RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#022, 2014-07-25 > #023, 2014-08-01 > #024, 2014-08-22 > #025, 2014-08-29 > #026, 2014-09-05

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #24, 22-08-2014



ՃԱՆԱՉՈՂԱԿԱՆ

Տեղադրվել է` 2014-08-22 00:17:39 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1782, Տպվել է` 18, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 8

ISIS-Ը ՆԱԵՎ ՀԱԿԱԻՍԼԱՄՆ Է

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անցնող յունիսէն ի վեր Իրաքի մէջ մեծ հողատարածքներ գրաւած ISIS շարժումին («Իրաքի եւ Շամի Իսլամական Տէրութիւն», որ աւելի ուշ վերակոչուեցաւ «Իսլամական Խալիֆայութիւն») «աստղը» փայլեցաւ «Ալ Ղաիդա» շարժումի առաջնորդ 54 տարեկան Ուսամա Բըն Լադէնի ֆիզիքական լուծարումէն ետք (2 մայիս 2011): Այդ օրերուն ոչ ոք գիտէր, թէ ինչ է ISIS-ը, որուն անունը առաջին անգամ լսելի դարձաւ ոչ թէ Իրաքի, այլ Սուրիոյ մէջ: Սուրիական սիւննի մեծամասնութիւն ունեցող Ռաքքա քաղաքը դարձաւ շարժումին գլխաւոր կեդրոնատեղին: Շարժումը, որ Սուրիոյ տարբեր ճակատներուն վրայ մասնաւորաբար կռուեցաւ Սուրիոյ այլ ընդդիմադիր ջոկատներուն դէմ, անցեալ 10 յունիսին անսպասելի եւ արագ գործողութեամբ մը իր ժանիքները տարածեց Իրաքի Մուսուլ, Նինուէ եւ Թիքրիթ շրջաններուն վրայ:

Գլխաւորաբար սիւննի իսլամներէ բաղկացած զինեալներուն համար կարմիր գիծեր գոյութիւն չունին: Խաղի կանոններ գրեթէ չկան: Խալիֆայութեան վերածուած շարժումին համար խիղճ, սկզբունք, իսլամական կրօնքի յատուկ գթասիրտութեան օրէնքները չեն գործեր: Այս մօտեցումներով է, որ անոնք դատարկեցին Մուսուլը եւ Սինճար լերան վրայ պաշարեցին եզիտիները: Անոնք իսլամութիւնը պարտադրելու սպառնալիքը գործի մղելով հարիւրաւոր մարդոց «գլուխը կերան»:

Այս վէրքը անդարմանելի է: Ու ինչքան ալ խօսուի, որ քրիստոնեաները կրնան ետ Մուսուլ վերադառնալ, գոնէ այս հանգրուանին երազային է: Հոն կատարուած ողբերգութիւնները գրիչի մէկ հարուածով չեն սրբագրուիր: Նոյնը կը վերաբերի եզիտիներուն, որոնց մասին արդէն տեղեկութիւններ շրջան կ՛ընեն, որ արդէն սկսած են հասնիլ Վրաստան (այս մասին գրած է Rudwa.net կայքը):

ISIS-ի պատմութիւնը նոր չէ, ու այս խնդիրներով հետաքրքրուողին համար պարզ կը դառնայ, որ շարժումը ստեղծուած է շուրջ եօթը տարի առաջ որպէս հիմք ունենալով «Ալ Ղաիդա» շարժումէն հեռացած տարրեր, որոնց նիւթական պէտքերը տրամադրուած են իսլամ մեծահարուստներու կողմէ: Միջազգային դրամական համակարգին վրայ կարեւորագոյն ազդեցութիւն ունեցող ԱՄՆ-ի քթին տակ եղած նիւթական փոխանցումները (նկատի ունիմ եւրոպական երկիրներէ դէպի Իրաք փոխանցուող գումարները) անցեալ յունիսին կազմած են 27 Միլիոն եւրո եւ ըստ լիբանանեան «Ալ Սաֆիր» թերթի յօդուածագիր Ալի Այաշին այդ փոխանցումները կը կատարուին միջազգային դրամատան (World Bank) հովանիին տակ գործող Swift համակարգին միջոցաւ:

ԱՄՆ-ի գործող ղեկավարութեան համար համար ներկայ հանգրուանին անփոխարինելի է «վերակառուցող քաոս» հանգանակը այնքան ժամանակ, որ այդ մօտեցումին փոխարինող ձեւաչափ չկայ: Այս մօտեցումը նաեւ կը կիրառուի յարմարագոյն գիներով նաւթի պաշարներու տիրացման համար: Նոյն քաղաքականութեամբ ԱՄՆ սիննի-շիիթ ատելութեան խաղաքարտը Իրանի հետ բանակցութեան սեղանին իբրեւ նոր ճնշման միջոց կ՛օգտագործէ:

Սոյն հաշուարկներուն դիմաց զոհերուն թիւը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի: Զերօ է մարդկային վարկանիշին թիւը: Ցաւօք, ինչքան արիւն կը թափուիՙ այդքան կը դիւրանայ քաղաքական ծրագրին իրականացումը:

Ողբերգականը սակայն Արեւելքի քրիստոնեաներուն բարձրագոյն ղեկավարութեան խօսելու ձեւն է: Անոնք տակաւին կը հաւատան, որ կաթոլիկ եկեղեցւոյ հիմնադիր առաքեալներուն լեզուով պիտի խօսին: Այսինքն արեան դիմաց պէտք է աղօթել: Արեան դիմաց գեղեցիկ հանդերձանքով պատարագներ կատարել եւ սրտաճմլիկ քարոզներ կարդալ:

Իրաքի «Ալ Ղաֆիդին» (Իրաքեան խորհրդրանի քրիստոնեայ Բլոք) խմբակցութեան նախագահ Եոնադիմ Քաննա, ամիսներ առաջ Լիբանան այցելելով հանդիպումներ ունեցած է Լիբանանի քրիստոնեայ (հիմնականին մէջ մարոնիթ) ղեկավարներուն հետ եւ իրազեկելով ընդհանուր իրավիճակըՙ վերադարձած է ձեռնունայն: Այս ճիգին դիմաց քրիստոնեաներուն այսօրուան լացը պէտք է կոկորդիլոսի արցունք համարել: Երբ վտանգը եւ արեան հոտը մեր քիթերուն մէջ է, ի՞նչ կը նշանակէ արեան հեղեղին առջեւ ձեռնածալ մնալ: Քրիստոնէական ո՞ր մատեանին մէջ գրուած է ասիկա:

Քաղաքական գետին վերադառնալով պէտք է արձանագրել, որ Նուրի ալ Մալիքիի իշխանութիւնէն հեռանալը կը նշանակէ, որ Իրաքի մէջ նոր հանգրուան մը բացուած է: Պէտք է նաեւ ընդգծել, որ սիւննի աշխարհին ամէնէն ազդեցիկ երկրինՙ Սէուդական Արաբիոյ համար ընդունելի չեն իսլամին անունով Իրաքի մէջ (եւ ոչ միայն Իրաքի) արձանագրուող ոճիրները: Ու հակառակ անոր , որ բոլորը լաւ գիտեն, որ ISIS կամ «Ալ Ղաիդա» իսլամը չի ներկայացներ Արեւմուտքի լրագրողներէն շատեր գիւտ կատարած ըլլալու ճիգով կը փորձեն կապ մը գտնել Սէուդական Արաբիոյ եւ ծայրայեղական իսլամներուն միջեւ:

Իրան , որ փորձեց մեծ ազդեցութիւն ունենալ Իրաքի վերջին դէպքերուն վրայ, այսօր վերադիրքաւորման խնդիր ունի: Շատ մը վերլուծողներ այս մասին խօսելով հաւաստած են, որ նախագահ Հասան Ռուհանին մտադիր է «Յեղափոխութեան պահակներ»ու «Երուսաղէմի ջոկատ»ի գլխաւոր ղեկավար եւ արմատական մօտեցումներով յայտնի Զօր. Քասէմ Սուլէյմանին տուն ղրկել: Այս քայլը կարեւոր ցուցանիշ պիտի ըլլայ մանաւանդ Թեհրան-Ռիադ կապերու աշխուժացման առումով:

Կը մնայ հարց տալ, որ արդեօ՞ք Մուսուլը, Նինուէն եւ Թըքրիթը «Դահէշ»ի վերացումին առաջին կայանները պիտի ըլլան: Քաղաքական բոլոր միաւորները այդ մասին կը խօսին ու ասոր դիմաց կը մնայ զինուորական գետնի վերջնական վճիռը : ISIS-ի կատարած ամէնազզուելի սպանդները աններելի են:Նոյնքան աններելի է նաեւ իսլամը եւ ISIS-ը նոյնացնելու փորձերը:

Մեր նախահայրերէն շատ- շատեր մահէն փրկուեցան, պահուեցան, ապրեցան, խնամուեցան եւ գաղթականի կարգավիճակէն դուրս եկան արաբ իսլամներուն շնորհիւ: Տէր Զօրի, Հալէպի եւ Պէյրութի սիւննի եւ շիիթ իսլամները հաց եւ ջուր տուին մեր նախահայրերուն: Անտարբեր մնալ Արեւմուտքի եւ յատկապէս ամերիկեանՙ իսլամը եւ ISIS-ը նոյնացնելու փորձերուն դիմաց, մեղմ ասած մեղսակցութիւն է:

Իսլամին հետ երկար կեանք ապրած յատկապէս Արեւելքի քրիստոնեաները անցեալը ուրանալու իրաւունք չունին: Չենք կրնար Արեւելքը առանց իսլամի պատկերացնել: Ու յատկապէս առանց չափաւորական իսլամին մենք բոլորս կրնանք նոր քաոսներու մէջ յայտնուիլ:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #24, 22-08-2014

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ

ՄԵԿ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ