RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#008, 2020-02-28 > #009, 2020-03-06 > #010, 2020-03-13 > #011, 2020-03-20

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #10, 13-03-2020



Տեղադրվել է` 2020-05-07 22:21:38 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2107, Տպվել է` 48, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԽԱՅՏԱՌԱԿՈՒԹԻՒՆ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Կիրակի Մարտի 8- ին Կանանց միջազգային օրուայ առթիւ տղամարդիկ ծաղկեփունջերով ու տեսակ-տեսակ նուէրներով շնորհաւորեցին իրենց կանանց տօնը, միննՙ իր մօր, միւսըՙ կնոջ, երրորդը իր նշանածին, կամ սիրուհիին: Ապրի՛ն մեր տղամարդիկը:

Յաջորդ օրը, մարտի 9-ինՙ կանանց բողոքի երթ Գիւմրիի եւ Երեւանի մէջ, ընդդէմ տղամարդոց կողմէ կանանց հանդէպ կիրառուող բռնութեանց... Անկցի՛ն տղամարդիկը, կեցցե՛ն կիները:

Ամօթէս գետինին տակ անցնիլ կ՛ուզեմ, միայն թէ օտար լրագրողներ չտեսնեն այս երթը, չգրեն այդ մասին, չխայտառակուինք աշխարհով մէկ:

Մենք, որ առիթ չենք փախցներ զմեզ գովելու, կը պարծենանք մեր բազմատեսակ առաւելութիւններով, մեր գիտութեան ու գեղարուեստի բարձր մակարդակներով, մեր մշակոյթով ու նկարագրով, մեր աշխատասիրութեամբ ու հայրենասիրութեամբ, մեր հիւրամեծարութեամբ ու ընտանեսիրութեամբ, մէկ խօսքովՙ մեր ամէն ինչով... չենք փորձեր նոյնիսկ թաքցնել մեր տգեղ կողմերը, նոյնիսկ չենք փորձեր ուղղել ու վանել զանոնք. կը շարունակենք աղտոտել քաղաքը, կը շարունակենք աջ ու ձախ թքնել ու խնչել, հայհոյել ու կռուիլ, ծեծել ու սպանել... ու մեր այս «հունարներէն» նաեւ բաժին կը հանենք կանանց:

Կանանց քայլերթ իրենց հանդէպ կիրառուող բռնութեանց դէմ...

Կին ծեծող տղամարդուն գիտէ՞ք ինչ ածականներ կու տայ ժողովուրդը: Քաջագործութի՞ւն է տկար, անօգնական, անպաշտպան կանանց վրայ ձեռք բարձրացնել:

Այսպիսի բաներ կը պատահին յետամնաց երկիրներու, տգէտ հասարակութեանց մէջ, ուր տղամարդը,-ոչ աւելի, ոչ պակաս,- երկրորդ աստուած մըն է: Անոր մէկ խօսքը երկու չ՛ըլլար, անոր դիմաց կիները ձեռնածալՙ ոտքի կը կանգնին, հլու, հնազանդ, պատրաստ անոր հրահանգները գործադրելու, ապա թէ ոչՙ ծեծ, խոշտանգում, ու անխուսափելի ապահարզան: Ծառայ են, ստրուկ են, մարդ չեն:

Արեւելեան գիւղերու ու քաղաքներու խուլ աննկիւններու մէջ այս պատկերները սովորական երեւոյթ են: Բայց մեր մօ՞տ... Անցեալին մեր ալ գիւղական-աւանդապահ ընտանիքներուն մէջ,- ինչպէս կը նկարագրեն մեր գրողները, - կիները այսպէս կը վարուէին, նոյնիսկ սեղան չէին նստեր տղամարդոց կողքին, սակայն բնաւ չեմ կարդացած, որ տղամարդ մը իր կինը ծեծէ: Հայ ֆետային նոյնիսկ թշնամի կնոջ վրայ ձեռք չէր բարձրացներ: Պատմութիւնը կ՛ըսէ, թէ ինչպէս Մուշեղ Մամիկոնեան սպարապետը գերի բռնուած Շապուհի հարեմին կիները ապահով վերադարձուց իրենց երկիրը: Անցեալի հայու նկարագիրը իսկապէս պատիւ կը բերէ, իսկ ներկայ օրերո՞ւն ...

Ափսոս, դարերու հոլովոյթին հետ որքա՜ն փոշի նստած է մեր նկարագրին վրայ, որքա՜ն բան փոխուած է մեր մէջ: Կանգ առնող կա՞յ, որ մէյ մը ետ նայի, կարմրի ու ամչնայ:

Խօսքս կ՛ընդհանարացնեմ, թէեւ քաջ գիտեմ, որ Հայաստանի մէջ դեռ կան մեր գեներէն եկող նկարագրի իւրայատկութիւնները պահողներ, դեռ կան տոհմիկ մեր սովորութիւնները պահողներ, դեռ կան հայու անունին վրայ դողացողներ, սակայն, ինչպէս որ դոյլ մը սպիտակ ներկին մէջ կաթիլ մը սեւը կը պղտորէ սպիտակութիւնը, այդպէս ալ կնոջ հանդէպ բռնարարք գործածող տղամարդն ալ կ՛արատաւորէ հայու անունը:

Կանայք կը քալեն, բողոքի երթ է. դէպի ո՞ւր կ՛երթան, իրենց բողոքը ո՞ւր կը հասցնեն, որո՞ւ հասցէագրուած է իրենց ընդվզումը: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ զիրենք, երբ այսօր երթի մասնակցողները տուն վերադառնան ու իրենց «տղամարդ» ամուսիններուն կողմէ ծեծով դիմաւորուին:

Պարոն վարչապետը սահմանադրութիւնը փոխելու ի նպաստ մարդիկ համոզելու համար ինչեր ըրաւ, նոյնիսկ անձամբ մեթրօ իջաւ մարդիկ համոզելու համար, որ «Այո» ըսեն փոփոխութեան: Ես անձնապէս շատ չսիրեցի իր այս ըրածը, սակայն մեծապէս գնահատեցի իր դէմ եղած անձնական վիրաւորանքին ամենայն քաղաքավարութեամբ եւ կնամեծարութեամբ պատասխանելը: Թող օրինակ առնեն իր այս վերաբերմունքէն կին ծեծողները:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #10, 13-03-2020

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ