RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#038, 2016-10-14 > #039, 2016-10-21 > #040, 2016-10-28 > #041, 2016-11-04 > #042, 2016-11-11

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #40, 28-10-2016



ՕՐԱԿԱՐԳ

Տեղադրվել է` 2016-10-28 12:30:27 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 5607, Տպվել է` 470, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԾԵՐԱՆՈՑ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

«Ազգ» շաբաթաթերթի անցեալ թիւին մէջ երբ կը կարդայի Գոհար Աճեմեանի յուշերը Սէն Ռաֆայէլի ծերանոցին մէջ Շահան Շահնուրին տուած այցելութեան մասին, ծերանոցի եւ անոր բնակիչ ծերունիներուն հետ կապուած նկարագրականին մէջ կ՛ըսէր. «...Յոյսի կանթեղներ են մարմրում նրանց աչքերի մէջ, նրանք ամէն օր սպասում են ինչ- որ մէկին, մօտիկ եւ հեռաւոր մի ազգականի, կամ մի հարազատի, որին կորցրել էին ինչ-որ ժամանակ ու հիմա սպասում են ... ու հիմա մարում են նրանց յոյսի կանթեղները...»:

Գուցէ երիտասարդներուն համար ոչինչ ըսեն այս տողերը. գուցէ ընտանեկան պարագաներով եւ հարազատներով շրջապատուած բախտաւորները շատ չազդուին այս տողերէն, սակայն անոնք, որոնք իրենց ետին ձգած են երիտասարդութեան տարիները եւ մինակ մնացեր են, անո՛նք է որ լիօրէն կ՛ըմբռնեն տրուած նկարագրականը:

Հալէպի մէջ հայերէնի դասաւանդման իմ ծրագրիս մէջ, զանազան թեմաներու շարքին, ունէի նաեւ աշակերտներուս հետ Ազգային ծերանոց այցելելու ծրագիրը, զոր փափկանկատօրէն վերջին տարիներուն կոչած էին «Հանգստեան տուն»: Նպատակս էր 15-16 տարեկան երկսեռ աշակերտներուս հանդիպիլ տալ այդտեղի բնակիչներուն, խօսեցնել զանոնք, ականջ տալ անոնց պատմածներուն, ապա շարադրութեան նիւթի վերածել իրենց լսածներն ու տպաւորութիւնները:

Եւ տեսնելու էր, թէ ինչ շարադրութիւններ կը գրուէին... յուզախառն, սրտամաշ... Հայերէնի կողքին, որպէս կողմնակի «օգուտ», նպատակս էր նաեւ այս պարմանները դէմյանդիման բերել կեանքի այս տխուր էջին, որպէսզի զգաստանան, չկարծեն, որ ամբողջ կեանքը խաղ ու պար է. կեանքին վարդագոյնին կողքին տեսնեն նաեւ անոր գորշութիւնը , որպէսզի աւելի իրապաշտ մօտեցում ունենան, գիտնան արժէքը իրենց ընտանիքի անդամներուն, ընկերներուն եւ գիտնան պաշտպանուիլ, երբ հարուածներ ստանան իրենց կեանքին մէջ:

Հաւատացէք, այդ այցելութիւններէն ետք, պատանիները սկսած են աւելի սիրալիր վերաբերմունք ցոյց տալ իրենց հետ ապրող մեծ հօր ու մեծ մօր:

Այն ինչ որ տեսած եւ այդ մասին գրած է Գ. Աճեմեանՙ միեւնոյնն էր Հալէպի մէջ, եւ վստահ եմ աշխարհի բոլոր ծերանոցներուն մէջ: Վայրերը կը փոխուին, անձերը կը փոխուին, սակայն տարեցներուն հոգեվիճակները կը մնան անփոփոխ:

Ծերութեան մէջ առանձնութիւն. ասկէ աւելի հոգեմաշ բան պատկերացնել կարելի՞ է: Մարդիկ, որոնք աշխարհի ճոխութիւններէն ոչինչի կարօտը ունին, բացի հարազատներէ, քիչ մը գուրգուրանք, պուտ մը ժպիտ, երկու անուշ խօսք... Եւ դժբախտաբար այս «մանրուքներն» ալ տալու կը զլանան շատեր, գուցէ չեն զլանար, սակայն կը մոռնան իրենց առօրեայ վազքին մէջ:

Հալէպի Ծերանոցը պատերազմի զոհ հայկական ազգային հաստատութիւններէն մէկն էր, ռմբակոծուեցաւ, քանդուեցաւ, ստիպուած բնակիչները փոխադրեցին աւելի յարմարաւէտ ու քիչ թէ շատ անվտանգ թաղամաս մը, Կիւլպէնկեան Մայրանոց-հիւանդանոցը: Սակայն ուր ալ երթան անոնք, ուր ալ բնակեցնեն զիրենք, նոյնիսկ պալատի ու ոսկեզօծ կահաւորանքի մէջ, միեւնոյնն է, անոնց սառած աչքերը միշտ շէնքի մուտքին են, յանկարծ տեսար հարազատ մը, ծանօթ մը ներս մտաւ... Ինչո՞ւ չեն գար, ո՞ւր են:

«Ու հիմա մարում են նրանց յոյսի կանթեղները...»:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #40, 28-10-2016

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ