ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԵՎ ԱՐԵՆՈՒՇԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Լիբանանի Սկաուտական շարժումի 45 եւ ՀԵԸ-ի Սուրիոյ` Դամասկոսի, Հալէպի եւ Քամիշլիի շրջաններէն 27 սկաուտներ եւ արենուշներ, չորեքշաբթի, 9 յուլիս 2014-ին հասան մայր հայրենիք մասնակցելու ՀԲԸՄ-Անդրանիկ սկաուտական 7-րդ բանակումին Հայաստանի ՀԲԸՄ-ի սեփական Անդրանիկ բանակավայրին մէջ, որ տեւեց երկու շաբաթ: Հայաստանի մէջ անոնք միացան ՀԲԸՄ-ի զանազան մասնաճիւղերէ եկած իրենց սկաուտ եւ արենուշ քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Բանակումին զանազան յայտագիրներուն կողքին, որոնք ընդգրկեցին սկաուտական գիտելիքներ, նաեւ այցելութիւններ տուին տարբեր տեսարժան վայրեր եւ կեդրոններ: Հոս տեղին է նշել, թէ 17 յուլիսին, ՀԵԸ-ի սկաուտներն ու արենուշները գլխաւորութեամբ ՀԵԸ-ի Լիբանանի վարիչ տնօրէն Գէորգ Սանթուրեանին եւ ՀԵԸ-ի Լիբանանի Կեդրոնական վարչութեան գանձապահ Վաչէ Մելքոնեանին այցելեցին Սփիւռքի նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցան նախարար տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանի հետ, որ մեծապէս գնահատեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի տարած ազգանուէր աշխատանքը եւ ինչպէս միշտՙ խրախուսեց պատանիները որ միշտ այցելեն իրենց հայրենիքը եւ ամուր պահապանները ըլլան իրենց ազգային արժէքներուն: ՀԵԸ-ի արիները Պէյրութ վերադարձան չորեքշաբթի 23 Յուլիսին: |