RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#014, 2015-04-17 > #015, 2015-04-24 > #016, 2015-05-01 > #017, 2015-05-08 > #018, 2015-05-15

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #16, 01-05-2015



ԴԻՏԱՐԿՈՒՄ

Տեղադրվել է` 2015-05-06 23:36:53 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1629, Տպվել է` 13, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 3

ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՑԱՒ ԿԻՍԵԼՈՒ ԽՕՍՔԻ ԱՃՊԱՐԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ԱՆԴԻՆ

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Էական հարցերը շրջանցելու ճապկումներու խաղին մէջ պէտք չէ ներքաշուիլ, միամտութեան զոհ չըլլալ, «բան մը փոխուած» տեսնելու սովորական միամտութեամբ: Թուրքիան եւ թուրքերը քաղաքական ճապկումներու բազմադարեան փորձ ունին, շաբաթավերջի զբաղումներու քաղաքագէտ չեն:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմէտ Տաւութողլուն ինչե՜ր կըսէ, խօսքերՙ որոնք կրնան յուզել ազգային տեսանկիւնէ ապաքաղաքականացած հաւաքականութիւնները, բոլոր անոնքՙ որոնք հրաժարած են ազգի եւ հայրենիքի զոյգ մէկութիւններէն, դեռ կառաջնորդուին «եղածը փրկենք»ի խեղճացած եւ խեղճացնող հակազգային գաղափարներով, դադրած են առաջադրանք համարելէ «միացեալ»ը եւ «վերադարձ»ի քաղաքական իմաստասիրութիւնը, ժխտական կեցուածք եւ ոչինչ արդարացնող եւ բան չնշանակող շատախօսութիւն, ըստ որուն «մենք համաշխարհային ազգ ենք»:

Պէտք չէ մոռցած ըլլանք մօտաւոր անցեալի ամէնէն յատկանշական նահանջական արտայայտութիւնը, ըստ որունՙ պատմութեան էջերը կարելի չէ վերստին գրել, որ գաղափարն էր եւ քաղաքական վարքագիծը տխրադէմ նախագահի մը, անոր պատմաքաղաքական փիլիսոփայութիւնը, այսինքն, ինչպէս դեռ ոչ շատ հեռաւոր անցեալին կըսէին, «ռեվանշիստ» պէտք չէ ըլլալ: Խորհրդային օրերու գաղափարական-գաղափարախօսական ժառանգութիւնը:

Ահմէտ Տաւութօղլու գրաւոր ուղերձով մը, 20 ապրիլին, «ցաւակցութիւն» յայտնած է «օսմանցի հայերուն»: Կարծէք հայերը մէկ ազգ չըլլային, եւ «օսմանցի հայերը» տարբեր ազգ ըլլային:

Ցաւակցութիւնՙ ի՞նչ բանի համար: Երկրաշարժի կամ ողողումներու զոհերո՞ւ, ի Տէր հանգած ալեհեր ծերունիի մը մահուա՞ն:

Ցաւակցութիւնՙ «օսմանցի հայերուն»... որ կը մղէ ենթադրելու, որ այդ «հայերը» ազգ չէին, ազգ չէին իրենց սեփական հայրենիքին մէջ, ուր եկւոր ուժի մը տիրապետութեան ենթարկուած էին, պարտադրաբար վերածուած էին «ազգութիւն» (միլլէթ) կոչուած փոքրամասնութեան: Ինչո՞ւ հայը «օսմանցի» պիտի ըլլար, «օսմանցիութիւնը» ազգային պատկանելիութիւն չէր, եղած պէտք չէր ըլլար, հաւաքականութեան մը կողմէ իւրացուած ինքնութիւն չէր, այդպէս եղած էր բռնագրաւողներու կողմէ պարտադրուած ինքնութիւնը, որոնք «իրենց հայրենիք դարձուցած էին հայուն հայրենիքը», եւ այդ իսկ պատճառով գործած էին անորակելի եւ անժամանցելի ոճիրըՙ ցեղասպանութիւնը եւ հայրենահանումը, յաւերժացնելու համար բռնագրաւման չարիքը:

Դիւանագէտ է Թուրքիոյ վարչապետ Ահմէտ Տաւուօթղլուն: Կըսէ. «Օսմանցի հայերուն յիշատակն ու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելը Թուրքիոյ մարդկային եւ պատմական պարտաւորութիւնն է: Այս ըմբռնումէն մեկնելով` Թուրքիոյ մէջ օսմանցի հայերուն յիշատակը պիտի յարգուի, ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ, 24 ապրիլին հայոց պատրիարքութեան կողմէ մատուցուող կրօնական արարողութեան մը ճամբով»: Այսինքն «թանգարանի հայութիւն», ինչպէս ըսած էր ցեղսպանութեան մեծ ճարտարապետըՙ Թալէաթ: Ո՞ր ժառանգութիւնը ցարդ պաշտպանուած է: Պատարագի մը ներկայ ըլլալով ժառանգութիւն կը պաշտպանուի՞: Պատահա՞ծ է, որ պաշտպանուին հայոց ձեռագիր մատեանները, ի՞նչ եղած է եւ է վիճակը հայկական եկեղեցիներուն, վանքերուն: Եկեղեցիները եւ վանքերը պաշտպանելո՞ւ համար զանոնք վերածած են մզկիթի, պահեստի, մարզարանի, բախտաւոր պարագայինՙ թանգարանի:

Ո՞վ աւերի եւ կորստեան մատնած էր «հակական մշակութային ժառանգութիւնը»: Արդ, Ահմէտ Տաւութօղլուն կարծէք միսիոնարական կազմակերպութեան մը առաքելութեամբ մը եկած է պաշտպանելու համար այդ ժառանգութիւնը:

Ըստ Ահմէտ Տաւութօղլուի, «Հասուն եւ ազնիւ քայլ մը պիտի ըլլար այն պարագային, երբ պատմութիւնը չօգտագործուէր իբրեւ քաղաքական գործիք, որովհետեւ անատոլիական մշակոյթը կը սորվեցնէ վէրքերը դարմանել եւ միասնաբար ապագային նայիլ»: Ինչո՞ւ եղած են եւ կան այդ «վէրքերը»: Զարմանալի է. ի՞նչ է պատմութեան բովանդակութիւնը: Մի՞թէ ան անցած ժամանակի եւ մարդոց գործունէութեան արձանագրութիւնը չէ: Իսկ այդ արձանագրութիւնը քաղաքական կեանքի պատկերը կը բերէ: Ինչպէ՞ս կարելի է շրջանցել պատմութեան բովանդակութիւնը, զայն համարել էջՙ ուր ոչինչ գրուած ըլլայ: Գրուած էջ կայ, որուն շարունակութիւնն է մեր այսօրը, հետեւաբարՙ քաղաքականութիւն:

Պատմութիւնը յիշեցումն է լաւ եւ վատ գործերու, իսկ յառաջդիմելու համար վատը պէտք է սրբագրել:

Կրկին կը խօսուի «փաստաթուղթերու» մասին, փոխանակ խօսելու «փաստ»ի մասին: Ինչպէ՞ս պատահած է, որ հայոց հայրենիքը դատարկուած է, ո՞ւր են անոր տէր բնակիչները: Նախ պէտք է պատասխանել այս պարզ հարցումին: Ինչպէ՞ս գոյացած է, այնՙ զոր կը կոչենք «սփիւռք»: Ի՞նչ կը ներկայացնեն օտար բարեսիրական կազմակերպութիւններու որբանոցներու բազմահազար մանուկները, լուսանկարները կը խօսին: Ո՞ւրկէ եկած են, եկած էին այդ իրենց անուններէն անգամ անտեղեակ որբերը:

Ահմէտ Տաւութօղլուի խօսքերուն կարելի է հաւատք ընծայել, եթէ ինք իր տրամաբանութեան մինչեւ ծայրը երթայ: Կըսէ. «Թուրքիա երբեք անտարբեր պիտի չմնայ այս պատասխանատուութեան դիմաց եւ պիտի շարունակէ իր կարելին ընել յանուն բարեկամութեան ու խաղաղութեան»: Այդ կարելին մխիթարական խօսքէ աւելին պէտք է ըլլայ, եթէ նպատակ են բարեկամութիւնը եւ խաղաղութիւնը: Այդ նպատակը պէտք է ըլլայ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ, որ առաջին հերթին ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման գնով իւրացուած հայկական հողն է: Ի հարկէ, թուրք քաղաքական վարքագիծին մէջ տեղ եւ տող չկա այդ մասին:

Լուրջ մեկնաբանութեան կը կարօտի, ինչ որ կը կարդանք Պոլսոյ «ԱԿՕՍ» թերթին մէջ. «Թուրքիոյ փոխ-վարչապետ Պիւլենթ Առընչ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ կառավարութեան նիստէն ետք յայտարարած է. Միտումնաւոր եւ ցանկալով ցեղասպանութիւն չենք գործած» (ընդգծ. Յ.Պ.): Ի՞նչ հասկնալ. երբ զանգուածային կերպով ոճիր կը գործուի, կրնա՞յ պատահիլ, որ այդ ըլլայ առանց միտումի եւ առանց ցանկութեան... Ցեղասպանութիւնը մի՞թէ բնութեան տարերքի հետեւանք էր, հով կամ փոթորիկ, ցունամի: Հանրային կարծիքի ճնշման ներքեւ շուարածի խօսքերով կրնան համոզուիլ միայն այդ խօսքերուն հեղինակները, կամ անոնց շահախնդրուած բարեկամները:

Եւ ինչե՜ր... Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Միացեալ Նահանգներու մէջ ըսած է, «Թուրքիան կը կիսէ հայերուն ցաւը», արձագանգած է «Հիւրրիյէթ» թերթը: Ո՞ր ցաւը. սո՞ւգի ցաւը, թէ՞ բռնագրաւուած հայրենիքի: Ան չի՞ հասկնար, որ տարիներով կրկնուած սգատօնէ եւ ցեղասպանութեան ճանաչումէ անդին ՀԻՄՆԱՀԱՐՑ կայ:

Այդ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԸ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԲՌՆԱԳՐԱՒՄԱՆ ՎԵՐՋ ՏԱԼՈՒ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆՆ Է:

«Ցաւ կիսելու» թատրոնը երկխօսութիւն չէ, ոչինչ կը բերէ իրաւունքի եւ եւ ճշմարտութեան վերականգումին: Այսքանը պարզ պէտք է ըլլայ հայուն, թուրքին եւ միջազգային համայնքին համար:

Հարիւրամեակի Ապրիլ 25-էն ետք այս է մխիթարութենէն եւ փաստահաւաքէն անդին, ազգային քաղաքական ուղին, որ յաւուր պատշաճի ամբոխավարական ճառ չէ, խօսափողի առջեւէն հեռանալէ ետք լուսանկարի մը սնապարծութենէն ետք... մարող եւ մոռցուող:

Այսինքն «տուրիստական» քաղաքականութեան նոր որակ պէտք է տալ: Ըսենքՙ հարազատօրէն ազգային-հեռանկարային, որուն մէջ կը մտնեն մշակոյթը, հողը, ինքնութիւնը եւ այս վերջինի հիմնաքար լեզուն, լեզունՙ «ներսը» եւ «դուրսը»:

Այս պէտք է ըլլայ ցեղասպանութեան ճանաչումով մեր բարեկամներուն հանդէպ մեզ երախտագիտութեան մղող վերաբերումի արժեւորումը, որ չըլլայ տարբերակը գութ հայցելու:

«Ծիծեռնակաբերդ»ի ուխտաւորները յուշ-յիշատակի ատրուշանին բոցը տեսնելէ ետք, երբ հարթակը կը բարձրանան, կը տեսնեն աստուածաշնչական գերուած լեռը եւ մղկտայ ցաւը:

Ահմէտ Տաւութօղլուն ի՞նչպէս կը կիսէ, ի՞նչպէս պիտի կիսէ այդ ցաւը:

27 Ապրիլ 2015, Փարիզ-Երեւան

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #16, 01-05-2015

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ