RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#015, 2016-04-22 > #016, 2016-04-29 > #016, 2016-05-06 > #018, 2016-05-13

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #16, 06-05-2016



Տեղադրվել է` 2016-05-05 23:34:42 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1487, Տպվել է` 11, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 7

«ՉՈՐՍ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՀԵՏ»

Մարուշ ԵՐԱՄԵԱՆ

Խմբագիրՙ Հայկ Աւագեան

Հարիւրամեակէն ետք այս երկրորդ տարին որոշ նորութիւններ բերաւ Ապրիլեան մեր ձեռնարկներուն, ջարդին ու նահատակներու մեր ոգեկոչումին:

Այս նորութիւններէն մէկը փոքրիկ գրքոյկ մըն է, լոյս տեսած Ապրիլեան սգահանդէսներու շաբաթը, Գահիրէի մէջ, ուր փոքրաթիւ, բայց աշխոյժ գաղութ մը կ՛ապրի:

Գիրքը կը կոչուի «Չորս հարցազրոյց Հրանդ Տինքի հետ» եւ հրատարակուած է Գահիրէի երեք թերթերէն մէկունՙ «Ջահակիր»ին որպէս յաւելուած Ա. (յիշեցումի կարգովՙ միւս երկու թերթերն են «Յուսաբեր» եւ «Արեւ»: Վերջինին հարիւրամեակը տօնուեցաւ այս յօդուածին գրութեան օրերուն): Գրքոյկին խմբագիրն է երաժիշտ մտաւորական Հայկ Աւագեանը :

Չորս հարցազրոյցներն ալ տեսագրութիւններէ վերծանուած են եւ ներկայացուած իրենց ժամանակագրական կարգով, այսպէսՙ Օշին Քեշիշեանի հետ (Լոս Անճելըս, 2003), Ֆրետերիք Միթերանի հետ (TV5, 2005), Նուրիձա Մաթոսեանի հետ (Իսթանպուլ, 2005) եւ Ստեփան Փարթամեանի հետ (Լոս Անճելըս, 2006):

Վերջին հարցազրոյցէն երկու ամիս ետք, 19 յունուար 2007 թուականին, Հ. Տինք կը սպաննուի, կարծէք այս հարցազրոյցներուն տալով կտակի մը արժէքը:

Տարբեր մասնագիտութիւններու տէր անձերու հետ կատարուած այս հարցազրոյցները մեծ կարեւորութիւն ունին անոր համար, որ մեզի կը ներկայացնեն իսթանպուլահայոց «ներսի» պատկերը, որ խորքին մէջ շա՜տ տարբեր է թէ՛ Հայաստանէն, թէ՛ Սփիւռքէն, բոլոր առումներով:

Գաղտնիք չէ - թէեւ այնքան ալ խօսուած չէ - որ Իսթանպուլի մեր գաղութը բոլոր գաղութներէն նուազ ծանօթ է մեզի (հաւանաբար սխալ է այս բառըՙ «գաղութ» օգտագործել վայրի մը համար, որ մեր դարաւոր հայրենիքին մէկ մասն է, կամ հաւաքականութեան մը համար, որ երկար, շա՜տ երկար տարիներ կ՛ապրի այդ հողին վրայ): Ճիշդ է որ եղած են այցելուներՙ գրագէտներ, մտաւորականներ թէ արուեստագէտներ, որոնք վերադարձին գրած են իրենց յուշերն ու տպաւորութիւնները, բայց գրած են փայփայուած հիւրի դիտանկիւնով:

Հրանդ Տինք եղած է հիմնադիր խմբագիրը «Ակօս» թերթին, որ սկսած է լոյս տեսնել 1996-էն: Թերթին տասներկու էջերէն տասն թրքերէն են, երկուքըՙ հայերէն: 1800 տպաքանակով սկսած թերթը այսօր հասած է 6000ի: Ընթերցողները, հայերու կողքին նաեւ քիւրտեր են, թուրքեր, ինչպէս եւ իսլամացած հայեր, ոչ միայն Պոլսոյ մէջ, Թուրքիոյ տարածքին, այլեւ տարբեր երկիրներէ:

Իր համոզումներուն եւ յանդգնութեան համար Հ. Տինք երեք անգամ բանտարկուած է. առաջինը «Ես թուրք չեմ, թուրքիացի եմ, եւ հայ եմ» ըսած ըլլալուն, երկրորդըՙ պատճառովը իր մէկ գրութեան, որուն մէջ կ՛արծարծէ «Հայ ինքնութեան մէջ թուրքը ինչ դեր ունի» նիւթը, իսկ երրորդ անգամՙ Ռոյթըր լրատուական գործակալութեան տուած «Ցեղասպանութի՞ւն է 1915ին եղածը» հարցումին իր պատասխանին համար.

«...Անշուշտ ցեղասպանութիւն է, քանի որ չորս հազար տարի այդ երկրին մէջ, այդ հողերուն վրայ ապրած եւ մշակոյթ մը մէջտեղ բերած ժողովուրդ մը ինքն ալ չկայ, իր մշակոյթն ալ չկայ. սա ուրիշ ո՞ր բառով կարելի է հոլովել» (էջ 44):

Այս հարցազրոյցներուն ընդմէջէն Տինք կը ներկայացնէ մեզ բոլորս խորապէս յուզող գլխաւոր հարցերըՙ որպէս հայ ապրիլ Թուրքիոյ մէջ, Ցեղասպանութիւնը որպէս բառ, եւ ի վերջոյ օտար ամուսնութիւնները, ուր օտարը օտար չէ, թո՛ւրք է:

Հրանդ Տինք, որպէս խմբագիր եւ մտաւորական, խորապէս կը տարբերի Հայաստանի թէ Սփիւռքի մտաւորականներէն, որովհետեւ ինչպէս ինք կ՛ըսէՙ «Ես միշտ կ՛ապրիմ ողբերգութեան իրականութեան մէջ» (էջ 25). ողբերգութեան իրականութեան եւ ոչՙ այդ ողբերգութենէն ծնած թանձր թրթռացումներուն մէջ: Ի վերջոյ այլ բան է թուրքը դուրսէն դիտելը, եւ բոլորովին այլ բանՙ ըլլալը երկրին մէջ, քու հողերուդ վրայ, ամէն օր եւ ամէն պահ պարտադրուած զգալը հանդուրժելու անորՙ թուրքին ամբարտաւանութիւնը:

Հ. Տինք տարբեր է նաեւ, որովհետեւ խորապէս մարդկային է իր կեցուածքը. «Ահա թէ ինչու ժողովրդավարութեան կը ձգտինք: Ոչ միայն հայերուն համար, այլ բոլորիս համար: Մենք կը պահանջենք եւ կ՛ակնկալենք գեղեցիկ բաներ»:

Այս գրքոյկը կարեւոր կը գտնենք նաեւ անոր համար, որ իսկ իր բերնով Հ. Տինք կը բացատրէ եւ կը բացայայտէ ոչ միայն իր գաղափարները, այլ նաեւ ու մանաւանդ այդ գաղափարները իրագործելու, գործադրելու իր ձեւերը, որոնք այնքան անսովոր են, որ կրնան առաջին անգամ լսողին ցնցում պատճառել.

«... Մեր հայութիւնը պիտի պաշտպանէինք ոչ թէ հայերէնով, այլ թրքերէնով ... մեր ինքնութիւնը պիտի պաշտպանէինք իրենց հասկցած լեզուով» (էջ 43):

Եւ կը պատմէ, թէ ինչպէս թուրք մտաւորական մը «Ակօս» թերթը իր դոկտորական թէզին նիւթ որպէս առած է եւ այդ առիթով կ՛ըսէ.

«...Երբ լեզուի տեսակէտէ կը նայիս Ակօսին, կարծես թէ նահանջ մըն է հայութեան համար, բայց եթէ լա՛ւ նայիս Ակօսին, կը տեսնես որ Ակօսը առջեւ նետուելու համար ետ քաշուած կատուի մը կամ վագրի մը կը նմանի, որ դէպի առջեւ պիտի ցատկէ»:

Տինք նաեւ յանդուգն է ինքն իր, այսինքն մեր, հայութեան հանդէպ, եւ առանց բառերը ծամծմելու կ՛ըսէ.

«Մենք անցեալին շղթայուած ենք: Այսօր ինքնութեան առաջին գիծին վրայ կայ միայն անցեալը: Եթէ պետութիւն չըլլայինք, միայն ազգ մնայինք, ես ալ կը խորհէի, որ անցեալը, մե՛ր անցեալը, առաջին գիծին վրայ պէտք է մնայ, քանի որ ատիկա մեզի պիտի պահպանէ ...». եւ կը շարունակէ ըսելու համար, որ եթէ այսպէս անցեալին կառչած մնանք, առանց ապագան ծրագրելու, «այդ անցեալը կրնայ մեր բանտը դառնալ»: Նման խօսքեր իր դէմ հանած են նաեւ կարգ մը ... հայեր, որոնց համար անցեալը ոչ թէ պատմութիւն է, որմէ դասեր պէտք է քաղել եւ յառաջ երթալ, այլ...

Դժբախտաբար իր համոզումներուն եւ արտայայտած յանդուգն գաղափարներուն զոհը գնաց Տինք այնքան վատ ձեւով եւ այնքան անժամանակ: Իր խօսքերը երբեմն պայծառատեսութեան ու երբեմն պատգամի պէս այժմ կը հնչեն:

***

Գրքոյկին խմբագիրը թէեւ սկիզբէն, իւրաքանչիւր հարցազրոյցէ առաջ կը նշէՙ «պահած եմ զրոյցի լեզուն», մեզի կը թուի սակայն, թէ որոշ «մաքրութիւն» մը աւելի հասկնալի կրնար ընծայել ըսուածը, որուն իմաստը երբեմն կը կորսուի կրկնութիւններու եւ կիսատ խօսքերու մէջ:

Անշուշտ կայ վտանգը, որ լեզուն «մաքրելու» ընթացքին իմաստը փոփոխութիւն կրէ: Եւ որովհետեւ այսօր միջոց չկայ իմաստը ճշդելու - Տինքի եղերական սպանութենէն ետք - հաւանաբար խմբագիրը որոշած ըլլայ զրոյցները ներկայացնել իրենց խօսակցական անհարթութիւններով հանդերձ:

Զրոյցներուն կը նախորդէ խիտ բայց խորունկ յառաջաբան մը, խմբագրին գրիչով, որ կը կրէ «Հրանդ Տինքՙ իր գաղափարներուն ընդմէջէն» խորագիրը, եւ որ Տինքի գաղափարները վերլուծելու կողքին բաւական լոյս կը սփռէ անոր շուրջ ստեղծուած թեր ու դէմ կարծիքներուն վրայ:

***

Այս զրոյցները նոր եւ կարելի դիտանկիւն մը կը բանան մեր Դատին առնչութեամբ, որովհետեւ զրուցակիցը թուրքը ներսէն ճանչցող մտաւորական մըն է:

Իր մահն անգամ ոչ միայն վերջ մը չեղաւ իր մէջտեղ դրած գաղափարներուն, այլ քաջալերեց մանաւանդ թուրքերը, որ իրենց պետութեան առջեւ իսկ բարձրաձայն խօսին Ցեղասպանութեան մասին:

Ի վերջոյ ի՞նչ է անհատի մը կեանքը ամբողջ ժողովուրդի մը արդարութեան պահանջին ի խնդիր:

Գահիրէ, 28 ապրիլ, 2016

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #16, 06-05-2016

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ