RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#034, 2019-09-13 > #035, 2019-09-20 > #036, 2019-09-27 > #037, 2019-10-04 > #038, 2019-10-11

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #36, 27-09-2019



Տեղադրվել է` 2019-09-26 23:47:20 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1883, Տպվել է` 29, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

Ի՞ՆՉ ԵՂԱՒ, ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՂԱՒ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Նոր իշխանութեան շրջանի անկախութեան երկրորդ տարեդարձին կ՛ակնկալուէր, որ երկիրը աւելի կայուն դարձած ըլլար, աւելի բարեկարգուած, աւելի մաքրուած ամէն տեսակի կեղտերէ, մարդիկ աւելի ուրախ ըլլային, աւելի հաւատքով նայէին ապագային, աւելի կապուած երկրին, պետութեան, կառավարութեան, նոյնիսկՙ քաղաքապետութեան... սակայն այդպէս չեղաւ:

Ես կողմնակալ մէկը չեմ, կը տեսնեմ թէ՛ ճերմակը, թէ՛ սեւը. կը գնահատեմ ճերմակը, կը քննադատեմ սեւը, եթէ չկարենամ ամէն ինչ ճերմակ տեսնել, գոնէ կարելի եղածին չափ ճերմակ կը փորձեմ խառնել սեւին: Իմ սէրս Հայաստանն է: Գիտեմ որ իշխանութիւնները կու գան ու կ՛անցնին, սակայն մնայունը երկիրն է, որուն համար կը բաբախէ սիրտս:

Ի՞նչ եղաւ, ինչո՞ւ այսպէս եղաւ: Առաջին օրերու խանդավառութիւնը ինչո՞ւ սկսաւ ջերմութիւն կորսնցնել, պաղիլ: Յեղափոխութեան ճարտարաոետը թէեւ ընկրկում չունեցաւ, իր կորովէն բան չպակսեցաւ (գոնէ առերեւոյթ այդպէս է), սակայն մթնոլորտը նախկինը չէ: Առաջին օրերու զսպուած հակակրանքները արդէն արձակած են իրենց կապանքները եւ անցած կատաղի գրոհի:

Յիսուս ալ յեղափոխական էր, սիրուեցաւ ու ետեւէն զանգուածներ տարաւ, սակայն նաեւ քարկոծուեցաւ, փշեպսակ հագաւ ու վերջն ալ խաչուեցաւ: Անոնք որ Փաշինեանի մէջ Յիսուսի նմանակ մը կ՛ուզեն տեսնել, արդեօք չե՞ն պատկերացներ, որ մարդը կրնայ խաչուիլ, սակայն առանց... յարութեան, եւ անշուշտ առանց համբարձման:

Բայց ինչո՞ւ այս մութ միտքերը: Չէ՞ որ Յիսուս խարազանը ձեռքին վտարեց փարիսեցիներն ու մաքսաւորները, որոնք ապականած էին Աստուծոյ տաճարը. նոյնը չըրա՞ւ վարչապետը, երբ նախկին շրջանի երկիրը թալանողները մէկ-մէկ արդարադատութեան յանձնեց, ու դեռ կը շարունակուին բացայայտումներն ու կալանաւորումները:

Այս որքան յանցաւորներ կան, որոնք մէկ- մէկ մէջտեղ կ՛ելլեն: Բայց ի՞նչ կայ զարմանալի. երբ համակարգի մը մէկ օղակը վարակուի, շուտով վարակը կը տարածուի միւս բոլոր օղակներուն: Եթէ ինքնին չտարածուի, վարակը կը պարտադրուի, որպէսզի մեծ ու պզտիկ, բոլո՛րը նոյնանան իրենց յանցապարտութեան մէջ, որ իրենց տեսանկիւնէն դիտուած, վարպետութիւն է, առիթը օգտագործել գիտնալ է, ապագան ապահովել է, երբ շատ լաւ գիտեն, որ իրենց տրուած առիթը մնայուն չէ:

Հիմա, երբ շաբաթ չ՛անցնիր, ուր մէկ, կամ երկու հոգի չձերբակալուին, որքան ճիշդ ու օգտակար կ՛ըլլայ, եթէ գործընթացը շրջուի. այսինքնՙ փոխանակ հատ-հատ ձերբակալելու, ձերբակալել անցեալ իշխանութեան բոլոր պաշտօնեաները առանց բացառութեան, ու եթէ մէջերնին անմեղներ գտնուեցան, զանոնք ազատ արձակել:

Առաջարկս անշուշտ ծիծաղելի է, սակայն իրականութենէն ալ հեռու չէ: Այս յանցագործներուն արդարադատութեան ներկայացնելն ու զիրենք դատելն ու պատիժ սահմանելը թէեւ ճիշդ եւ օգտակար գործելաձեւ է, սակայն երկրին կառոյցին մէջ ճեղքեր ու ճաքեր կը յառաջացնէ, բան մը, որ բնաւ օգտակար չէ պատերազմի սահմանին կանգնած երկրի մը համար, ինչպէս նաեւ օգտակար չէ նոր պետականութիւնը ամրապնդելու տեսանկիւնէն:

Ուրեմ՞ն. ահա՛, այստեղ է, որ խելացի լուծում մը գտնելու է: Նախ, որ ամենակարեւորն է, ամէն ինչ լռելեայն ընելու է, տակի՛ց, պէտք չէ բարձրաձայնել, յայտարարութիւններ ընել, բաներ, որոնք եթէ ժողովուրդին մէկ հատուածին գոհունակութիւն կը պատճառեն, անդին մեր թշնամիներուն ուրախութեան առիթ կ՛ընծայեն, մեր ներքին կառոյցին փտած ըլլալը տեսնելով ու ներկայ կացութեան մէջ ալ միասնականութեան պակաս ու քայքայուածութիւն տեսնելով:

Ի՞նչ եղաւ, ինչո՞ւ եղաւ:

Հիմա, եղածը, եղա՛ծ է, բաներ, որոնք աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ ալ կը պատահին: Սխալ մը սրբագրենք ըսելով, ուրիշ սխալի մէջ չիյնանք: Փոքր երկիր ենք, թշնամիներով շրջապատուած, մեծ բարեկամ մըն ալ չունինք, որուն վստահինք մեր ապահովութիւնը, այնպէս որ մեր միակ զէնքը խելացի ռազմավարութիւնը ըլլալու է, որուն առաջնային գրաւականը մեր ներքին միասնականութիւնն է:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #36, 27-09-2019

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ