RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#014, 2020-05-15 > #015, 2020-05-22 > #016, 2020-05-30 > #017, 2020-06-05 > #018, 2020-06-12 > #018, 2020-06-19

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #16, 30-05-2020



Տեղադրվել է` 2020-05-30 01:06:33 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2962, Տպվել է` 112, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

«ԹՈՒՔՈՎ ԿՊՑՐԱԾ...»

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Թափթփածութիւնը մեր նկարագրին մաս կը կազմէ՞: Որեւէ բան կիսատ-պրատ ձգելը բնաւորութեան հա՞րց է, թէ սովորութեան մը կիրառումն է: Խորհրդային տարիներուն կառուցուած շէնքերուն կը նայիմ ու գլխաւոր մուտքէն սկսեալ մինչեւ աստիճանները, վերելակը, ելեկտրական լարերն ու աղբատար խողովակները, բոլորն ալ թափթփածութեան ճչացող երեւոյթներ են: Ճիշդ է որ անոնք մաշած են այսքան տարիներ ետք, սակայն նորոգումներն ալ այնքան մակերեսային ու, ինչպէս կ՛ըսենՙ «թուքով փակցուած» են, որ շրջապատի գեղեցկութիւնը աղարտող անընդունելի տգեղութիւններ կը պարզեն:

Ապրիլ 24-ին պատահած իւրայատուկ դէպքը, որուն հերոսն էր 82-ամեայ Արտուշ պապին, հետաքրքրութեան հսկայ ալիք մը բարձրացուց, յատկապէս դիմատետրի էջերուն, այն աստիճան, որ ես ալ ուզեցի անպայման գրել այդ մասին եւ, ինչու չէ, նաեւ թարգմանել եւ օտարներուն ցոյց տալ, որ Հայաստանի մէջ այսպիսի հոգեպարար երեւոյթներ կը պատահին եւ մարդկային սիրոյ ու յարգանքի անկրկնելի այս վերաբերմունքին հեղինակները հայաստանցիներ ենՙ պետութիւն եւ ժողովուրդ:

Արդէն դէպքին վրայ ամիսէ մը աւելի ժամանակ անցած է, եւ լաւ որ համբերած եմ հարցին մանրամասնութիւնները իմանալու եւ ապա գրելու: Ու պարզուեցաւ, որ վախս տեղին էր: Արտուշ պապը, չիմանալով որ այս տարի պսակաձեւ ժահրին պատճառով արգիլուած է Ծիծեռնակաբերդ բարձրանալ, փունջ մը վարդ ձեռքին եկած է իր ամէնամեայ ուխտը կատարելուՙ մեր նահատակներուն յիշատակին առջեւ խոնարհելու: Ոստիկանները թոյլ չեն տուած, բացատրած են, ծերունին խնդրած է բացառութեան կարգով թոյլ տալ, չեն ձգած: Լուրը հասած է վարչապետին, ու ան հրահանգած է, որ բացառութիւն մը ընեն եւ պաշտօնական հիւրերուն նման ընդունին զինք եւ առաջնորդեն դէպի անշէջ կրակը::

Մինչեւ հոս, հոյակա՛պ, սակայն ես չկրցայ ըմբռնել, թէ ինչո՞ւ համար այդ թոյլտուութիւնը չէ եղած ամբողջ օրուան ընթացքին, եւ միայն կէս գիշերէն ետք ժամը մէկին եկած են ու մարդը տունէն հանած ու տարած Ծիծեռնակաբերդ... Թափթփած բանի մը հոտը կ՛առնեմ այստեղ:

Ասոր յաջորդեց, մարդուն բնակարանի խղճուկ վիճակին ի տես, որպէս գնահատանք ու կարեկցանք, պետակա՞ն, թէ՞ ժողովրդական առաջարկն ու որոշումը բնակարանը վերանորոգելու: Մարդուն կը տանին ուրիշ տեղ մը, որ ժամանակաւորապէս հոն մնայ, մինչեւ որ տունը վերանորոգեն: Մինչ այդ արդէն զանազան տեսակի նուէրներով լեցուն տոպրակներ կը հասնին ու կը դիզուին բնակարանին մէջ:

Մինչեւ այստեղ ալ ամէն ինչ հոյակապ է, մարդ կ՛ուրախանայ, որ բարութեամբ հռչակուած մեր ժողովուրդը իր պարտքը սիրով կը կատարէ:

Կ՛անցնի ամիս մը, եւ Արտուշ պապը կը վերադառնայ տուն, որուն վերանորոգուած տեսքը արտացոլող վիտիօ եւ նկարներ կը զետեղուին դիմատետրին վրայ: Գեղեցիկ եւ փայլուն է, ապրին վերանորոգողներն ու բարերարները: Սակայն...

Արտուշ պապը կու գայ տուն եւ մեծ յուսախաբութիւն կ՛ապրի, երբ կը ստուգէ, որ, իր բառերովՙ «թուքով կպցրած» են ամէն ինչ, իրականութիւնը լրիւ տարբեր է ցուցադրուածէն...

Արտուշ պապի «նորոգուած» տան մէջ, ծերուկին աղջիկը կռնակը նկարողին (մինչդեռ ամբողջ այս պատմութեան ընթացքին մէջտեղ չկար)ՙ կը միանայ հօր գանգատին ու երկուքով կը քննադատեն խոստացուած ու կիսատ-պրատ եղած վերանորոգումը, որուն համար շատեր դրամական նուէրներ ալ տուած են, սակայն, ըստ Արտուշի, այդ փողերէն ոչինչ հասած է իրեն: Արտուշ պապին բարկացած գանգատը բնաւ յարիր չէ իր պահուածքին, որմով տպաւորած էր ժողովուրդը, բարի, սուրբի պէս մարդ, յանկարծՙ բարկացած ու բողոքող: Կայ-չկայ այդ աղջիկը մարդուն խելքին հետ խաղցած է: Բայց եւ այնպէս, իրականութիւն մը կայ, նորոգութեան մէջ յստակ թափթփածութիւն կայ, աճապարանքով եղած, ծերունիին ըսածովՙ «թուքով կպցրած»:

Վերադառնանք մեր գրութեան սկիզբին. թափթփածութիւնը նկարագի՞ր է, թէ սովորութիւն: Ինչո՞ւ կատարեալին չենք ձգտիր: Ինչո՞ւ կը փորձենք խաբել, մեզի վստահուած գործը անկատար ձգելով: Մեր հոգեկան, մտային ու ֆիզիքական գեղեցկութիւնները ինչո՞ւ համար մեր բնազդայի՞ն, թէ՞ դիտումնաւոր անտարբերութեամբ կ՛աղարտենք:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #16, 30-05-2020

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ