RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#021, 2021-06-04 > #022, 2021-06-11 > #023, 2021-06-18 > #024, 2021-06-25 > #025, 2021-07-02

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #23, 18-06-2021



ՍՇԱԿՈՒՅԹ

Տեղադրվել է` 2021-06-24 23:47:12 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 381, Տպվել է` 8, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԱՆԿԱՐԵԼԻ ՆԱՄԱԿ ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆԻՆ

Անցեալ փետրուարին, հրապարակաւ (յօդուածով մը) շնորհաւորած էինք 92-րդ, ո՛չ, ներողութիւն, 23-րդ տարեդարձդ, քանի որ ծնած էիր 1928 տարուան 29 փետրուարին: Մաղթած էինք քաջառողջութիւն, արեւշատութիւն եւ գրական բեղուն աշխատանքի շարունակում:

Մեր սիրելի բարեկամուհիինՙ դուստրդ Անիին պատասխանը չէր ուշացած: Լաւ էիր, այցելուներէդ տեւաբար հրատարակուող թերթ եւ հանդէսները կը պահանջէիր եւ պարբերաբար ալ դասախօսութիւններ կը սարքէիր հիւանդանոցին մէջ, եւ տեւաբար ալ կը գրէիր:

Գիտէինք որ կապդ կը պահէիր ԳԱԹ-ի պատասխանատուներուն հետՙ հեղինակութիւններուդ, հրատարակած մատեաններուդ մատենագիտական ճշդումները եւ ծաւալուն արխիւիդ ալ վերջնական դասաւորումը կատարելու:

Ուրախացուցիչ եւ բարի նախանձ արթնցող տեղեկութիւններ էին:

Ալեւոր այդ տարիքիդ մէջ տակաւին աշխոյժ էիր եւ կը շարունակէիր ստեղծագործել, պահելով մտային պայծառութիւնդ:

Մեր վերջին տեսութեան, դողացող ձեռագրով մը մակագրած էիր Երեւան հաստատուելէ ետք հեղինակած եւ հրատարակած 10 գիրք: Մեծ մասամբ բանաստեղծութիւններ, մշտնջենի հարազատիդՙ Արմինէին շիջումին հոգեբանական ճնշումին տակ գրի առնուած: Արձակ այդ բանաստեղծութիւններուն մէջ քիչ չէին հանգիստ ու անխռով սպասուած մահուան ներշնչումներդ ալ: Կը սպասէիր, եւ նոյն ատեն ալ ուխտած էիր շարունակել մինչեւ վերջ: Եվ քեզի համար այդ վերջը ՎեՐՋի իմաստէն ուղղակի զուրկ էր:

Դուն ապրումի, կարօտի, բարեկամներու, յարաբերութիւններու եւ ապրուած եւ ապրուելիք զգացումներու լաւագոյն ներկայացուցիչն էիր:

Տպաւորուած ենք 19 Ապրիլ 2018 թուականին գրած ԽՆԴՐեՄ խորագրեալ բանաստեղծութեամբդ.

Դամբանիս վրայ խնդրեմ

Կոթող կանգնող չըլլայ:

Հողով ծածկեցէք զիսՙ

Հողով հայրենի,

Որ խառնուիմ

Հայրենի հողիս,

Որ սիրտէս վարդ մը ծլի

Հողին վրայ հայրենի,

Ու յետմահու

Այցելուներս իմ

Գէթ վարդի բոյրով,

Վարդի բոյրով դիմաւորեմ:

Սիրելի Թորանեան, իսկապէս տխուր է մտածել, թէ մեր յաջորդ Երեւան այցին, փոխան մեր սիրելի Անիին բնակարանը, պիտի այցելենք Երեւանի գերեզմանատունը:

Ի՛նչ ընենք, որոշեր ես հասցէդ փոխել:

Պիտի անպայման այցելենք քեզի, սակայն վստահ եղիր, որ մենք փոխան վարդի ու խունկի, մեր հետ պիտի ունենանք մեր քաղաքին մէջ հրատարակուած թերթերէն եւ գիրքերէն նմոյշներ, որպէսզի կարենաս անդենականին մէջ ալ կարօտդ յագեցնել, ԴՈՒՆ որ ապրեցար հայ մամուլի եւ հայ գիրքի մտերմութեանը մէջ եւ դարձար յօժարակամ բեռնակիրը ... ՄեՍՐՈՊին:

Քեզմով աւելի որբացաւ հայատառ մամուլը եւ հայ տիպ ու տառը:

Ի տեսութիւն, սիրելի Թորանեան:

ՎԵՐԺԻՆ եւ ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Պէյրութ, Լիբանան

Նկար 1. Թորոս Թորանեանի 90-ամեայ հանդիսութիւն, Սիլվա Կապուտիկեանի տան թանգարանի մէջ: Թորանեան շրջապատուած Անի եւ Արա Թորեաններէ եւ Վերժին եւ Կարօ Աբրահամեաններէ: Սեպտեմբեր 2018, Երեւան

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #23, 18-06-2021

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ