ԹՐՔԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅԵՐՈՒ ԵՒ ՔԻՒՐՏԵՐՈՒ ԴԷՄ ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Պէյրութ Միջին Արեւելքի հայութիւնը, մասնաւորաբար Սուրիոյ եւ Լիբանանի գաղթօճախները յայտնուեցան Թուրքիոյ հայատեաց քաղաքականութեան սեւեռման մէջ: Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 104-ամեակին առիթով տեղի ունեցած պահանջատիրական բազմահազարանոց ցոյցերը, մեր երկրագունդի տարածքին այդ սարսափելի բնաջնջման պատմական իրականութիւնը ընդունող պետութիւններու եւ խորհրդարաններու բազմապատկումը, հոգեկան եւ մտային խանգարումներ պատճառած էին ինքնակոչ «սուլթան» Էրտողանին: Թուրքիոյ քաղաքապետական ընտրութիւններուն խայտառակ պարտութեան մատնուած «ԱՔ» կուսակցութիւնը, իր «Գորշ գայլեր»ու վոհմակին հետ, պատճառաբանութիւններ կը փնտռէր իր ձախողութիւնները հայերու գլխուն «փաթթելու»: Աւելի՛ն. հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ ինքնավար շրջանին մէջ, ուր «Դեմոկրատական Սուրիան», «Ժողովուրդին պատշպանութեան միաւորը» (YPG) եւ անոնց հերոսուհիները, (YPG)-ի, ասորական «Սաթորօ»յով, հակաթուրք արաբական ցեղախումբերու ազատամարտիկներով, քարուքանդ ըրին «Իսլամական պետութիւն» կոչուած անիծեալ կառոյցը, իսկ անոնց ղեկավարները, 85 երկիրէ եկած (Թուրքիոյ եւ արաբական յետադէմ թագաւորիկներու կողմէ ֆինանսաւորուած), կա՛մ գերի ինկան, կա՛մ ալ սպաննուեցան, իսկ տխրահռչակ Ալ-Պաղտատի «խալիֆա»-ն ալ, երկար մօրուքով «զարդարուած», առնէտի նման կը պահուըտի անապատի կարիճներուն եւ օձերուն մէջ, մինչեւ իր շանսատակ ըլլալը: Ինչպէս որ քիւրտ ղեկավարութիւնը դիտել տուաւՙ ՏԱՀԷՇ ծանր պարտութեան մատնուեցաւ ա՛յն հողերուն վրայ, ուր տեղի ունեցաւ 1915 թ.ի Հայոց ցեղասպանութիւնը»... Այսպիսի իրավիճակի մէջ, Թուրքիա եւ իր մանկլաւիկները վայնասուն բարձրացուցին ոչ միայն Հայաստանի եւ «կարծեցեալ» Պէյրութի մէջ իրենց «մեհմեթճիկ»-ներու դրօշը հրկիզելու համար, այլեւ շուրջ 50 խիզախ քրտացած ու կրօնափոխ եղած հայ-հայուհիներու զինուորական միաւորման մը կազմութեան համար, Թուրքիոյ համայնավար, Մարքս-լենինեան (Մաօիստական) կուսակցութեան հերոս նահատակ Նուպար Օզանեանի (Օրհան Պաքըրճեան, Եոզկաթէն) անունով: Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրը, Ապրիլ 24-ին, Հասաքէի մեր, քիւրտ եւ ասորի ազատամարիկներու արեամբ ազատագրուած Թելթամայի հայոց եկեղեցիին մէջ, մեծ մասամբ քրտախօս եւ արաբախօս այս դիւցազունները, Մասիս Պոթանի Պոթանեանին եւ Ալիշան Իպրահիայ (Ռաս իւլ Այն, Սերաքինիէ, ցեղասպանութենէն փրկուած Արամէ դուստրը) երդման արարողութեամբ միացան «Դեմոկրատական Սուրիոյ 60,000նոց բանակին, հայկական դրօշով եւ յեղափոխական երգերով, որովհետեւ պատերը զարդարուած էին հայ ազգի հերոսներ Նուպար Օզանեանի, Մոնթէ Մելքոնեանի, Լէոնիտ Ազգալդեանի եւ այլոց նկարներովՙ թրքական եւ սուրիական մանկլաւիկ մամուլն ու հեռուստատեսութիւնը թունաւոր քարոզչութեամբ «ահաբեկիչ»ներ որակեցին հայ հերոս-հերոսուհիները, որոնք իբր թէ Արցախի թէ սփիւռքի մէջ «կոտորածներ սարքած» էին ազերիներուն եւ թուրքերու դէմ: Անշուշտ քրտական «Ռատար, Ռօնահի», «Նիլքին 24» եւ այլ հեռատեսիլի ալիքներ մեծապէս գովաբանեցին հայ քաջերը, բազմաթիւ ֆիլմեր ալ հեռարձակելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Այսինքն, այն ինչ որ կը սարսափէր Էրտողան, հայ-քրտական ռազմա-քաղաական միասնութեան մասին, իրականութիւն դարձաւ... ոչ միայն մեծ ղեկավար Աբօյի (Օճալան) շուրջ երկու միլիոնի հասնող կողմնակիցներուն կողմէ, այլեւ իրաքեան Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Էրպիլի Այնքավա քրիստոնէական աւանին մէջ բացուեցաւ Հայոց փառաւոր եկեղեցի 3 միլիոն տոլար այդ տաճարի կառուցման ծախսերըՙ վճարած էր նախագահ Մասուտ Պարազանի: Անցեալ շաբաթ եւ կիրակի, Լիբանանի մօտ Թուրքիոյ դեսպանութեան «թոշակառու» մանկլաւիկներ, որոնցմէ ոմանք, 1915 թ.ի Հայոց ցեղասպանութիւնը իրականացուցած (Մարտինի մէջ) ոճրագործներու ժառանգորդ էին, «Մարտիլլի» կոչուած, իրենք զիրենք «քիւրտեր» կոչած վարձկաններ (Լիբանանի քիւրտ ղեկավարները յայտնեցին, թէ այսպիսիներ ոչ մէկ կապ ունին իրենց հետ եւ Էրտողանին իրենց խիղճն ու հոգին վաճառածներ են...): Թուրքական դրօշներով Պէյրութի եւ Թրիփոլիի փողոցներուն մէջ ցոյցեր ըրին, փորձելով անարգել հայոց Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակը: Նաեւ, Լիբանանի միւս համայնքներուն միջեւ: Այս դաւադրութիւնը դարձեալ ձախողեցաւ եւ վերոյիշեալ աւազակները բուռն քննադատուեցան Լիբանանի թէ Սուրիոյ հայասէր շրջանակներուն կողմէ: |