RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#016, 2019-04-26 > #017, 2019-05-03 > #018, 2019-05-09 > #019, 2019-05-17 > #020, 2019-05-24

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #18, 09-05-2019



Տեղադրվել է` 2019-05-09 03:38:21 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 3800, Տպվել է` 238, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԵԹԷ...

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Ինչ լաւ կ"ըլլար, եթէ իշխանատենչ քաղաքագէտներ, երկրի ղեկավար դիրք չգրաւածՙ շախմատի մէջ մասնագիտանային, որպէսզի իրենց առնելիք որեւէ քայլէ առաջ մտածէին այդ քայլին հաւանական անդրադարձին եւ հակազդեցութիւններուն մասին, ապա որոշէին քայլը առնել, կամՙ ոչ:

Իւրաքանչիւր քայլին անհրաժեշտ էր որ նախորդէր «եթէ»ն, այսինքն մտածելու էինՙ «Եթէ այսպիսի քայլ մը առնեմ, ի՞նչ կ՛ըլլայ դիմացինին հակազդեցութիւնը»: Դիմացինը կրնայ անհատ մը ըլլալ, հաստատութիւն մը, հաւաքականութիւն մը, կամՙ ժողովուրդը: Եթէ անձը կարենայ հաւանականը կանխատեսել, ապագայ շատ մը անախորժութիւններու առաջքը առած կ՛ըլլայ: (Հիմա մարդիկ պիտի ըսենՙ նախկին նախագահն ալ շախմատ խաղացող էր ու շախմատի ՀՀ ֆետերացիայի նախագահ, ինչպէ՞ս չկրցաւ կռահել գլխուն գալիքը, թէ՞ գիտէր, սակայն ճար չունէր...):

Այդ մարդիկը երբ տակաւին դէպի նպատակակէտ ուղղուելու ճամբուն վրայ են, այնքան դիւրին է խոստումներ շռայլելը, իսկ երբ արդէն պաշտօնի գլուխն են, այնքան դժուար զանոնք յարգելն ու իրականացնելը:

Երբ անկախ մարդ ես, մարդ քեզի պատասխանատուութեան չի հրաւիրեր շռայլած խոստումներուդ համար, սակայն երբ արդէն պատասխանատու դիրքի վրայ ես, հազարումէկ ազդակներ կը խոչընդոտեն տուած խոստումներդ յարգելը:

Հաւանաբար արդէն կռահեցիք, թէ ինչի՞ մասին է ակնարկս: Ամիսներ առաջ փոթորիկ փրթաւ օփերայի յարակից տարածքներէն սրճարան-ճաշարանները վերացնելու: Խիստ եւ վտանգաւոր որոշում էր. քաղաքապետարանը մէկ օրուան մէջ հիմնայատակ քանդեց երկու սրճարան, որուն պիտի յաջորդէին միւսները, եւ որուն պիտի յաջորդէր ծրագրուած կանաչապատումը:

Այսօր, գրեթէ բան չէ փոխուած. այդ կազմաքանդուած (ապամոնտաժուած) երկու սրճարանները երեք չեղան, անոնց վրայ դիզուած հողերը բլրակներով մնացին, սպասելով հողագործ-այգեգործ վարպետներու բահերուն, բրիչներուն եւ տունկերուն: Ամռան սկիզբն ենք, արդէն սկսած է զբօսաշրջային եղանակը, ներկայիս օփերայի շրջակայ տարածքը գեղեցիկ չէ, մէկ-երկու ամիսէն իրականանալիք ծրագիրը երեւի մնաց յաջորդ տարուան, քանի այս եղանակին յարմար չէ այդ տարածքին մէջ մեքենաներ ու բանուորներ աշխատցնելը:

Ի՞նչ է հարցը. հարցը այն է, որ «քաջաբար» եւ շտապ առնուած որոշումը «եթէ»-ով չէ կանխամտածուած...

Տարածքին մէջ տարիներով հաստատուած եւ լաւ «պիզնես» դարձնողները նախկին իշխանութեան կողմէ արտօնեալ-հովանաւորեալներ են, որոնց մէկ օրէն-միւսը տեղահան ընելը ոչ տրամաբանութեան հետ կապ ունի, ոչ ալ տիքթաթորական երկիր ենք, որ հրահանգըՙ անմիջապէս կիրառուի, թէ չէ...

Սրճարանատէրեր դատ բացեր են քաղաքապետարանին դէմ, ուրիշներ լքեր են իրենց տարածքները, ձգելով որ այդ աւերակները քաղաքապետութիւնը մաքրէ, իսկ մի քանիներ դեռ կը յամառին մնալ, մինչեւ որ հերթը իրենց հասնի:

Քաղաքապետ ջան, եղա՞ւ. ասիկա վիճա՞կ է, որոշումդ չգործադրած ինչո՞ւ միտքէդ չանցան այս եւ նման հակազդեցութիւններ: Հարցը միայն օփերայի տարածքը չէ, նոյնն է պարագան փոխադրակառքերուն, որոնք ցայսօր չեն փոխարինուած նորերով: Ժողովուրդը «մարշուտնի» կոչուած այդ քալող թիթեղի կոյտերով դեռ կը շարունակէ երթեւեկել, մեքենաներՙ որոնք նոյնիսկ ամենատարրական նորոգման չեն ենթարկուիր, քանի որ անոնց տէրերը գիտեն, որ ուշ կամ կանուխ անոնք պիտի թափուին, ալ ինչո՞ւ յումպէտս դրամ ծախսեն:

Աղբահանման ոլորտն ալ նոյնն է, այդ ընկերութիւնը ատենը անգամ մը դրամական տուժի ենթարկելը վիճակը չի փոխեր: Վայրկեան մը պատկերացնենք, որ աղբատար ընկերութիւնը, կամ անոր պաշտօնեաները դժգոհելով որոշեն գործադուլ կատարել... Ի՞նչ կ՛ըլլայ քաղաքին վիճակը, կը պատկերացնէ՞ք:

Միով-բանիւ, «եթէ»ն շատ օգտակար բառ է. չհաւատացողները թող կարդան Քիփլինկի «եթէ» (If) բանաստեղծութիւնը:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #18, 09-05-2019

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ