RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#001, 2015-01-16 > #002, 2015-01-23 > #003, 2015-01-30 > #004, 2015-02-06 > #005, 2015-02-13

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #3, 30-01-2015



Տեղադրվել է` 2015-01-29 22:42:49 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 931, Տպվել է` 8, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 3

ՀՐԱԶԴԱՆ ԹՈՔՄԱՋԵԱՆ

Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

ՀԲԸՄիութեան Հալէպի «Սարեան Ակադեմիան» նկարչական դպրոց է, որ 60 տարիներէ ի վեր հալեպահայ գաղութին ծառայած է եւ նկարիչներու հոյլ մը հասցուցած է տեղացի արուեստագէտ դասատուներու հսկողութեամբ:

Վերջին երկու տասնամեակներուն Ակադեմիային մէջ կը դասաւանդէ հայրենի երիտասարդ նկարիչ Հրազդան Թոքմաջեանը: Այս արուեստագէտին ընտրութիւնը պատահական չէր, այլ անուանի նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի թելադրութեամբ եղաւ, քանի որ վարպետը Հրազդանին մէջ կը տեսնէր իսկական արուեստագէտի մը բոլոր տուեալները:

Հրազդան, որ հայրենի «Թոքմաջեան» նկարիչ-քանդակագործ արուեստագէտներու շառաւիղէն է, շուտով ընտելացաւ Հալէպի միջավայրին, հաստատուեցաւ ընտանիքով ու դարձաւ հալէպահայէ մը ոչ պակաս հալէպահայ: Տարիներ շարունակ գեղարուեստի իր պաշարէն բաժին հանեց Ակադեմիա յաճախող աշակերտներուն, որոնցմէ շատեր արդէն ինքնուրոյն նկարիչներ դարձածՙ յաճախ հանրութեան կը ներկայանան իրենց գործերով:

Հրազդան ոչ միայն սիրեց իր նոր միջավայրը, այլեւ այնտեղ հարուստ հանք գտաւ պատմական, ազգագրական, գեղարուեստի հետ առնչուող գանձերու, որոնք թէեւ ունեցած էին զիրենք պեղողներն ու հաւաքածոյ կազմողները, սակայն դեռ այնքան բան կար լոյսին չեկած, որ անոնք սիրահար արուեստագէտի մը պէտք ունէին իրենց թաքստոցներէն դուրս գալու համար, եւ այդ անձը եղաւ Հրազդան Թոքմաջեանը:

Բաւական ճոխ հաւաքածոյ մը կազմեց սուրիական դրոշմանիշերու, ինչպէս նաեւ հին մետաղադրամներու: Իր համեստ եկամուտով, ինքզինք շատ մը բաներէ զրկելու գնով, դրամ կը ծախսէր այդ հաւաքածոներուն վրայ:

Սակայն այս անձնական նախասիրութիւններէն անդին Հրազդան ծրագրեց եւ ձեռնարկեց ազգօգուտ գործերու ալ: Նկատելով որ շուկայի վրայ Թուրքիա պատրաստուած մանրանկար գործուածքով գորգեր կը վաճառուին, որոնց մէջ հայկական գորգերն ալ որպէս թրքական կը ներկայացուին, Թոքմաջեան պատրաստեց իսկական հայկական գորգերու մանրակերտներ, որոնք յատուկ ծրարներով եւ եօթ լեզուներով ծանօթագրութեամբ իջան շուկայ եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելեցին, որպէս գեղեցիկ յուշանուէրներ:

Այս իրագործումի կողքին, մեր նորահաս սերունդին ծանօթացնելու համար մեր անուանի նկարիչները, Հրազդան, արուեստաբա Շահէն Խաչատրեանի հետ գործակցաբար, ալպոմներ պատրաստեց գեղեցիկ ծրարումով եւ կենսագրական բացատրութիւններով եւ զանոնք ձրիաբար բաժնեց հայկական վարժարաններու աշակերտութեան:

Այստեղ կանգ չառաւ Հրազդանի օգտաշատ գործունէութիւնը: Անոր գլուխ-գործոցը եղաւ Մարաշի ասեղնագործութեան նուիրուած մեծածաւալ աշխատասիրութիւնը, որ արժանացաւ հայրենի մասնագէտներու եւ ՀՀ Գիտությունների ազգային ակադեմիայի գնահատանքին: *) Այս պատկառելի գործը իրականացնելու համար հեղինակը տարիներ տրամադրեց հալէպահայ մարաշցիներու տուները այցելելով, տեղեկանք ու ձեռագործի նմոյշներ հաւաքելով, լուսանկարելով, դասակարգելով: Աշխատանքը մեծ ընդունելութիւն գտնելովՙ յուշեց ուրիշ հայրենակցական միութիւններու, որ իրենք ալ հետեւին մարաշցիներու օրինակին, կորուստէ փրկելու համար նաեւ իրենց համաքաղաքացիներու ստեղծած ազգային արժէքները:

Այս դիտաւորութեամբ, ահա, արդէն իրագործուած է «Ուրֆայի Ասեղնագործութիւն»ը, որ դարձեալ կոթողային աշխատասիրութիւն մըն է եւ անոր Ա. հատորը լոյսի եկաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ եւ որուն շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Հալէպի մէջ վերջերս: Այժմ արդէն պատրաստ է երկհատոր, 760 էջերով, «Այնթապի ասեղնագործութիւնը», որ պիտի հրատարակուի Երեւանի մէջ:

Հալէպ լաւ գիտէ գնահատել իր աւանդական-ազգագրական արժէքները, փաստ, որ յաճախ այդ առումով ցուցահանդէսներ կազմակերպուած են: Նոյնիսկ հայկական տարազներու վերարտադրութիւն եւ ցուցադրութիւն կազմակերպուած է եւ որ իր գտած յաջողութեան համար շրջեցաւ զանազան հայագաղութներՙ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ամերիկա: Սակայն այսպիսի ակադեմական մասնագիտական գրաւոր մատուցում չէր եղած ցարդ:

Ինչ որ չկրցան ընել հալէպահայերը, Հրազդան ըրաւ եւ ան ալ բարձրագոյն մակարդակով:

Ամբողջ 21 տարի Հալէպ մնալէ ետք, Թոքմաջեան կը ծրագրէ վերահաստատուիլ Հայաստան ու արդէն առաջին քայլերը առած է: Հարց կուտամ իրեն, թէ հայրենիքէն դուրս այսքան օգտաշատ գործունէութիւն ծաւալելէ ետք Հայաստանի մէջ ալ որեւէ ծրագիր ունի՞: Այո, կ՛ըսէ, ունիմ:

Ուրեմն Հալէպի մէջ տարիներով շփուելով հայկական ասեղնագործութեան հետ ու հաւատալով անոր ազգագրական, աւանդական արուեստի արժէքին, յանդուգն ծրագիր մը մշակած է. Հայաստանի մէջ հիմը դնել ասեղնագործութեան ազգային հաստատութեան մը, ուր մասնագէտներու կողմէ ասեղնագործութեան դասընթացներ կազմակերպուին եւ որը ունենայ նաեւ ցուցասրահՙ հայ եւ օտար այցելուներուն ծանօթացնելու հայկական այս իւրայատուկ արուեստի գործերը, որոնք կրնան նաեւ արտահանուիլ միջազգային շուկայ: Հրազդան կը մտածէ այս ծրագիրը յաջողցնել իր ծննդավայր Գիւմրիի մէջ:

Մեզի կը մնայ իրեն յաջողութիւն մաղթել ու ակնկալել, որ ինք անպայման կ՛ունենայ քաջալերողներ, աջակիցներ եւ բարոյապէս ու նիւթապէս սատարողներ:

Երեւան

*) «Ազգ»ը ժամանակին հանգամանորեն անդրադարձել է այս ալբոմին: Ծ.Խ.:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #3, 30-01-2015

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ