ԲԱՐԵԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԲ... ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Չէի ուզեր այս նիւթին անդրադառնալ, սակայն երեւի խուսափում չկայ: Հալէպահայերը Հալէպէն հանելու կոչերուն, զանոնք Հայաստան տեղափոխելու առաջարկներուն եւ ենթականերուն տեղաշարժի ու փոխադրութեան դժուարութիւններուն կողքին, մնալ որոշողներուն դիմադարձութեան այս անօրինակ իրարանցումին մէջ, մարդ ոչ միայն գլխացաւ կ՛ունենայ, այլեւ կրնայ գլուխը կորսնցնել: Տակաւին, երբ վերոյիշեալները կ՛ըլլան խրատական, քննադատական, հրամայական, մեղադրական, վատաբանութիւններով ու երբեմն ալ հայհոյալից խօսքերով ծանրաբեռնուած, զիրար խաչաձեւելով, զիրար խծբծելով, զիրար վիրաւորելով, մրցակցութեան ելլողներու պէս զիրար հրմշտկելով, ազնիւ գործը լրիւ կը կորսնցնէ իր ազնուութիւնը եւ կը դառնայ անելանելի քաոս մը, ուր մարդիկ իրարու քով գալով, իրար հասկնալու եւ միասնաբար գործելու եւ հարցը լուծելու փոխարէն, աւազախրում կ՛ունենան ու նպատակն ալ ջուրը կ՛իյնայ: Այստեղ նախարարութիւնը կ՛ըսէր Հալէպէն առաջարկ չենք սրացած, որ մնացեալ հայութիւնը Հայաստան փոխադրենք, Հալէպ կ՛ըսէ, գաղութը պիտի չպարպենք, երթալ փափաքողին ալ արգելք չենք ըլլար: Մարդիկ չեն հասկնար, որ այսպիսի զանգուածային տեղաշարժ քաղաքական բնոյթ կը ստանայ: Միւս կողմէ, որպէս սուրիական խճանկարին մէկ բաղկացուցիչը, երկրին խաղաղ օրերուն անոր բարիքը վայելողը, անոր վատ օրերուն զայն լքելով անոր կռնակ դարձնելը ո՞րքան մարդկային արարք է, ո՞ւր կը մնայ քաղաքացիին յանձնառութիւնը: Այո՛ զոհեր ու նահատակներ տուինք, ինչպէս բոլորը, սակայն գաղութը դեռ կը շնչէ: Ոչ միայն կը շնչէ, այլ կը ջանայ ապրիլ, գոյատեւել: Ոչ միութենական ձեռնարկ պակսեցաւ, ոչ նշանտուք, պսակ ու հարսանիք... Սրտցաւ բարեկամ մը դիմատետրին մէջ շատ յստակ ձեւով կը պատասխանէ եղած կոչերուն: Կ՛ըսէ, փափաքողը թող երթայ, արգելք չկայ, սակայն գաղութը պիտի չպարպենք, հարիւրամեայ Մայր Գաղութը ողջ-ողջ պիտի չգերեզմանենք, դեռ գործող դպրոցներ կան, դեռ աշխատունակ միութիւններ կան, ամէն շաբաթ հրապարակային ձեռնարկներ կան, երգչախումբ, թատերախումբ, նուագախումբ, յոբելեանական միջոցառումներ, ճաշկերոյթներ... դեռ գաղութը չէ սնանկացած, աշխատանք եւ եկամուտ ունեցողներ կան, արիւն քրտինքով շահուած ու պահուած տուներ, գործատեղիներ ու հսկայ գործարաններ կան... ո՞ւր ձգել, որո՞ւ ձգել այս բոլորը ու երթալ... Ես կը տեսնեմ, որ դուրսերը գտնուողները աւելի տագնապած են, քան Հալէպ ապրողները: Սակայն կան նաեւ իսկապէս քաղաքէն ելլել փափաքողներ, որոնց համար արդէն Սփիւռքի նախարարութիւնը, բարեսիրական կազմակերպութիւնները եւ անհատ բարերարները պատրաստակամութիւն յայտնած են նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար կանգնելու եւ Հայաստան եկողները անտէր չձգելու: Հոյակապ. սակայն երանի այս բոլորը համադրուին, մէկ գլուխի տակ գործեն, որ իրար չխանգարեն, թէ չէՙ վախնամ բարիքը տեղ չհասնի: |