ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ ՀՈՍ ՈՒ ՀՈՆ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Կը մտածեմ, որ Հայաստանէն հեռացած ընտանիքներու զաւակները, եթէ հեռատեսիլէն հետեւեցան այստեղի դպրոցներուն վերջին զանգի զանազան միջոցառումներուն, աշակերտութեան ուրախութեան ու ցնծութեան դրսեւորումներուն, տեսան ու լսեցին միջոցը լեցնող անոնց ուրախ բացագանչութիւնները, երգն ու պարը, ի՞նչ զգացում ունեցան արդեօք, յուզուեցա՞ն, չտամկացա՞ն անոնց աչքերը, երանի չտուի՞ն իրենց երբեմնի ընկեր-ընկերուհիներուն, չդարձան ու չ՛ըսի՞ն իրենց ծնողներունՙ «Ինչո՞ւ եկանք, ինչո՞ւ մեզ հոս բերիք»: Հաւանաբար Հայաստանի դպրոցները իրենց համեստ կառոյցներով ու կահաւորումով չեն կրնար մրցիլ Ամերիկայի դպրոցներու փարթամ կառոյցներուն ու ներքին ճոխութեանց հետ, սակայն, այստեղ առաւօտուն աշակերտներուն դիմաւորողը դպրոցին վրայ ծածանող Հայաստանի դրօշակը կ՛ըլլայՙ Արարատի ֆոնին վրայ: Ու կը մտածեմ. այսօրուան աւագ դպրոցներէն շրջանաւարտ եղողներէն քանի՞ն պիտի մնան ու տեղական համալսարանները յաճախեն. քանի՞ն բանակ պիտի երթան իրենց զինուորական ծառայութիւնը կատարելու. քանի՞ն իրենց ծնողներուն հետ երկիրը պիտի լքեն: Ո՞վ կրնայ կանխագուշակել այսօրուան շրջանաւարտ տղոց ու աղջիկներուն ապագան: Անոնցմէ շատեր անպայման ընտանիք պիտի կազմեն ու ծնողներ դառնան, որոնցմէ ոմանք գիտնական ու արուեստագէտ դառնան, կամ գրող ու քաղաքագէտ, գուցէ եկեղեցական, կամ զինուորական. բայց արդեօք պիտի լաւ քաղաքացիներ ըլլա՞ն: Մերօրեայ անցուդարձերը ապրած տղաքն ու աղջիկները ապագային պիտի փորձե՞ն անցեալի պետական մարդոց մեղաւոր արարքները չկրկնել. պիտի փորձե՞ն իրենց ներդրումը կատարել երկրին, թէ՞ դրամասիրութեամբ տարուած պիտի մոռնան իրենցմէ ակնկալուած յանձնառութիւնները: Ի՞նչ իմանաս, ո՞վ կրնայ կանխատեսել: Եթէ այսօր այս հարցը տրուի իրենց ծնողներուն, անոնցմէ քանի՞ն կրնայ մօտաւոր պատասխան մը տալ, մէյ մը ըստ ընտանեկան դաստիարակութեան, մէյ մըն ալՙ եթէ լաւ կը ճանչնան իրենց զաւակները, անոնց նկարագիրն ու ընդունակութիւնները: Այս մտմտուքները կ՛ունենամ եւ միտքս կ՛երթայ մեր ապրած երկրին ու Հալէպի մեր դպրոցներուն: Կը փորձեմ համեմատել ու որոշ նմանութիւններու կողքին կը մտաբերեմ որոշ տարբերութիւններ ալ: Երկար տարիներ կրթական ոլորտին մէջ գործելովՙ բաւական ծանօթ եղած եմ մեր դպրոցներու իրավիճակին: Հալէպի մէջ մեր դպրոցները սովորաբար կառուցուած են եկեղեցիներու կից, երբեմն նոյն շրջաբակին մէջ, որոնց մօտ ալ եղած է ակումբ մը: Արդէն ինքնին հասկնալի է, թէ ի՞նչ նպատակով այս երեք ազգապահպան կառոյցները իրար կից են եղած եւ իսկապէս ալ յաջողած են իրենց առաքելութեան մէջ ու ահա՛ հարիւրամեակ մը ետք տակաւին կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը պահպանել, բայց դժուարութեամբ, Սուրիոյ պարագային պատերազմին պատճառով, իսկ Լիբանանի պարագային ալ, այլ պատճառներով, տուրք տալով ժամանակի ու մտայնութեանց անխուսափելի փոփոխութեանց պարտադրանքին: Այսպիսի իրավիճակ չկայ Հայաստանի մէջ, որովհետեւ ընդհանրապես հայկականութեան սպառնացող ազդակներ չկան, այնքան ատեն որ ոտքի տակ հող կայ: Տարիներ ետք վարժարաններու փակումը զանազան հայագաղութներու մէջ ցաւալի իրականութիւն դարձաւ եւ տակաւին կը շարունակուի մինչեւ օրս: Սփիւռքի մէջ մեր վարժարանները դիմացկուն չեն, տեղաշարժերը, գաղթն ու այլասերումը պատճառ կը դառնան, որ ինչ-ինչ զրկանքներու գնով պահպանուած մեր լոյսի փարոսները փակեն իրենց դռները: Դեռ թարմ են մտքերու մէջ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի, Իրաքի ներխուժումի եւ Սուրիոյ պատերազմին անդրադարձը մեր կրթարաններուն վրայ: Այս Սփիւռքն է եւ հասկնալի է տեղի ունեցածը. հոն նահանջը երգով թէ ողբերգով, Նահա՛նջ է, տեղատուութիւն , մայրամուտ եւ «պարտութիւն», որ Սեւակի բնութագրածին նման չէ եւ դժբախտաբար չունի «հպարտութիւն...»: Այս բոլորը հասկնալէ ու ցաւելէ ետք, ի՞նչ անդրադարձ ունենալու է մարդ, երբ լսէ, որ Հայաստանի մէջ ալ դպրոցներ կը փակուին... Գիտնանք պահպանել մարդակերտումի մեր օճախները, նաեւ գիտնանք անոնց մէջ վաղուան հայը կերտել: |