RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#005, 2014-03-28 > #006, 2014-04-04 > #007, 2014-04-11 > #008, 2014-04-18 > #009, 2014-04-24

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #7, 11-04-2014



Տեղադրվել է` 2014-04-11 00:11:24 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 4181, Տպվել է` 66, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 51

ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԵԼԳՈՆՅԱՆԸ ՎԵՐԱԲԱՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Վարդգէս Գուրուեան (համադրող), Զօհրապ Շամմասեան, Ժիրայր Մակարեան, Գէորգ Յակոբեան, Կարօ Գասապեան, Սարգիս Շահինեան, Րաֆֆի Ցնծալեան եւ աւելի քան հազար (1000) մելգոնեանցի եւ վերոյիշեալ հարցերով մտահոգ հայորդիներ, որոնց գրաւոր եւ / կամ համացանցային ստորագրութիւնները պահուած են մեր մօտ:

Տիար Սերժ Սարգիսեան, Նախագահ

Հայաստանի Հանրապետութեան,

Սոյն «Խնդրանք Բաց նամակ»-ով Հ.Բ.Ը.Միութեան Մելգոնեան կրթական հաստատութեան խումբ մը շրջանաւարտներս կու գանք Ձեզմէ խնդրելու, որ բարի ըլլաք բարեխօսելու Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ անոր նախագահՙ տիար Պերճ Սեդրակեանի մօտ, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկեն Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը փակելու իրենց որոշումը եւ զայն վերաբանան կարելի փութով:

Մեր այս վերանորոգուած խնդրանքին տուն տուող պատճառները երկուք են.

Ա. - Նկատի ունենալով Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Հալէպի եւ Սուրիոյ այլ հայաշատ շրջաններու, ինչպէս նաեւ սուրիահայ պատանիներու բազմակողմանիօրէն անապահով կացութիւնը, Մելգոնեան կրթական հաստատութեան վերաբացումով կարելի պիտի ըլլայ 500-1000 հայ պարման-պարմանուհիներ գիշերօթիկ միջավայր փոխադրել, ուր անոնք պիտի կարենան ապահով պայմաններու տակ իրենց ուսումը շարունակել:

Բ. - Գաղտնիք չէ, որ արեւմտահայերէնը արտասահմանի մէջ ահաւոր անկում կը կրէ: «Council of Europe, Committee of Ministers»ը եւ «UNESCO»ն արեւմտահայերէնը արդէն իսկ դասած են վտանգուած լեզուներու շարքին: Սփիւռքի մէջ կը նահանջէ արեւմտահայերէնը: Ոչ մէկ դպրոց, ոչ մէկ կազմակերութիւն, ոչ մէկ միութիւն կամ հաստատութիւն կրնայ առաջքը առնել այս մահացու նահանջին: Եթէ անկեղծ ըլլանք իրարու հետ, գիտենք որ այս պայմաններուն տակ հազիւ թէ կարենանք առաւելագոյն մէկ սերունդ եւս դիմանալ որպէս արեւմտահայ: Սփիւռքի մեր արեւմտահայ զանգուածները հասած են անդունդի եզրին, ամբողջական ձուլումի վտանգին ենթակայ: Մեր Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու գահակալներուն, ՀՀ պետական այրերուն եւ սփիւռքի աւանդական երեք կուսակցութիւններուն (ինչպէս նաեւ մտաւորականութեան) աւագ պարտականութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ ոչ միայն փրկել եւ պահպանել արեւմտահայերէնը, այլ զարգացնել եւ տարածել զայն: Այս անյետաձգելի հրամայականը կարելի է մասամբ իրագործել վերաբանալով Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը:

Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը ըլլալով գիշերօթիկ վարժարան, հոն հաւաքուած արեւմտահայ ուսանողութիւնը Հալէպէն, Իրաքէն, Եգիպտոսէն, Կիպրոսէն եւ այլ գաղութներէն, նուիրեալ եւ մտահոգ ուսուցիչներու հսկողութեան տակ, լաւագոյնս պիտի կարենան սորվիլ արեւմտահայերէնը եւ այս աշակերտներէն խումբ մը, որպէս արեւմտահայերէնի ուսուցիչներ, խմբագիրներ, ազգային գործիչներ եւ այլ պաշտօններ վարող անհատներ, պիտի պահեն, զարգացնեն եւ տարածեն արեւմտահայերէնը: Տարիներու ընթացքին, վերաբացուած Մելգոնեանի արեւմտահայ շրջանաւարտներու թիւը պիտի հասնի հազարներու: Այսպէսով մասամբ ապահովուած պիտի ըլլայ նաեւ արեւմտահայ զանգուածներու գոյատեւումը: Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը բարձրորակ ուսում ջամբող կրթական հաստատութիւն մը ըլլալով հանդերձ, պիտի ծառայէ նաեւ որպէս արեւմտահայերէնի ամրոց եւ ազգային ինքնութեան դարբնոց: Այս միքտը աւելի եւս զարգացուցած ենք կցեալ գրութիւններուն մէջ որոնք հրատարակուեցան սփիւռքահայ մամուլի կարգ մը օրկաններու էջերուն մէջ, ինչպէս նաեւ համացանցային միջոցներով:

Նկատի ունենալով վերոյիշեալ զոյգ մտահոգութիւններուն ահազանգային հանգամանքը, պիտի խնդրէինք որ կարելի փութով բարեխօսէիք Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ նախագահ տիար Պերճ Սեդրակեանին մօտՙ անյապաղ վերաբանալու Հ.Բ.Ը.Միութեան Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը:

Սպասելով Ձեր բարեհաճ պատասխանինՙ

Խորին յարգանքներովՙ

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #7, 11-04-2014

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ

ՄԵԿ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ