RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#001, 2015-01-16 > #002, 2015-01-23 > #003, 2015-01-30 > #004, 2015-02-06

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #2, 23-01-2015



Տեղադրվել է` 2015-01-22 21:39:03 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1561, Տպվել է` 10, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 4

ԼԵՒՈՆ ԶԱՒԷՆ ՍԻՒՐՄԷԼԵԱՆ

Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Հեղինակՙ Վետա Յարութիւնեան

Սովորաբար մեր մեծ գրողներուն հետ մեր առաջին հանդիպումը կ՛ըլլայ դպրոցական գրասեղաններուն վրայ, ուր տարուէ-տարի մեր գրական անդաստանին մէջ թափառելով, անոնց կենսագրութեանն ու անոնց գրածներէն պատառիկներու հետ հաղորդուելով, մակերեսային ծանօթութիւն մը կ՛ունենանք անոնց հետ, որը հիմնական գիտելիքի կը վերածուի, երբ համալսարանի մէջ շարունակենք մասնագիտանալ գրականութեան ճամբով:

Այս հանգրուանին, կամ նոյնիսկ ազատ ընթերցանութեան ընթացքին, նորանոր անուններու կը ծանօթանանք, որոնք կամ անտեսուած են դասագիրքերը պատրաստողներու կողմէ, կամ ալ յարմար չեն նկատուած աշակերտական տարիքի համար ու չեն ընդգրկուած դասագիրքերու մէջ:

Կը ծանօթանանք ու երբ անոնց գրական մեծութեամբ կը հիանանք, կ՛ափսոսանք որ այսքան ուշ ճանչցած ենք զիրենք:

Ահա, այսպիսին եղած է Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանը, որուն մասին լուրջ ուսումնասիրութիւն մը լոյս տեսաւ վերջերս, հեղինակութեամբ Վետա Յարութիւնեանի եւ խմբագրութեամբ Սերգեյ Գալստեանի:

Գիրքը աշխատասիրուած է ժամանակին, որպէս ատենախօսութիւն գիտական աստիճան ստանալու համար, եւ պարզ է, որ ոեւէ անհատ իր աւարտաճառը, կամ ատենախօսութիւնը պատրաստելու համար, պիտի ուսումնասիրէր նիւթը իր ամենայետին մանրամասնութիւններով. եւ այս գիրքի պարագային, այդպէս ըլլալով հանդերձ, ընթերցողը կը զգայ, որ հեղինակը պարտականութիւն մը խղճմտօրէն կատարած ըլլալէ ու չոր ու ցամաք ուսումնասիրութիւն մը ներկայացնելէ աւելի, մեծ սիրով ու յարգանքով մօտեցած է իր հերոսին, Լ.Զ. Սիւրմէլեանին ու անոր անձին ու գրականութեան խորը թափանցելով, ճանչցած է մեծ գրագէտն ու մեծ հայրենասէրը:

Տասը տարեկան տղեկը, որ Զաւէնն էր, ցեղասպանութեան լեղին ճաշակած ու հրաշքով փրկուած, չէր կրնար տարբեր ըլլալ ու կապուած չըլլալ թուրքին կողմէ աւերուած իր հայրենի ծննդավայր Տրապիզոնին, որուն մասին եղած է իրեն համաշխարհային ճանաչում բերած «I Ask You Ladies And Gentlemen» (Ձեզ եմ դիմում, տիկնայք եւ պարոնայք) անգլերէնով գրուած գիրքը:

«...Թոյլ տուէք որ յիշեցնեմ ձեզի, թէ ես ալ մէկն եմ անոնցմէ, որ ետ դարձան մահուան ճամբայէն եւ որ իրենց սիրտերուն մէջ կը կրեն անմահական բաղձանքները հայութեան...»: Այս տողերը կարծէք որպէս բնաբան դաջուած են գիրքի առաջին իսկ էջին վրայ, վկայելու համար, որ գործ ունինք իր արմատներուն հաւատարիմ գրողի մը հետ:

«...Չկայ մէկը, որ հայ լեզուն սիրէ ինձմէ աւելի խորապէս», ըսած է Սիւրմէլեան, որ շրջանէ մը ետք միայն անգլերէնով հեղինակած է: Այս եւ նման արտայայտութիւններ ու խոստովանութիւններ մէջբերելով, գիրքին հեղինակըՙ Վ. Յարութիւնեան, կ՛արտացոլացնէ Սիւրմէլեանի անսակարկելի հայրենասիրութիւնը, որ հէնքը կը կազմէ անոր ամբողջ գրականութեան:

«Սիւրմէլեան ժամանակակից ամերիկեան ռէալիստական արձակի տաղանդաւոր ներկայացուցիչներից մէկն է...», կ՛ըսէ Յարութիւնեան, երբ կ՛անդրադառնայ մանրամասնօրէն Սիւրմէլեանի անգլերէնով երկնած գրականութեան.

Վետա Յարութիւնեան իր ուսումնասիրութեան ուղիին «քարտէսը» գծած է հետեւեալ հանգրուաններով, որոնք տեղադրուած են հինգ գլուխներու մէջ.

Ա - Կենսագրական յամառօտ ակնարկ

Բ - «Լոյս Զուարթ»ի ստեղծագործական պատմութիւնը

Գ - Սիւրմէլեանի արձակը

Դ - Սիւրմէլեանի թարգմանութիւնները

Ե - Գրագիտական եւ Հասարակական-հրապարագրական գործունէութիւնը

Եւ Վերջաբան.

Հեղինակը Սիւրմէլեանի կենսագրական ամփոփ գիծերուն մէջ, որ կը տարածուի 30 էջերու վրայ, ի յայտ կը բերէ անոր իսկական դիմագիծն ու հոգեկան աշխարհը, մտածելակերպը, փափաքներն ու ծրագիրները, նկարագրային հարուստ աշխարհը, մէկ խօսքովՙ ընթերցողին դիմաց կը կանգնեցնէ գրողը իր բոլոր երեսներով ու յատկութիւններով, որոնք հէնքն ու մագոգը կազմած են անոր հարուստ գրականութեան: Զինք ներկայացնելէ ետք կ՛անցնի անոր «Լոյս Զուարթ» բանաստեղծութիւններու հատորեակին, որուն մասին այնքան տպաւորիչ խօսք ըսած է Վ. Թէքէեան:

Վ. Յարութիւնեան, Թէքէեանի գնահատականին կը միացնէ իր անձնական գնահատականը, երբ կ՛ըսէ. «...ընդամէնը երկու տասնեակ բանաստեղծութիւն ամփոփող մի գրքոյկ էր դա, որ սակայն իսկական արուեստագէտի ծնունդն էր ազդարարում...պատանի հեղինակը գրական աշխարհ էր մտնում ճշմարիտ բանաստեղծի հոգով ու մեծ ասելիքով»:

Վահան Թէքէեան ձեւով մը ուղեկիցը դարձած է Սիւրմէլեանի որպէս գրող կազմնաւորման շրջանին: Ան իր քաջալերական խօսքերով ու գնահատական անկեղծ արտայայտութիւններով ներկայ է գիրքի էջերուն վրայ: Յարութիւնեան մէջբերելով մեծ բանաստեղծի խօսքերը, իր աշխատասիրութիւնը դարձուցած է աւելի ամրակուռ, ինչու չէՙ նաեւ աւելի հարուստ:

«...Այդ եօթը քերթուածներդ եւ վստահ եմ բոլոր միւսներն ալ - տպուած եւ ձեռագիր, որոնք պիտի հաւաքեմ ասոնց հետ, ամենէն գեղեցիկ, հարուստ, յուզիչ եւ կատարեալ քերթուածներն են, որոնք կը ճանչնամ թէ հայերէնի եւ թէ ֆրանսերէնի մէջ եւ որոնք կը զարմանամ գրուած են 16 տարեկան տղու մը կողմէ...», ըսած է Թէքէեան պատանի Սիւրմէլեանի ուղղած իր նամակին մէջ:

Սիւրմէլեանի արձակին մասին խօսելով Յարութիւնեան կ՛ըսէ. «Լ. Զ. Սիւրմէլեանը համընդհանուր ճանաչման արժանացաւ իբր արձակագիր 1945 թուականին հրատարակութեան յանձնելով իր «Ձեզ եմ դիմում, տիկնայք եւ պարոնայք» (I Ask You Ladies And Gentlemen) անդրանիկ վէպը... ինքնակենսագրական այդ վէպը, որ իր արկածներով ու ողբերգական իրադարձութիւններով, իր գեղարուեստական բարձր արժանիքներով արժանացաւ մասնագէտների գովասանքին եւ կարճ ժամանակամիջոցում միջազգային ճանաչում ստացաւ...»:

Արդարեւ մեծ է անոր պատմական-փաստագրական արժէքը, որպէս Մեծ Եղեռնի Գողգոթայի ականատեսի վկայութիւն. Փաստ, Ու. Սարոյեանի բարձր գնահատականը, որ մէջբերուած է, գիրքի հինգերորդ վերահրատարակութեան առթիւ, ինչպէս նաեւ ամերիկեան շարք մը թերթերու գրախօսականները յատկապէս անոր անգլերէն կատարելագոյն լեզուին եւ ոճին մասին:

Վ. Յարութիւնեան հանգամանօրէն կ՛անդրադառնայ Սիւրմէլեանի անգլերէնով ստեղծագործելու հանգամանքներուն, ուր շատ դիպուկ մէջբերում մը կ՛ընէ հեղինակէն. « Ոմանք կը կարծեն թէ լքած եմ հայ գրականութիւնը, քանի որ հայերէն չեմ գրեր այլեւս... չկայ մէկը որ հայ լեզուն սիրէ ինձմէ աւելի խորապէս...Ես կրնամ որպէս ամերիկեան գրող աւելի մեծ չափով ծառայել ժողովուրդիս ու անգլերէն գրելով չեմ դադրիր հայ գրող մը ըլլալէ» :

Խօսելով անոր թարգմանչական աշխատանքներուն մասին, լուսարձակի տակ կ՛առնէ Սիւրմէլեանի «Սասնայ ծռեր» (Daredevils of Sassoun) հայկական դիւցազներգութեան անգլերէն թարգմանութիւնը, որ հրատարակած է UNESCO-ն 1964-ին, որպէս «լաւագոյն պատմուածքներու մատենաշար»ի ընտրեալ գործ, որու արձագանգը ամերիկեան մամուլի մէջ եղած է աննախընթաց, երբ համայն աշխարհին ծանօթացուած է այսպիսի բարձրարժէք դիւցազներգութիւն մը:

«Սասնայ ծռեր»ուն յաջորդեր է հայկական հեքիաթներու հաւաքածոյ մը, «Անմահական խնձորներ» (Apples of Immortality) խորագրով, որ «...միջազգային լայն ճանաչում է գտել, ինչը վկայում են այն բազմաթիւ գրախօսականները, որ տպագրուել են ամերիկեան հեղինակաւոր պարբերականներում...», կ՛ըսէ Յարութիւնեան, վկայակոչելով կարգ մը թերթերու անուններ, ինչպէս «New York Herald Tribune», «Literary Journal», «Los Angeles Times», «San Francisco Chronicle» եւ այլ:

Վ. Յարութիւնեան աչքաթող չէ ըրած Սիւրմէլեան մտաւորականի եւս մէկ կարեւոր երեսը եւ իր ուսումնասիրութեան վերջին բաժինի առարկան եղած է մեծ գրողի «Գրականագիտական, հասարակական-հրապարակագրական գործունէութիւնը», ուր խօսուած է տուեալ ժամանակի քաղաքական ըմբռնումներու ազդեցութեան մասին ամերիկեան գրականութեան վրայ, ապա Սիւրմէլեանի գրականագիտական լուրջ մատնանշումները գրելու արուեստին մասին, ինչպէս նաեւ անոր հրապարագրական յօդուածները, բանախօսութիւններն ու անոնց անդրադարձը ամերիկեան մամուլի մէջ:

Հուսկ ապա, գիրքի «Վերջաբան»ին մէջ Վետա Յարութիւնեան իր գնահատական խօսքին մէջ կ՛ըսէ. «...Սիւրմէլեանի հասուն գրելակերպը, ինքնատիպութիւնը, հարուստ յուզաշխարհը, կեանքի հոգեբանութիւնը նրբօրէն ճանաչելու ունակութիւնը, հասարակական երեւոյթներին գիտակ ըմբռնումը եւ քննադատական մօտեցումը այդ երեւոյթներին, ազգային դարաւոր վշտին վշտակից լինելը, դէպի իրականութիւնը ունեցած գործուն վերաբերմունքը եւ չմարող լաւատեսութիանը- այս ամէնը լաւագոյն երաշխիքներն են այն բանի, որ յանձին Սիւրմէլեանի մենք ունենք ոչ-սովորական անգլիագիր հայ մտաւորական»:

Իսկապէս գիտական աստիճան նուաճելու արժանի գործ է այս հատորը, որ իր գրառումէն այսքան տարի ետք ընթերցողի սեղանին կը դրուի:

Գրախօսականներ շատ եղած են, սակայն չեմ կարծեր, որ որեւէ համապարփակ ուսումնասիրութեան նիւթ դարձած է Լ.Զ. Սիւրմէլեանի անձն ու գործը: Այնպէս որ այս գիրքը կու գայ կարեւոր բաց մը լեցնելու եւ ծառ մը տնկելու հայ գրականութեան պուրակին մէջ, սակայն ոչ որպէս խաչ,- ինչպէս գրողը ըսած է «Մեռելներուս իբրեւ խաչ, ես այս ծառը տնկեցի».- այլ իբրեւ խօսուն վկայարան հայ մեծ գրողի մը:

Մեզի կը մնայ ըսելՙ «Ճաշակեցէք, զի քաղցր է...»:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #2, 23-01-2015

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ