը ծանուցանէին թէ ծովային կռիւները կը շարունակուին «մեր նաւատորմին նպաստաւոր կերպով»: Միեւնոյն ատեն կը ծանուցանէին թէՙ կայսերական կառավարութիւնը ամենաբուռն կերպով պիտի բողոքէ ռուսական նաւատորմին կողմէ մեր նաւատորմին մէկ փոքր մասին դէմ ուղղուած թշնամական այս արարքին համար: Յաջորդ օրն իսկ կը մեկնին ռուս դեսպանն ու հիւպատոսը եւ օր մը վերջն ալ ֆրանսական ու անգլիական դեսպանները: Այսպէս Էնվէր ու Թալէաթ կը հասնին իրենց նպատակին ու Թուրքիան կը նետեն արկածախնդրութեան մը մէջ, ուրկէ դուրս պիտի գար փճացած ու կործանած: Քանի մը օր ետքը արդէն իսկ Տարտանէլի ռմբակոծումը կ՛սկսի եւ Կովկասի սահմաններուն վրան առաջին թնդանօթները կ՛արձակուին: Հակառակ թուրք վարձկան մամուլի պոռչտուքներուն(16) եւ բռնի կազմակերպուած ցոյցերուն, Թուրքիոյ ընդհանուր պատերազմին մասնակցութիւնը բնաւ խադավառութիւն յառաջ չբերաւ: Ընդհակառակը մտատանջութեան մատնեց ժողովուրդը, մանաւանդ զինուորական տարիք ունեցողները: Նոյեմբեր 1/14ին տեղի ունեցաւ մեծ միթինկ մը, միշտ Իթթիհատի կողմէ պատրաստուած եւ որու մէջ Ճիհատի յայտարարութիւնը եղաւ: Յետոյ հսկայ թափօր մը, որուն կը մասնակցէին բոլոր թուրք արհեստաւորներըՙ լէպլէպիճի (17), բեռնակիր, կառապան, մսավաճառ եւ այլ, եւ այլ, փողոցները շրջեցաւ տավուլ-զուռնայի խլացուցիչ աղմուկներով: Այս խառնիճաղանճ ամբոխը, որուն առջեւէն վայրագ դէմքով եւ այլանդակ տարազով մարդիկ կը քալէին մերկ սուրերը օդին մէջ ճօճելով, անցաւ կամուրջէն եւ ուղղուեցաւ Բերա, թշնամական ցոյցեր ընելու համար ֆրանսական, ռուսական եւ անգլիական դեսպանատուներուն առջեւ: Ցուցարարները այսքանով չբաւականացան սակայն եւ իրիկուան դէմ յարձակեցան Թօքաթլեան սրճարանին վրայ, ապակիները խորտակեցին եւ կարասիներն ու սպասները ջարդ ու փշուր ըրին եւ հոն գտնուող մէկ քանի քրիստոնեայ յաճախորդներ ալ գաւազանահար ծեծեցին: Այս վայրենի արարքով վերջ գտաւ Ճիհատի յայտարարութիւնը: Յաջորդ օրերուն թուրք ամբոխը, ոստիկաններու եւ զինւորներու աջակցութեամբ, քանդեց Քալաթարիա գտնուած ռուսական գեղեցիկ ու հոյակապ յիշատակարանը: Ճիհատի յայտարարութիւնը, անոր յաջորդող դէպքերը եւ թուրքերուն հակաքրիստոնէական ցոյցերը, որոնք գրեթէ ամէն օր զանազան ձեւերով կը կրկնուէին, սկսան բաւական մտատանջութիւն պատճառել պոլսեցիներուն եւ մանաւանդ Հայերուն, որոնց դէմ մասնաւոր ատելութիւն մը կարծես ծայր տալ կ՛սկսէր: Դեկտեմբերի վերջերը թրքական բանակը յաջողութիւններ ունեցաւ Կովկասի սահմաններուն վրայ եւ օր մըն ալ լսեցինք թէ Արտահանը գրաւուած է, ինչ որ զարմանք եւ մանաւանդ յուսախաբութիւն պատճառեց մեզի: Այս յաղթանակը տօնուեցաւ փայլուն կերպով: Ոստիկանութեան հրամանով բոլոր խանութները եւ վաճառատունները, ինչպէս նաեւ խմբագրատուները դրօշազարդուեցան: Քիչ յետոյ սակայն, 1915 փետրուարի մէջ, Տարտանէլի ռմբակոծումը սաստկացաւ, ինչ որ շատ պաղ ջուր լեցուց թրքական խանդավառութեան վրայ: Պահ մը նոյնիսկ ըսուեցաւ թէ նեղուցը չպիտի կրնար դիմանալ եւ թէ անգլիական մարտանաւերը մէկ օրէն միւսը պիտի երեւնային Մարմարայի մէջ: Զգայացունց լուրեր, ամէն օր, բերնէ բերան կը շրջէին: - Իմացա՞ք, կառավարութիւնը կը պատրաստուի եղեր Պոլսէն մեկնելու: - Պոլիսը զինուորական իշխանութեան պիտի յանձնուի: - Հանրային պարտքի վարչութիւնը սնտուկներ պատրաստել կուտայ կոր տետրակները փոխադրելու ամար: - Կայսերական թանգարանը կը պարպեն կոր եղեր: - Կառախումբ մը, շոգիի տակ, պատրաստ կը սպասէ եղեր Հայտար փաշայի կայարանը, եւ այլն: Այդ լուրերէն շատերը, թէեւ հնարածոյ, բայց հաւատացողներ կը գտնէին: Գալով ընդհանուր պատերազմի լուրերունՙ ստիպուած էինք գոհանալ «Վօլֆ» գործակալութեան պաշտօնական զեկոյցներովը: Ֆրանսական, իտալական կամ անգլիական ո եւ է թերթ այլեւս չէր մտներ Պոլիս: Երբեմն, անուղղակի միջոցներով, կը յաջողէինք փարիզեան մէկ քանի թերթեր ձեռք ձգել զորս անյագութեամբ կը լափէինք: Գիտէինք սակայն, որ վճռական կռիւներ տեղի չէին ունենար Արեւմտեան ճակտին վրայ: Ամէն բան դանդաղ կ՛ընթանար ու այլեւս ո՛չ ոք կը հաւատար թէ պատերազմը քանի մը ամիսէն պիտի վերջանար: Լօրտ Քիշնէր արդէն յայատարարած էր թէ հինգ կամ եօթը տարի պիտի տեւէր այս պատերազմը: Աւստրիոյ սահմաններուն վրայ Ռուսերը կը շարունակէին իրենց յառաջխաղացութիւնը եւ մարտի մէջ լսեցինք Բրղէմիսլի անկումը: Բայց հոդ կանգ առաւ նաեւ ռուսական յաջողութիւնը: Թուրքերը գիտէին թէ Հայերուն համակրութիւնը դէպի ո՞ր կողմը կը հակի. ու այս բանը կը զայրացնէր զիրենք: «Գարակեօզ» օր մը գրեց. «Եթէ կ՛ուզէք հասկնալ պատերազմին ընթացքը, Հայերուն դէմքին նայեցէ՛ք: Եթէ Հայերուն դէմքը կը խնդայՙ ըսել է որ Ֆրանսացիները եւ Ռուսերը յաղթող են, իսկ եթէ իրենց դէմքը տխուր էՙ վստահ եղիք որ Գերմանացիներն են յաղթողը»: Այդ միջոցներուն զրոյց մը մէջտեղ ելաւ, որուն շատ հաւատք չընծայեցինք: Իբր թէ ոստիկանութիւնը Հայերու ցուցակներ կը պատրաստէ եւ այդ ցուցակներուն համեմատ շատեր պիտի աքսորուին: - Վեց հազար Հայերու ցուցակը պատրաստուած է,- լուր կը բերէր մին: - Ո՛չ, միայն երկու հազար հոգիի ցուցակ մը կայ եղեր,- կը հաւաստէր ուրիշ մը: Օրերով այդ ցուցակին լուրը լսեցինք, բայց, ինչպէս ըսի, առանց հաւատք ընծայելու: Սակայն բոլոր այդ զրոյցները հետզհետէ մտահոգութեան մթնոլորտ մը կը ստեղծէին մեր շուրջը: Օդին մէջ սպառնալիք մը կար: 1. Կառավարութիւնները: 2. Զօրահաւաք է, ով զինուոր էՙ զէնքի դիմի: Զօրահաւաքի առաջին օրըՙ յուլիսի 21-ը, երկուշաբթի օրն է: 3. Գաւառակի: 4. Ծրարներով: 5. Գիւղապետներին, քաղաքում թաղի ամենափոքր միաւորի (մահալլէ) կառավարիչներին: 6. Խայտառակութիւն, անամօթութիւն: 7. Չափի միաւոր (400 գրամ): 8. Կարտոֆիլ: 9. Մասնաճիւղերը, այստեղՙ ոստիկանական բաժանմունքները: 10. Փոխարժէք, այստեղՙ զինուորական ծառայութիւնից ազատուելու համար կատարուած վճարում: 11. Գոռգոռոցը, աղմուկ-աղաղակը: 12. Թմբուկին: 13 .Երանի թէ: 14. Համաձայնագրերի: 15. Հրամանագրով, հրովարտակով: 16. Այստեղՙ վայնասունին: 17. Խորոված սիսեռ վաճառող: *) Ոսկան էֆենդի Երկանյան. Օսմանյան կառավարության անդամ, կապի եւ տրանսպորտի նախարար: Նախարարական պաշտոնից հրաժարվել էՙ առանց կառավարության որոշման պատերազմ հայտարարելու պատճառով: **) Ֆրանսիացի գրող, հայտնի թուրքասեր եւ, բնականաբար, հայատյաց: ***) Խոսքը մեծանուն գրող, Օսմանյան խորհրդարանի անդամ Գրիգոր Զոհրաբի մասին է: |