RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#022, 2014-07-25 > #023, 2014-08-01 > #024, 2014-08-22 > #025, 2014-08-29 > #026, 2014-09-05

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #24, 22-08-2014



Ի ՀՈՒՇ

Տեղադրվել է` 2014-08-21 22:00:30 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 924, Տպվել է` 7, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

«ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԶԳԱՍՏՈՒԹԻՎՆ Է...»

Հրայր ՃԵՊԵՃԵԱՆ

«Հոս` Կիպրոսի ձայնասփիւռի կայանի հայկական ժամն է»

Օգոստոսի 5-ին, երբ մեր թերթը գտնվում էր արձակուրդում, ստացանք բոթըՙ Նիկոսիայի իր բնակարանում հոգին է ավանդել մի մարդ, որը որպես ուսուցիչ, երաժիշտ ու երաժշտական գործիչՙ մեծ դեր էր ստանձնել կյանքում եւ ավելի քան 50 տարի արդեն այդ դերը կատարում էր ձեռնհասությամբ, նվիրումով, վայելչորեն: Կիպրոսիՙ այժմ փակված Մելգոնյան կրթական հաստատության լսարաններից մինչեւ Գյումրիի, Երեւանի, Բեյրութի, Հալեպի, Դամասկոսի, Բուենոս Այրեսի, Լոս Անջելեսի եւ այլ բեմեր, «Գոհար» համույթի հաղթական ելույթներով նա հայ երգն ու պարն էր տարածում, ոգեւորությամբ լցնելով ոչ միայն սփյուռքահայության, այլեւ հայաստանյան հանդիսատեսների սրտերը: Այսօր, նրա մահվանից երկու շաբաթ հետո, որպես առաջին անդրադարձ, լույս ենք ընծայում խանդավառ մեկ ուրիշ հայիՙ Հրայր Ճեպեճյանի ակնարկը, որ հոդվածագիրը, զարմանալի զուգադիպությամբ, մեզ էր հանձնել նախորդ ամիսՙ խմբագրություն կատարած այցի ընթացքում:


Մանկութեանս եւ պատանեկութեանս շրջանին ամէն կիրակի կէսօրէ ետք ժամը ճիշդ երեքին կրկնուող նախադասութիւնն է վերոյիշեալը, որ կը լսուէր մեր տան ճաշասեղանին կից գտնուող շատ հին կահոյքին մէջ նորութեան խորհրդանիշի նման կանգնած մեր սեւ ու պզտիկ ձայնասփիւռին ընդմէջէն: Ծնողքիս մնայուն պատուէրն էր բնաւ չդպչիլ ձայնասփիւռի ալիքներու կլոր շարժիչներուն, որովհետեւ մեծ ճիգ կը պահանջէր ո՛չ միայն շարժիչը դարձնելը, այլ նաեւ` Կիպրոսի կայանին ճիշդ ալիքին տեղը գտնելը: Ասիկա ամէն կիրակի կէսօրէ ետքերու կրկնուող մեր «հանդիսութիւն»-ն էր, որուն կը միանար «չուշանանք եւ մտիկ ընենք»-ի հեւքը, որպէսզի կարենայինք լսել մէկ ժամ տեւողութեամբ պատրաստուած վերոնշեալ նախադասութեամբ սկսող ռատիօժամը:

Բայց պատանիներուս համար ամէնէն հետաքրքրականը հայերէն լսելն էր, եւ այս անգամ ոչ թէ փողոցը, դպրոցը, եկեղեցին կամ ակումբը, այլ` ձայնասփիւռէն: Հետաքրքրական էր, որ Կիպրոսէն կու գար այս ձայնը, երբ Պէյրութը այդ օրերուն իր բոլոր յառաջընթացներով տակաւին չունէր ձայնասփիւռէն սփռուող հայերէն յայտագիր:

Կիրակի կէսօրները յաճախ, երբ տակաւին ճաշասեղանին շուրջ նստած կ՛ըլլայինք, ծնողներս կը կրկնէին. «Տեսնենք` այսօր ի՛նչ յայտագիր ունի Սեպուհ Աբգարեանը...»: Յայտագիրը կը սկսէր Աբգարեանին մեղմ ձայնով, յստակ առոգանութեամբ ու հնչիւնով, ունէր երգի եւ լուրերու բաժիններ, որոնց կը յաջորդէր «Ձեր պատուէրներու յայտագիր» բաժինը` հայկական, ժողովրդային եւ էստրադային երգերու գեղեցիկ փունջով:

Սեպուհ Աբգարեանին ձայնը թէ՛ կ՛ուրախացնէր եւ թէ՛ կը հպարտացնէր մեզ` մեր ականջին համար շատ հաճելի իր հայերէնով: Պէտք էր մեծնայինք, որպէսզի սորվէինք, ծանօթանայինք եւ առաւել եւս ճանչնայինք գաղութներուն հոլովոյթները. այս պարագային խօսքը կը վերաբերի կիպրահայ գաղութին եւ սփիւռքեան իրականութեան մէջ անոր ունեցած մեծ ու անժամանցելի ազգային կրթադաստիարակչական ներդրումին` Մելգոնեան կրթական հաստատութեան ընդմէջէն: Սեպուհ Աբգարեանին անունը նոյնացած էր Հաստատութեան հետ երկար տարիներու ընթացքին ուսուցչական, մշակութային եւ գեղարուեստական կեանքին մէջ անոր ունեցած ներդրումով:

Մելգոնեան հաստատութենէն ետք Սեպուհ Աբգարեանին անունը առնչուեցաւ ԳՈՀԱՐ երաժշտական-գեղարուեստական համոյթին հետ եւ այս առիթ ընծայեց աւելի ճանչնալու զինք: Տարիներ շարունակ ինծի համար (ան)ծանօթ Սեպուհ Աբգարեան ի վերջոյ դարձաւ «իրական» ո՛չ միայն իր ձայնով, այլ նաեւ` իր ֆիզիքական ներկայութեամբ: Զուգադիպութեամբ թէ ոչ, չեմ գիտեր, Սեպուհ Աբգարեանին հետ հանդիպում մը ունեցայ կիրակի օրով, դարձեալ կէսօրէ ետք, Կիպրոսի մէջ: Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէր կարծէք, անցեալէն ժառանգուած եւ իրականութեան վերածուած այս «երկու կիրակիներ»-ուն միջեւ անպայման կար կապ մը. յայտագիրը ունկնդրած պատանեկան կիրակիներուն եւ 9 դեկտեմբեր 2012-ին միջեւ գլորած ու սահած էին տարիներ, եւ մէջտեղ եկած էր նոր կեանք մը, շատ արժէքաւոր, բայց նաեւ` փորձառութեամբ եւ վկայութեամբ լեցուն:

Եթէ պիտի յիշեմ Սեպուհ Աբգարեանը, զինք անպայման կը յիշեմ մանկութեանս եւ պատանեկութեանս տարիներու իր յայտագիրներուն ազդեցութեան տակ ապրած կեանքիս ընդմէջէն, բայց նաեւ` իր այսօրուան գործով, զոր կը կատարէ ԳՈՀԱՐ համոյթին միջոցով: Այս փորձառութիւնը, որ լի է վկայութիւններով, պատմութիւններով, դառն եւ անուշ յուշերով ու տպաւորութիւններով, լի է նաեւ ազգային ինքնութեամբ, մշակոյթի եւ հաւատքի դրոշմներով: Քանի մը ժամուան ընթացքին «շրջագայեցանք» մեր ազգային տարբեր բնագաւառներուն մէջ` լուսարձակի տակ առնելով շատ մը արժէքներ, միշտ վերադառնալով մշակոյթին` որպէս հիմք մեր կեանքին եւ անոր շարունակութեան:

Մեր ընտանիքը ծանօթ էր Սեպուհ Աբգարեանին, քանի որ անոր հայրը եղած էր հօրս ու հօրեղբօրս հայերէնի եւ մարմնակրթութեան ուսուցիչը, եւ ան յաճախ խօսած էր մեր ընտանիքին մասին: Թէեւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան փակումը ճնշած էր Սեպուհ Աբգարեանի վրան, բայց եւ այնպէս հաւատքի մարդ ըլլալով` ան հաստատած էր, որ` «Եթէ դուռ մը գոցուեցաւ, բայց Աստուած ինծի պատուհան մը բացաւ»: «Մեծ պատուհանը...» եղաւ իմ մասնակցութիւնս ԳՈՀԱՐ համոյթի առաքելութեան: Այդ մեծութիւնը կու գայ ԳՈՀԱՐ համոյթին կողմէ հայ ժողովուրդին տրուած մշակութային-գեղարուեստական մեծ նպաստով: Սեպուհ Աբգարեան կը գիտակցի իր ըրած գործին կարեւորութեան, երախտապարտ` Խաչատուրեան ընտանիքին, եւ Սեւակ ու Սարօ Սերոբեան եղբայրներուն կազմակերպչական գործակցութեան: Ան նաեւ ունի գիտակցութիւնը, թէ մշակոյթը իւրաքանչիւր ժողովուրդի համար ինքնութիւն է, բայց նաեւ` զգաստութիւն: Աչքերը վրաս սեւեռեց, կ՛երեւի ամփոփուելու ու կեդրոնանալու համար, եւ իր ապրած կեանքէն քաղուածք մը կատարելով` հաստատեց. «Մշակոյթը զգաստութիւն է...»:

Մեր կիրակի կէսօրէ ետքի հանդիպումը շատ աւելի երկար տեւեց, քան` Կիպրոսի հայկական ռատօժամի յայտագիրը: Վերջապէս, երկար տարիներ անցած էին, որպէսզի ծանօթ-անծանօթ բարեկամութիւնը եւ հանդիպումը կամրջուի. հոն կար նաեւ մշակոյթ եւ անոր արժէքներուն նկատմամբ զգաստ մնալու գիտակցութիւնը, ինչ որ անկարելի էր չափել ու համեմատել ժամերու տեւողութեան հետ...

«Երկու կիրակիներուն» մէջ, ժամանակի հասկացողութեան կողքին, կար նաեւ երախտագիտութեան զգացումը. «Շնորհակալութի՛ւն, Սեպուհ Աբգարեան, որ մեր պատանի տարիքին սորվեցուցիր զգաստ ըլլալ հայկական մշակոյթի արժէքին եւ աւանդին նկատմամբ»:

Եւ եթէ այսօր մեծ զոհողութեամբ եւ վճռակամութեամբ տակաւին կուզենք ամուր պահել մեր մշակոյթն ու անոր արժէքները, ապա պէտք է գիտակցինք, որ մշակոյթը եւս մեզ զգաստ կը պահէ, կը վերածէ արթուն պահակներու, վկաներ ըլլալու համար մեր ազգային ինքնութեան ու աւանդին եւ պահանջատիրութեան եւ հայապահպանման:

Սեպուհ Աբգարեան ներս մտաւ «մեծ պատուհան»-էն, քանի որ հաւատացած էր, որ մշակոյթը մարդը, ժողովուրդը, հաւաքականութիւնը կը զգաստացնէ: Կիպրոսի ձայնասփիւռի կայանին հայկական իւրաքանչիւր յայտագիրի ընդմէջէն մենք քիչ մը աւելի կապուեցանք հայ մշակոյթին. իսկ ԳՈՀԱՐ համոյթը այսօր աշխարհով մէկ իր կարեւոր մասնակցութիւնը կը բերէ հայը իր մշակոյթին եւ արժէքներուն նկատմամբ միշտ զգաստ պահելու առաքելութեան:

«Մշակոյթը զգաստութիւն է», բայց նաեւ առաքելութիւն, անցեալէն ժառանգուած, եւ որ արժէ տանիլ վաղուան եւ ապագային...

Նիկոսիա, Կիպրոս

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #24, 22-08-2014

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ