ԾԱՅՐԱՀԵՂՈՒԹԻՒՆ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Մենակատար-երգիծախօս Վահէ Պէրպէրեանը իր ելոյթներէն մէկուն մէջ անդրադարձած է հայաստանցիին օգտագործած ծայրայեղ որակումներուն, ածականներուն ու խօսելաոճին, տալով օրինակներ, որոնք ծիծաղ կը յառաջացնեն, սակայն նաեւ մտածելու առիթ կու տան: Ինչո՞ւ համար հայաստանցին «Անօթի եմ, կամ քաղցած եմ» ըսելու փոխարէն, «Սոված եմ» կ՛ըսէ: Ինչո՞ւ երբ կը սպառնայՙ «կը սպանեմ, կը մորթեմ» կ՛ըսէ, նոյնիսկ ամենագեղեցիկ բանի մը համար «թոյն» բառը կը գործածէ: Երեւոյթը ամէն օր կրկնուելով, սովորական դարձած է, կորսնցուցած է իր իմաստը (ինչպէս որ բաւական ծանր եւ տգեղ հայհոյանքները իրենց իմաստը կորսնցուցած են Ամերիկայի մէջ): Մարդիկ չեն անդրադառնար այդ երեւոյթին տակ թաքնուած պատճառներուն, չեն փորձեր ուսումնասիրել զայն, քանի,- իմ կարծիքով,- մտահոգիչ է ու չեմ վարանիր ըսելու, որ նաեւ վտանգաւոր է: Այս երեւոյթը անցողիկ, անիմաստ, սնամէջ բան մը չէ, քանի որ գրեթէ ամէն օր, իրազեկ կը դառնանք այնպիսի ոճիրներու եւ քրէական յանցագործութիւններու, որոնք վայել են միայն ամենայետամնաց, ամենատգէտ եւ ամենաանբարոյական մարդկային հասարակութիւններու: Իսկ Հայաստանն ու հայաստանցիները այդպէս չեն: Հայաստանը վաղուց անտի կոչած են «Արեւելքի Զուիցերիան» ու տակաւին պատճառներ կան, որ այդպէս ալ է ցարդ, իր մշակութային ու գիտական մակարդակով, իր գիտակից ու յանձնառու քաղաքացիներով: Լաւ ուրեմն, ի՞նչն է պատճառը, որ բնակչութեան փոքր տոկոսը կազմող յանցագործ մարդիկ կը յաջողին սեւցնել հայկական դիմագիծը իրենց դատապարտելի արարքներով: Այստեղ կը հաւատամ, որ յանցանքի բաժին մը եթէ կ՛իյնայ պետութեան վրայ,կարեւոր բաժին մըն ալ կ՛իյնայ ժողովուրդին վրայ, որ իր ներկայութեան, իր աչքին առջեւ կատարուող անօրինութիւններուն քովէն կ՛անցնի անտարբերութեամբ եւ ձայն չի բարձրացներ: Անօրինութիւնները տեսնել եւ մատ չշարժել, «ինծի ինչ» ըսել սեփական ապահովութեան սիրոյն, ինքնին յանցանք է, սակայն իրաւունք չունի՞ն մարդիկ կրաւորական ըլլալու, իրենց գլուխները ողջ պահելու սիրոյն, քանի որ սխալը դատապարտելովՙ յանուն արդարութեան ձայն բարձրացնողը կրնայ ամենածայրայեղ հակադարձութեան ենթարկուիլ, նոյնիսկ իր առողջութիւնն ու կեանքը վտանգի ենթարկելով, քանի որ այստեղ ջղային են մարդիկ, տաքարիւն, կրակոտ, արիւնը անմիջապէս գլուխը կը խուժէ եւ տուր որ կու տաս... Այստեղ մարդիկ չեն ապտակեր, բռունցքով չեն հարուածեր, այստեղ մարդիկ այնպէս մը կը ծեծեն, որ ենթական մոռնայ իր իսկական դէմքը, եթէ անշուշտ ողջ մնաց: Հոգեբաններ, մարդաբաններ զբաղա՞ծ են այս երեւոյթով: Ասիկա հինէն ժառանգուած, բանտուած կիրքերու յանկարծական ժայթքո՞ւմն է: (Յանցանքը դարձեալ նետեցինք խորհրդային վարչակարգին վրայ): Բայց, չէ՞ որ արդէն գրեթէ երեք տասնամեակ անցած է այդ օրերէն ու նոր սերունդ մը կայ մէջտեղը, թէ՞ ժառանգութիւնը սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի: Երբ մարդիկ կը վիճին, կամ կը կռուին, դիտողը անմիջապէս կը հասկնայ, թէ ինչ մակարդակի մարդիկ են անոնք, անոնց գործածած բառապաշարէն ու հայհոյանքներէն սկսեալ, մինչեւ անոնց ձեռքերուն ու ոտքերուն օգնութեան դիմելը, եթէ անշուշտ անոնց գրպաններէն ու գօտիներէն ուրիշ բաներ դուրս չգան: Դիմատետրը (Ֆէյսպուք) լեցուն է «հեռակայ կարգով» կռուողներու, որոնք իրար դէմ չեն ճակատիր, սակայն նաեւ չեն վարանիր իրենց անունները բացայայտելու: Պիտի տեսնէք ի՜նչ հասարակ, փողոցայն հայհոյանքներ կ՛ուղղեն իրարու, յատկապէս երբ քաղաքական դէմք մը, կամ կուսակցութիւն մըն է խնդրոյ առարկան: Այս կռուողներուն մէջ քիչ չէ թիւը կիներու, որոնք տղամարդէ մը աւելի, տղամարդու «իրաւասութիւնները» փոխ առնելով, այնպիսի անէծքներ ու հայհոյանքներ կը տեղացնեն, որ մարդ ափ ի բերան կը մնայ: Գիտեմ որ Հայաստանի մէջ կիները տղամարդու պէս կ՛աշխատին ու տուն կը պահեն, սակայն պիտի չուզէի, որ տղամարդու սահմանները անցնին: Հայաստանը միայն հող չէ, այլ այդ հողին վրայ ապրող ժողովուրդն է: Մեր արարքներով արժանի ըլլանք մեր նախնիներուն ժառանգութեան եւ այդ ժառանգը սրբութեան պէս յաջորդ սերունդին կտակելու: |