RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#003, 2014-03-14 > #004, 2014-03-21 > #005, 2014-03-28 > #006, 2014-04-04 > #007, 2014-04-11

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #5, 28-03-2014



ՄԱՐՏԱՀՐԱՎԵՐ

Տեղադրվել է` 2014-03-27 23:21:24 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 5392, Տպվել է` 155, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 66

ՔԵՍԱՊԻ ՊԱՐՏԱԴԻՐ ՀԱՅԱԹԱՓՈՒՄԸ

ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Պատանեկան օրերէն արձագանգող յուշ մըն էր Քեսապ անունը մեզի համար: Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան Զարեհ Նուպար ակումբի սկաուտական տարեկան բանակումներուն ընթացքին, խարուկահանդէսներուն ժամանակ յաճախ կ՛իմանայինք Քեսապի բանակավայրերուն մասին: Մեզիՙ լիբանանցիներուս (յատկապէս անոնցՙ որոնք ազգականներ չունէին Սուրիոյ մէջ) համար դժուար էր տարբերութիւնը գիտնալ քեսապցիին եւ այնճարցիին միջեւ:

2008-ի ամրան, Հալէպի ԹՄՄիութեան վարչութենէն ստացուած հրաւէր մը խանդավառութիւն ստեղծած էր Լիբանանի ՌԱԿ Փորթուգալեան ակումբի տղոց մօտ: Հակառակ որ ինծի համար անծանօթ էր Քեսապը, սակայն ի պաշտօնէ ընկերակցած էի տղոց: Երկար էր ճամբորդութիւնը, յատկապէս որ կէս գիշերին էինք ճամբայ ելած Պէյրութէն: Վաղ առաւօտեան, երբ քնոտ ու կիսաբաց աչքերով մեր հայեացքները կը փորձէինք սեւեռել երկինք ու մեր շուրջբոլորը, կը զգայինք հրաշալի բնութեան զարթնումը, երբ լոյսերու մէջ նստած չքնաղ ու լուսերես արեւամարը մեզի կը սպասէր Քեսապի մուտքին: Եւ ահա գիշերային մեր ուղեւորութենէն ետք յոգնած մուտք կը գործէինք ԹՄՄ-ի բանակավայրը բոցավառ արեգակին առաջնորդութեամբը: Քեսապի մայրամուտը իր բարի սովորութեան համաձայն կրկին իր գիրկը առած էր հայ երիտասարդները, որոնք ժամանած էին Լիբանանէն, Դամասկոսէն, Հալէպէն ու Յորդանանէն: Եւ այս կրկնութիւնն էր այն նախորդող ամառներուն, ուր կը մեկտեղուէին հայ երիտասարդներ տոգորուելու համար ազգային ոգիով, հայրենասիրութեամբ:

Արշալոյսէն առաջ իրենց անկողիններէն վեր կեցած էին նախօրոք ժամանած միւս տղաքը ու անհամբեր կը սպասէին Լիբանանէն ժամանող խումբին: Արեւը կարծես լուացած էր անոնց երեսը, իսկ մենք ապշած կը դիտէինք մեզ շրջապատող վայրի բնութիւնը, ցողով ծածկուած սարերն ու դաշտերը: Բոլոր թռչունները ցողի սրսկումէն կը սթափէին, կը սկսէին երգել ու ծլվլալ: Այս ռոմանտիկ տեսարանը յանկարծ կ՛ընդհատուէր մեր տղոցմէ մէկուն բջիջային զանգով...: «Թուրք սել»-էն «մեսէյջ» մը կը հաղորդէր, թէ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս կը գտնուէինք, հետեւաբար արտօնուած էինք այդ գիծերը օգտագործել...: Բնականաբար զարմանալը քիչ էր, սակայն երբ նշմարեցինք, թէ հանդիպակաց լեռներու լանջերը արդէն իսկ Թուրքիոյ սահմանները կը գծէին, հասկնալի թուեցաւ մեզի, թէ ինչու համար քեսապցին ոչ միայն առիւծի նկարագրով գոյատեւելու իրաւունք տուած էր ինքզինքին, այլեւ հողին կառչած ըլլալով, ազգային ու եկեղեցական արժէքներուն նկատմամբ սկզբունքային վերաբերում ունէր:

Մելգոնեան կրթական հաստատութեան ուսանողութեան տարիներէս ի վեր, երբ ամէն առաւօտ քայլերգերու երգեցողութենէն ետք մէկ շէնքէն միւսը մեր ուղղուած պահուն, կամայ թէ ակամայ մեր հայեացքները կը սեւեռէինք Նիկոսիայի հիւսիսը «Փենդա դաքթիլօ» (Հինգ մատ) կոչուող լեռնաշղթային ու ցասումով կը դիտէինք անոր լանջերուն լայնքին-երկայնքին փռուած թրքական դրօշը: Մինչեւ այսօր, ամէն անգամ այդ ահաւոր տեսարանը տեսնելով հոգիս կը պոռթկայ... «Հապա ինչքան պիտի պոռթկայինք, եթէ մեր սրբազան լերանՙ Արարատի լանջերուն պարզուէր այդ տեսարանը» ու հայը պարտադրուէր ամէն պահ իր հայեացքը սեւեռել հոն»: Միթէ նոյնը չէր պարագան Քեսապին, երբ հայը ամէն պահ հողին ուժը զգալով հանդերձ, իր հայեացքը կը սեւեռէր Թուրքիոյ ներկայի սահմանները: Քեսապ այցելող իւրաքանչիւր հայ այդ սահմանագիծերը տեսնելով, մտովի կը պատկերացնէր սպառնացող վտանգը, սակայն որո՛ւն մտքէն կ՛անցնէր այսքան մօտալուտ պոռթկումը անոր:

Թէեւ 16-րդ դարէն ի վեր Թուրքիոյ սահմանամերձ ըլլալու անպատեհութիւններն ու Օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուելով բռնութիւնները ճաշակած են նաեւ սուրիացի արաբ ժողովուրդն ու տարածաշրջանի այլ ազգեր: Սակայն սուրիահայը, ի մասնաւորի քեսապահայը, ամէն ճիգ ի գործ դրած էր որպէս երաշխիքՙ գիւղի հայադրոշմ գոյութիւնը, ազգային մշակոյթն ու աւանդութիւնները պահպանելու համար. վկայ Քեսապի մէջ գործող հայկական երեք յարանուանութիւններու պատկանող եկեղեցիներն ու դպրոցները, երիտասարդական բանակավայրերը, հայկական հաստատութիւնները, նոյնպէս Գարատուրանի նորակերտ եկեղեցին, որուն օծումը դեռ մի քանի տարի առաջ կատարեց Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը: Բոլոր առիթներով անոնք իրենց գիրկը կը կանչեն հեռաւոր հայորդիներ, որոնք ունկնդիրը կը դառնան հայկական զանգակատուներէն արձագանգող ղօղանջներուն, քայլարշաւներու ընթացքին լսուող հայ սկաուտներու թոփիւններուն, հայկական փողերախումբերու կշռութաւոր նուագներուն եւ, վերջապէս, հայ պատանիներու խանդավառ երգեցողութեան... «Հայորդիք, որ կ՛ապրիք դուք հեռու, չմոռնաք մեր մայրենի լեզուն...»: Ահա թէ ինչպէս պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն ի վեր հայկական Քեսապը գոյատեւած է իր ուրոյն բարբառով եւ աւանդութիւններով

Հայոց Մեծ եղեռնէն ետք հայ ժողովուրդը ընդմիշտ մնաց երախտապարտ զինք գրկաբաց հիւրընկալող արաբ ժողովուրդին եւ այդպէս ալ դաստիարակեց յաջորդական սերունդներ ու սորվեցուց դասալիք չըլլալ, երբ իր ծննդավայր հայրենիքը զինք կը կանչէ: Նորահաս սերունդին մօտ սերմանեց երախտագիտութիւն հանդէպ արաբ ժողովուրդի ասպնջական ոգիին, որովհետեւ Հայկական ցեղասպանութենէն ճողոպրած ու վերապրած մեր ժողովուրդի զաւակները անոր շնորհիւ կրցան վերակազմակերպել իրենց եկեղեցական ու ազգային կեանքը Սուրիոյ մէջ: Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ բոլոր ժամանակաշրջաններուն, հայեր իբրեւ գիտակից քաղաքացիներ, դրական ներկայութեամբ սատարած են երկրի ընկերային թէ տնտեսական կեանքի բարգաւաճման եւ բերած իրենց նպաստը: Անոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են երկրի մտաւորական, ընկերային, կրթական, մարտական թէ գիտական բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Արժանավայել կերպով կարելի է յիշատակել ի մասնաւորի հայ զօրավարներու ներդրումը, որոնք արժանացած են ազգային հերոսի տիտղոսներուն, ինչպէսՙ Զօրավար Գարամանուկեանն ու Զօրավար Սարաֆեանը, իսկ Մեծ եղեռնի այդ ահաւոր օրերուն բժշկական մարզին մէջ մեծ է եղած դերը ռամկավար ընկերներէնՙ բժիշկ Մովսէս Յովսէփեանին, որ դեռ նոր շրջանաւարտ բժշկական համալսարանէն, կամաւոր բժիշկներու խումբ մը կազմելով օգնութեան կը փութայ համաճարակէ վարակուող հայ գաղթականներուն: Տարիներ ետք, հակառակ որ Ամերիկայի մէջ մեծ վարկ ու ժողովրդականութիւն կը վայելէր իր բարեսիրական ու մասնագիտական ծառայութիւններուն համար, յաճախ կ՛արտայայտուէր, թէ ինք կը սիրէր համեստ խաւին մատուցել իր բժշկական ծառայութիւնները:

Այսօր, աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդըՙ Հայրենիքէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ափերը կ՛ողբայ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը: Ան գերազանցապէս կը գիտակցի թրքական ճիւաղային գործելաոճին, գիտէ թէ թուրքին անցած տեղը ինչ հետք կարելի է գտնել, եւ այդ գիտակցութեամբ ալ կը բերէ իր գործնական օժանդակութիւնը:

Անցնող մի քանի օրերուն արաբական եւ միջազգային մամուլը ողողուած է հայկական Քեսապի մէջ տիրող վտանգաւոր կացութեան, ինչպէս նաեւ թրքական ու ահաբեկչական ուժերու ներխուժման մասին տեղեկութիւններով: Ափսոսանքով կ՛իմանանք Քեսապի եւ իր մերձակայքը գտնուող աւաններու հայաթափումի մասին եւ կը մտաբերեմ, թէ ինչպէս պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք ու երրորդ անգամն ըլլալով քեսապահայութիւնը կը բռնէ նորովի գաղթի ճամբան թրքական հայեատեաց քաղաքականութեան պատճառով եւ պարտադրաբար լքելով իր տունն ու տեղը ապաստան կը գտնէ Լաթաքիոյ տարածքին: Իսկ անդինՙ հայկական եկեղեցիներն ու անոնց սպառնացող ճակատագիրը, թրքական հետքերն ու սրբապղծումը կը շարունակեն մնալ որպէս դժոխային ու թրքավայել իրողութիւն:

***

Արդարեւ, ընդունուած իրողութիւն է, թէ Քեսապի բնակչութեան 90 տոկոսը արդէն իսկ հեռացած է իր պապենական օջախներէն: Գալատուրան եւ Քեսապ մնացած հազիւ 15 ընտանիքները արդէն իսկ միացան Լաթաքիոյ իրենց հայրենակիցներուն: Նոյնիսկ լեռներու լանջերուն գտնուող հայ երիտասարդներու պահակախումբն ալ ակամայ հեռացաւ շրջանէն: Կ՛իմանանք, թէ թիւով 10 ընտանիքՙ տարեցներ, չէին ուզած իրենց բնակարաններէն հեռանալ: Յետադարձ ակնարկով մը կը վերյիշեմ այն տարեց երեք եղբայրները, որոնք իրենց հսկայ բնակարանը հիւրանոցի վերածածՙ մեր այցելութեան օրերուն մեծ խանդավառութեամբ մեզ հիւրընկալած էին, եւ երբ տեղեկացան, թէ Պէյրութի «Զարթօնք» թերթի խմբագիրն էի, արագօրէն ձեռքէս բռնելով զիս երկրորդ յարկ բարձրացուցած էին իրենց հարիւրամեայ երրորդ եղբօր ծանօթացնելու ու ցոյց տալու սնարին տակ դիզուած ու պահուած «Զարթօնք»ի հին թիւերը, որոնցմէ ամէն օր հատ մը որպէս նոր հասած թիւՙ կը հրամցնէին անոր, որ թէեւ անկարող էր քալելու, սակայն նոյնիսկ առանց ակնոցներու կարողութիւն ունէր ընթերցելու:

***

Քեսապահայութիւնը այսօր կը գտնուի ճակատագրական հանգրուանի մը առջեւ: Համայն հայութեան սիրտը կը տրոփէ քեսապահայութեան ցաւակից դառնալով, եկեղեցիներու քարակերտ պատերը «կը ցնցուին ալեխրով աղօթքներ» բարձրաձայնելով դէպի երկինք, մինչ ՀՀ նախագահն ու Ամենայն հայոց հայրապետ Գարեգին Բ. հեռաձայնային հաղորդագրութեան մէջ մտնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ իրենց պատրաստակամութիւնը կը յայտնէին օգտակար հանդիսանալու շրջանի հայութեան:

«Քեսապը «պատառ մը Հայաստան» է Հայաստանէն դուրս», կը պատգամէր Քեսապի հողէն ծնունդ առած Գարեգին Ա. կաթողիկոսը: Հակառակ բազմաթիւ վերիվայրումներուն, Քեսապը միշտ կրցած է գոյատեւել իր իւրայատուկ խիզախ նկարագրով: Շուտով քեսապցին պիտի վերագտնէ իր խաղաղութիւնը եւ կրկին պիտի մշակէ իր պարտէզն ու դաշտը: Հայ արիները կրկին պիտի մէկտեղուին բանակավայրերուն մէջ ու խարոյկի բոցերուն ընդմէջէն պիտի բոցկլտայ վերածնած կեանքը հայկական Քեսապին:

Պէյրութ

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #5, 28-03-2014

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ

ՄԵԿ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ