Թ.Մ.Մ. «ՄՀԵՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՊԵՐՃ ԶԷՅԹՈՒՆՑԵԱՆԻ «ՈՏՔԻ՛ ԴԱՏԱՐԱՆՆ Է ԳԱԼԻՍ» Յակոբ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ Յանդուգն նախաձեռնութիւն մը եւս ԹՄՄ Մեծագոյն Նիւ Եորքի «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբին համար. հիւրախաղերով բարձրանալ հայրենի բեմ ու ներկայացնել Պերճ Զէյթունցեանի «Ոտքի՛, դատարանն է գալիս» ներկայացումը, բեմադրութեամբՙ փարիզաբնակ արուեստագէտ Ժիրայր Փափազեանի: Թատերախումբին այս երկրորդ այցելութիւնն է Հայաստան. առաջինըՙ 2007ի հոկտեմբերին: Ցեղասպանութեան տարելիցի ապրիլեան ու նաեւՙ ղարաբաղեան մեր հայրենիքին վիճակուած նախայարձակման այս օրերուն, ասիկա թէքէեանականներու զօրակցութիւնն է մեր հայրենի ժողովուրդինՙ ներկայացնելու Թալաաթի սպանութիւնը վրիժառու հայ երիտասարդինՙ Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ, վերյիշեցնելու բոլորին, թէ անպատիժ պիտի չմնան բոլոր անոնք, որոնք անարդարօրէն եղան պատճառ Հայոց մեծ ողբերգութեան, ինչպէս անցեալին, նաեւՙ այսօր: Հայրենասիրական ոգիին բարձր գիտակցութեամբ Նիւ Եորքի մկրտչեանականները կու գան Հայաստան, կու գան անգամ մը եւս հաղորդուիլ մայր հողով, հայրենիքով, Սարդարապատով, Ծիծեռնակաբերդով ու Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինով: Անոնք կու գան Հայաստան, ինչպէս տասնամեակներ ամբողջ Թէքէեանի հիմնադիրները այցելեցին հայրենիք, վերանորոգելու իրենց ուխտըՙ ծառայելու մեր ժողովուրդին, մշակոյթին ու ազգային ժառանգութեանց: Այս մեր տղաքը ժառանգորդներն են անմահանուն Վահան Թէքէեանի, Արշակ Չօպանեանի ու Միհրան Տամատեանի, որոնք եղան օրինակները իրա՛ւ հայրենասիրութեան իրենց կեանքի բովանդակ տարիներուն: Որովհետեւ հայրենասիրութիւնը չի ճանչնար գաղափարախօսութիւն, քաղաքական վարդապետութիւն կամ հատուածական շահ: Մհեր Մկրտչեան երեք տասնամեակներ առաջ այցելած ըլլալով Նիւ Եորք իր հայրենաշունչ դրոշմն էր դրած մեր թատերախումբի հիմնադիր անդամներուն վրայ: Մեր թատերախումբի անդամները պիտի գան Կոմիտասի պանթեոնՙ խոնարհելու մեծ վարպետինՙ Ֆրունզիկի շիրիմին ու ըսելու. «Վարպե՛տ, պիտի շարունակենք ծառայել մեր 3000ամեայ թատրոնի աւանդութիւններունՙ նոյնիսկ հեռաւոր Ատլանտեանի այս ափերէն»: Ներկայացումները տեղի պիտի ունենան ապրիլ 13-ին Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի մեծ դահլիճի բեմին վրայ, ուր պիտի տրուի առաջին ներկայացումը, նախաձեռնութեամբ Համալսարանի ռեկտոր, պրոֆ., ԹՄՄիութեան Հայաստանի վարչութեան նախագահ Ռուբէն Միրզախանեանի: Հրաւիրուած պիտի ըլլան թատերագիրներ, թատերական գործիչներ, քննադատներ ու թատերական ինստիտուտներու ուսանողներ: Ապրիլ 14, ժամը 18:00-ին, Գիւմրիի (ծննդավայրը Մհեր Մկրտչեանի) «Վարդան Աճեմեան»ի անուան Պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ, եւ ապրիլ 16, ժամը 19:00-ին, դարձեալ Երեւան, Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական կոմետիայի թատրոնին մէջ: Հիւրախաղերու այս ծրագրին հովանաւորութիւնը ստանձնած է ՀՀ վարչապետ պրն Յովիկ Աբրահամեան: Բացի պարոն վարչապետէն, ներկայ պիտի ըլլան նաեւ պետական այլ դէմքեր, ինչպէսՙ Մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարները, բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններ ու զինուորականներ: Հիւրախաղերէն ետք թատերախումբի մեր տղաքը պիտի վերադառնան Նիւ-Եորք-Նիւ Ճըրզի վերանորոգուած հայրենասիրութեամբ, յաւերժական Արարատի տեսիլքով ջերմացնելու նիւեորքահայութեան ազգային հայրենաբաղձ հոգիները: Բարի երթ ու բարի վերադարձ: |