RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#001, 2015-01-16 > #002, 2015-01-23 > #003, 2015-01-30 > #004, 2015-02-06

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #2, 23-01-2015



ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ

Տեղադրվել է` 2015-01-22 21:39:06 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1149, Տպվել է` 8, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 4

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ՓԱՌԱՒՈՐ ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՎ ՏՊՈՒԵՑԱՒ ԻՆՏՐԱՅԻ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸ

ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

Երուանդ Տէր-Խաչատրեանի խմբագրական աշխատանքով

Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին մեր սեղանին վրայ դրուած հայերէն նոր գիրքերու տրցակին մէջ կայ երկու հատորներով ամբողջական գործ մը, որուն հրատարակութիւնը իսկական աւետիս է իրաւ գրասէրի մը համար: Խօսքը կը վերաբերի Տիրան Չրաքեանի, գրական անմահ անունովՙ Ինտրայի ամբողջական գործերը բովանդակող երկու հատորներուն, ընդհանուրին մէջ մօտաւորապէս 950 էջՙ շատ ճաշակաւոր տպագրութեամբ: Մենք այս հսկայական գործը կը պարտինք Հայաստանէն գրական մեծավաստակ խմբագիր, գրականագէտ Երուանդ Տէր-Խաչատրեանին, որ ասկէ առաջ ալ ուրիշ հեղինակներու գործերը ողջունած է նմանօրինակ հրատարակութիւններով: Բայց Տիրան Չրաքեանի ամբողջական գործերու հրատարակութիւնը մեր կարծիքով գրական ողջունելի մեծ դէպք է, քանի որ այս հրատարակութիւնը մէկ կողմէ ամբողջական մոռացումէ կը փրկէ Ինտրայի ծանօթ կամ անծանօթ գործերը, մէկ կողմէ ալ հայ ընթերցողներու, մասնաւորաբար Հայաստանի գրասէրներուն կը ծանօթացնէ այն անմոռանալիօրէն ինքնատիպ ու առեղծուածային գրագէտը որ Ինտրան էր:

Մինչեւ այսօր մեզի նման գրասէրներու համար իսկ քիչ-շատ ծանօթ գործեր էին միայն Ինտրայի երկու գործերը, մէկը «Ներաշխարհ» վէպը, իսկ միւսը «Նոճաստան» բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն, երկու գիրքերՙ որոնք արդէն երկար ժամանակէ ի վեր անգտանելի էին: Երուանդ Տէր-Խաչատրեան, այս երկու հատորներուն մէջ, բացի «Ներաշխարհ»էն ու «Նոճաստան»էն, կրցած է քով քովի բերել Ինտրայի բոլոր արձակ էջերը ու միւս բանաստեղծութիւնները, որոնք անակնկալ են պոլսահայ այսօրուան ընթերցողներուն համար իսկ: Երուանդ Տէր-Խաչատրեան բարձր գնահատելի գործ տեսած է բոլոր այս գրութիւնները հոսկէ-հոնկէ հաւաքելով, մէկտեղելով ու ընթերցողին տրամադրութեան տակ դնելով: Հատորներուն արտաքին տեսքն ալ շատ ճաշակաւոր է, Տիրան Չրաքեանի գծանկարային մէկ դիմանկարով: Գիրքը իր ընդհանուր անունը փոխառած է «Ներաշխարհ» վէպին առաջին տողէնՙ «Հովին ձայնը»: Չէ՞ որ Ինտրայի նշանաւոր բայց այլեւս ամէնուն անծանօթ «Ներաշխարհ»ը կը սկսէր սա տողերով. «Հովին ձայնն է. նոճիներուն խորունկ գիշերուան հովին ձայնը»: Ամբողջական գործի երկու հատորները այսպէս կը յիշեցնեն այն երկու բառերը, «հովուն ձայնը», որ նոճիներու շրջապատի մէջ ապրած ու նոճիի տեսարանի յաճախանքով լեցուած Չրաքեանին համար ունեցած են խորունկ ազդեցութիւն: Բայց անտարակոյս գրասէրներու համար, մանաւանդ գրականութեան խորերը պրպտող գրասէրներու համար այս երկու հատորներուն բուն իսկ կարեւոր մասերը վերոյիշեալ երկու գիրքերէն դուրս մնացած արձակ էջերն են, որոնք հիմա կ՛ամբողջացնեն այս շատ եզակի գրագէտին գրական վաստակը: Ասոնց մէջ ալ մասնաւոր ուշադրութիւն կը գրաւէ «Ներաշխարհն իր հեղինակէն դիտուած» յօդուածաշարքը, որ մեզի բոլորովին անծանօթ էր եւ որուն մէջ Ինտրա կերպով մը կը պատասխանէ այս վէպին մասին հրատարակուած քննադատութիւններուն, քաշքշուքներուն, ծաղրանքին, եւ այլն: Արդարեւ, «Ներաշխարհ»ին հրատարակութիւնը, որ երկար տարիներու սպասումէ մը վերջ կարելի եղած էր, եւ որ իրականութեան մէջ շատ դժուար կարդացուող գիրք մըն էր, մեծ աղմուկ յառաջացուցած էր: Գործը հիացումի կարգին ծանր խծբծանքի ալ տեղի տուած էր, Ինտրայի դժուար հասկնալի լեզուն, անոր գործածած անսովոր բառամթերքը, բառամթերքՙ մասամբ իր իսկ կողմէ ստեղծուած, նաեւ փիլիսոփայական կնճռոտ մտածումները, անոր վերջն ալ չգիտցող նախադասութիւնները շրջանի մտաւորականներէն շատերու կողմէ ծաղրանքի նիւթ դարձած էին, թէեւ կային հիացողներ ալ: Հետաքրքրական է որ այդ շրջանի մտաւորականները խօսք ու բառ չէին խնայեր երբ կ՛ուզէին խարազանել սա կամ նա հեղինակին գործը, բան մըՙ որ այսօր մանաւանդ սփիւռքեան տարածքի վրայ անհետացած բարք է:

Երուանդ Տէր-Խաչատրեան, մեզի ծանօթ անունով Եուրի Խաչատրեան, հրաշալի գործ տեսած է մեզի ծանօթացնելով Ինտրայի միւս արձակ էջերն ալ, որոնք քով-քովի գալով այդ շրջանի գրական ու մտաւորական մթնոլորտը կը բնորոշեն: Կարծիքներ Ռէթէոս Պէրպէրեանի մասին, գրական դէմքեր, գրախօսութիւններ, յայտնութիւններ անդրաշխարհէն, կրթական հարցերու մասին գրուած «Դպրոցին խաբէութիւնը» եւ տակաւին այսպիսի բազմաթիւ յօդուածաշարքերՙ որոնք արժանի են ուշադիր ընթերցումի, քանի որ անոնք կ՛ամբողջացնեն Ինտրայի դիմանկարըՙ թերեւս մեր մօտ կիսատ մնացած:

Գաղտնիք չէ, որ Ինտրա, որ ամէն բանէ առաջ շատ վայելուչ ու տպաւորիչ անձ մըն էր, եւ որ հոյակապ, բայց նոյնքան զարտուղի մտքի ու երեւակայութեան տէր հեղինակ էր, կամաց-կամաց կորսնցուց գրական հետաքրքրութիւններու ու հակումներու իր ճաշակը ու տակաւ թաղուեցաւ աւետարանական պրպտումներու մէջ, դարձաւ շաբաթապահ ու ստանձնեց շաբաթապահութեան քարոզիչի պարտականութիւն, սկսաւ ման գալ Անատոլուի անսահման աշխարհագրութեան մէջ, մէկ տեղէ միւս տեղը գնաց անշուք պայմաններու մէջ եւ օր մըն ալ հիւանդացաւ, իր ընկերները հազիւ զայն կրցան փոխադրել ձիու մը վրայ մինչեւ առուակի մը եզերքը, ուր ան իր հոգին աւանդեց վերջին անգամ մըն ալ քարոզելով «սէր, միութիւն եւ հաւատք»: Այդ օր այս կեանքէն կը բաժնուէր հայ իմացականութեան մեծ վարպետ մը, որ չէր կրցած իր մտային ուժականութիւնը տանիլ մինչեւ իր վերջակէտը:

Ինտրայի գործերուն նուիրուած այս երկու հոյակապ գիրքերը բախտաւոր են որ արժանացած են այդ գիրքերը խմբագրող ու պատճէններու մասին կարեւոր ծանօթագրութիւններ պատրաստող Երուանդ Տէր-Խաչատրեանի կողմէ գրի առնուած նախաբանի մը, որ կոչուած է «Տիրան Չրաքեան, գիր եւ ուղի» եւ որ Ինտրայի մասին ամբողջական մենագրութիւն մըն է:

Հեռուէն կը շնորհաւորենք Երուանդ Տէր-Խաչատրեանը իր այս հոյակապ աշխատանքին համար եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք իրեն, քանի որ ան սիրով մեզի կը վերադարձնէ մեր Ինտրան, այս բացառիկ մարդը, որ իր «Տիրան» անունը կազմող գիրերուն տեղերը փոխելով ստեղծած էր «Ինտրա» գրական անունը:

«ՄԱՐՄԱՐԱ», Պոլիս

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #2, 23-01-2015

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ