ԹՈՒՆԱԼԻՑ ԺԱՌԱՆԳ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Քեսապցի բանասէր, ազգագրագէտ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանը մանրապատումներու ամբողջ շարք մը սկսած է գրել, նիւթ ունենալով կարգ մը ընտանիքներու միջեւ ծագած թշնամանքն ու ատելութիւնը , եւ թէ ինչպէս անոնք կը ժառանգուին որդոց որդի եւ որքան ժխտականօրէն կ՛ազդեն հաւաքականութեան մը համերաշխ գոյակեցութեան վրայ: Անշուշտ հեղինակին ուշադրութեան կիզակէտը Քեսապն է իր շրջակայքով: Սակայն այս հարցը երբեք ալ տեղական բնոյթ չի կրեր: Բոլոր ժողովուրդներուն մէջ ալ գոյութիւն ունին այսօրինակ հարցեր, սակայն անոնք աւելի սուր են ու դաժան փոքր համայնքներու մէջ, որոնց անդամները կը շարունակեն ապրիլ տոհմական օրէնքներով, որպէս մէկ երեսը ժառանգուած ազգային կենցաղին ու «մշակոյթին»: Ժամանակին, երբ ըմբռնումները տարբեր էին այսօրուան ըմբռնումներէն, նոյնիսկ հարուստ ու զարգացած ընտանիքներ, իրենց թողօններուն հետ, իրենց ատելութիւնն ու թշնամանքն ալ կտակած են իրենց զաւակներուն: Ամենավառ օրինակը Շէյքսփիրի Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ ողբերգութիւնն է, ուր երկու թշնամիՙ Քափուլէթ եւ Մոնթէյկ ընտանիքներու զաւակներէն աղջիկ մը ու տղայ մը զիրար կը սիրեն ու կը փորձեն իրենց դէմ ցցուած բոլոր պատնէշները քանդել ու մնալ սիրահարներ եւ ամուսնանալ, սակայն... աւարտը ծանօթ էՙ ողբերգութի՛ւն: Ես այնքան շատ պատմութիւններ լսած եմ այս նիւթին շուրջ, որ կը դժուարանամ ընտրութիւն ընել եւ մէկ-երկու կենդանի օրինակ յիշել: Երախաները դեռ փոքր տարիքէն իրենց ծնողներու խօսակցութիւններէն կը հասկնան, որ իրենց այսինչ ազգականը, նոյնիսկ շատ մօտՙ հօրեղբայր մը, կամ քեռի մը, կամ... լաւ մարդ չէ, աղտոտին մէկն է, իրենց հօր «դրամը կերեր է», կամ իրենց մասին չարախօսութիւններ տարածեր է ու պատճառ եղեր է, որ ... Ալ ինչ տարատեսակ, գունազարդուած ու ժխտական ածականներով հարուստ պատմութիւններ... որոնց վերջաւորութեան ալ շատ հատու ազդարարութիւնՙ չըլլայ որ ատոնց զաւակներուն հետ խօսիք, կամ խաղաք: Ու երեխաները կը մեծնան, իրենց հետ տանելով ընտանեկան «թապուն»ՙ «չըլլայ որ»ը, նոյնիսկ իրենց ծնողներուն մահէն ետք ալ: Սակայն, կեանքը երբեմն այնպէս մը կը տնօրինէ, որ գժտուած ընտանիքներու զաւակներ ապագային իրարու հանդիպին, զիրար ճանչնան, իրարու աչքի մէջ նային, իրարու հետ խօսք փոխանակեն, սկիզբը վերապահ ու զուսպ, յետոյ կամաց-կամաց աւելի ազատ, ու յաճախ պատուարը չդիմանալով նոր օրերու ըմբռնումներուն, փուլ կու գայ, մասնաւորաբար, երբ կը բացայայտուի, որ եղածը պարզապէս կրքոտ ու անհանդուրժող բնաւորութեանց արդիւնք է: Այս երկար յառաջաբանը ըրի, որպէսզի անդրադառնամ այս օրերուն, յատկապէս վերջերս բացումը կատարուած Արամ Մանուկեանի արձանին կապակցութեամբ եղած թեր ու դէմ կարծիքներուն, որոնցմով ողողուեցաւ նաեւ դիմատետրը (Ֆէյսպուք): Հարցը անշուշտ արձանի ֆիզիքական կառոյցին մասին չէ, քանդակը սիրող ալ եղած է, չսիրող ալ, այլՙ արձանի տիրոջՙ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան գլխաւոր դէմքին, Արամ Մանուկեանի անձին մասին, Վանի հերոսամարտի ղեկավարներէն մէկուն մասին, որուն պատկանած կուսակցութեան հանդէպ դիրքաւորում ունեցողներ իրենց անհանդուրժողութիւնը տարածած են մարդուն ու անոր գործին վրայ ալ, շրջանցելով այն իրողութիւնը, որ այս մարդը իր կարեւոր ներդրումը ունեցած է Առաջին հանրապետութեան գոյառման գծով: Այս անձերուն անհանդուրժողութիւնը իրենցը չէ, ոչ ալ նոր գոյութիւն առած իրողութիւն մըն է, այլՙ ժառանգուած է հայրերէն ու մեծհայրերէն, քանի որ, ժամանակին, Ա. Հանրապետութեան փլուզումէն եւ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք «Սովետասէրներու» եւ «Հակասովետներու» միջեւ ստեղծուած խրամատին որպէս արդիւնք գժտութիւններ ու թշնամանքներ յառաջ եկան, առաջինները ոչ եռագոյնի տեսքը կը հանդուրժէին, ոչ ալ Ա. Հանրապետութեան հետ կապուած որեւէ բան, մինչ միւսները կ՛ատէին ինչ որ «կարմիր» էր, եւ այս ատելութիւնը ժառանգուեցաւ յաջորդող սերունդներուն եւ թունաւորեց սփիւռքահայոց կեանքը: Խորհրդային վարչակարգի տապալումին ու Հայաստանի վերանկախացումին հետ վերականգնեցան դրօշակը, զինանշանն ու մաղթերգը, որուն շնորհիւ բաւական խաղաղեցան կիրքերը եւ եռագոյնն ալ իր տեղը գտաւ մարդոց սրտերուն ու տուներուն մէջ: Մարդիկ լաւ մտածելու են, թէ ինչ պիտի կտակեն իրենց զաւակներուն: |