ՀԱՅ-ԱՐԱԲԱԿԱՆ entente ՄԸՙ 102 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ, Գահիրէ 13 մայիս 1918-ին, երկուշաբթի օրուան մը յետմիջօրէին, Գահիրէի մէջ Հայ ազգային միութեան (Armenian National Union) անդամները կը հանդիպէին Մեքքայի Սուլթանի ներկայացուցիչին եւ շքախումբին հետ, համաձայնութիւն մը կնքելու համար: Կարեւոր հանդիպում մը, Համաշխարհային Ա. պատերազմին եւ Հայոց ցեղասպանութեան սարսափելի օրերուն ընթացքին: Հազիւ տարի մը եղած էր, որ Սէուտական Արաբիան իր անկախութիւնը հռչակած էր եւ անջատուած Օսմանեան պետութենէն, դարձած էր սուլթանութիւն եւ որպէս Սուլթան Մեքքայի Շէյխը ընտրած. իսկ մեծ երկիրներըՙ Անգլիան եւ միւսները նեցուկ կանգնած էին Սէուտական Արաբիոյ նոր սուլթանին: Հանդիպումին եւ թէյասեղանին նպատակն էր համաձայնութիւն մը կնքել Սուլթանին հետ, օգնելու արաբական անապատներուն մէջ ցրուած ու կորսուած գաղթական հայերուն եւ, կարելիութեան պարագային, զիրենք Եգիպտոս բերելու համար: Այսօր թերեւս զարմանալի թուի այս քայլը. այն օրերուն սակայն հայերն ու արաբները կապողը նոյն բռնատէրին լուծին տակ մնացած ըլլալու իրողութիւնն էր, որովհետեւ հակառակ իրենց կրօնքին նոյնութեան, արաբները շատ երկար տարիներ տառապած են, ճիշդ հայերուն նման, օսմանեան բռնատիրութեան տակ: Սակայն այլ պատճառ մը եւս կար, որպէսզի Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարները որոշէին օգնել հայերուն, եթէ ոչ իրողապէս, գոնէ չխոչընդոտելով անոնց օգնութեան փորձերը, արաբական անապատներէն հայ կիներն ու աղջիկները հաւաքելու: 1918 թուականի ապրիլի 28-ին (18 Րաճապ 1336 Հըճրի) Մեքքայի առաջնորդ Հիւսէյն իպն Ալին հրովարտակ մը կը յղէ իր որդւոյնՙ Ֆէյսալին եւ Ազիզ էլ Ճարպային, կոչ ընելով հայ գաղթականներուն ամէն տեսակ օգնութիւն ցուցաբերել. « ... պաշտպանել ձեր տարածքներուն վրայ եւ սահմաններուն մէջ ապրող Յակոբիկեան հայ համայնքի զաւակներէն իւրաքանչիւրը, հոգ տանիլ եւ օգնել անոնց եւ պաշտպանել անոնց ունեցուածքը, ինչպէս կը պաշտպանէք ձեր ինչքերն ու երեխաները, եւ անոնց ամէն բան տալ, անկախ անկէ թէ անոնք կը մնա՞ն ձեր տարածքներուն վրայ, թէ՞ այլ տեղ կ՛երթան, որովհետեւ անոնք զիմմի կը համարուին» (1): Նոյն տեղը կ՛ըսուի նաեւ, որ հակառակ անոր, որ Հիճազի կառավարիչը յայտարարած է, թէ ինք թուրքերու դէմ պատերազմի ելած է «ոչ միայն արաբներուն, այլ նաեւ հայ ազգին համար» (2), բայց հայերը պաշտպանելու անոնց պատճառը նաեւ նոյն թշնամին ունենալն է, հետագային հայերը որպէս դաշնակից ունենալու ի խնդիր: Արաբ այլ քաղաքական գործիչ մը, գրագէտ Ֆայէզ էլ Ղուսէյն իր «Ջարդերը Հայաստանում» գիրքին մէջ կը շեշտէ իսլամութեան եւ երիտ-թուրքերուն կատարած ջարդարարութեան անհամատեղելի ըլլալը, մտահոգուած, որ աւելի ուշ Հայոց ցեղասպանութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը կրնայ իսլամութեան վրայ բարդուիլ: Իր գիրքին վերջաբանին մէջ, Ֆայէզ էլ Ղուսէյն կը գրէ. «Կը հաստատեմ, որ հայերուն դէմ կատարուածը Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան պատճառով է. անոնք իրենց նախանձէն եւ մոլեռանդութենէն մղուած է որ ծրագրած են ջարդերը: Իսլամը չ՛արդարացներ անոնց ըրածները» (3): Այս ամբողջին մասին գրուած քիչ բան կայ: Սակայն Մեքքայի իսլամներուն եւ Գահիրէի հայ գաղութին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը մանրամասնօրէն նկարագրած է եգիպտահայ ականաւոր անձ մըՙ Ճանիկ Հայկ Չագըր(4), որ ներկայ գտնուած է այդ հանդիպումին: Ճանիկ Հայկ Չագըր ծնած է Կ.Պոլիս. ուսանած է Պէրպէրեան վարժարան, ապա Րոպերթ գոլէճ: Կու գայ Գահիրէ եւ կը սկսի աշխատիլ որպէս երկաթուղիի պաշտօնեայ, մինչեւ կը հասնի անոր տնօրէնութեան պաշտօնին: Ճ. Չագըր եղած է ՀԲԸ Միութեան հիմնադիր անդամներէն մէկը, ապա տարիներ ետք անոր ատենապետը. եղած է նաեւ Հայ Կարմիր խաչի ներկայացուցիչը: Գրութիւնը նամակ մըն է ուղղուած Սաթենիկ Թոփալեանին, որ Մանչեսթըր (Անգլիա) կ՛ապրէր եւ ապա պիտի դառնար տիկին Ճանիկ Հ. Չագըր: Եւ որովհետեւ անձնական նամակ մըն է, ոճը երբեմն անխնամ է եւ լեզուն ոչ այնքան դասաւորուած: Սակայն խիստ տրամաբանութիւնն ու իրապաշտութիւնը ներկայ են իր մէջ այնպիսի պահու մը, երբ հայութիւնը իր մեծամասնութեամբ գինովցած էր գալիք յաղթանակով: Այստեղ իր շահեկանութեան համար կը ներկայացնենք նամակին ա՛յն բաժինը, որ կ՛առնչուի այս համաձայնութեան: Նամակը, ինչպէս ամբողջ նամակագրութիւնը Սաթենիկ Թոփալեանի եւ Ճանիկ Չագըրի, գրուած է անգլերէն, հազուադէպօրէն հայատառ գրուած հայերէն բառեր օգտագործելով: «Շեփըրտ օթէլ, Գահիրէ Ուրբաթ, 24 մայիս 1918 Սիրելի Սաթի, Կիրակի, ամսուն 12-ին ժամը 6:30-ին մեր Աստուածիմաստական Ընկերութիւնը (Theosophical Society) իր անդամներուն եւ բարեկամներուն համար ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր: Մեծ բան մը չէր, բարեկամներ հաւաքուած էին երաժշտութիւն լսելու եւ գաւաթ մը թէյ խմելու համար: Քանի մը լաւ երգողներ ունինք, թէ՛ զինուորական եւ թէ՛ քաղաքացի: Ժամը ութին արդէն հաւաքոյթը աւարտեր էր եւ բոլորս լաւ տպաւորութիւններով հեռացանք սրահէն: Յաջորդ օրը ժամը հինգին հրաւիրուած էի մասնակցելու այն թէյասեղանին, որ տրուած էր Հայ ազգային միութեան կողմէ, Մեքքայի Սուլթանին ներկայացուցիչներուն: Կարեւոր ընդունելութիւն մըն էր, որ որոշ հասկացողութիւն մը կը խորհրդանշէ հայերուն եւ արաբներուն միջեւ, այս օրերուն կատարուող բարբարոսութեան եւ սպանութիւններուն ընթացքին, ընդհանուր թշնամիի մը կողմէ, առանց նկատի առնելու ցեղն ու սերունդը: Տարի մը կայ, որ Արաբիոյ արաբները իրենք զիրենք անկախ հռչակեցին, դուրս գալով թուրքերուն տիրապետութենէն: Բոլոր մեծ երկիրները քաջալերեցին զիրենք, Անգլիան առաջինը ըլլալով անոնցմէ: Անոնք ունեցան նաեւ իրենց Սուլթանըՙ նախկին Շէրիֆը Մեքքայի, Մոհամէտին հետեւորդներուն սուրբ քաղաքին: Ունին իրենց բանակը, որ կը գլխաւորեն Սուլթանին որդին եւ այլ զինուորականներ, որոնք նախապէս զինուորական փորձառութիւն ունեցած են: Անշուշտ կարդացած ըլլալու ես թրքական բանակին դէմ իրենց արձանագրած յաղթանակներուն մասին: Այս յաղթանակներուն շնորհիւ է, որ տիրացած են մեծ տարածքներու, ուր հազարաւոր հայ գաղթական կիներ, մանուկներ եւ ծերեր բառացիօրէն սովահար եղած են: Անոնց մասին տրուած զեկոյցը կը փափկացնէ նոյնիսկ ամենէն քարսիրտ մարդիկը: Մարդկային խլեակներ պարզապէս, սահմռկած իրենց սիրելիներուն դէմ գործուած ջարդերէն: Անոնք ա՛լ չկան: Անապատներուն մէջ սովէն ու ծարաւէն արդէն մահացած են: Ոհ, սոսկալի ոճիր: Ինչո՞ւ համար մարդիկ կը յօշոտեն զիրար, երբ բոլորը նոյն վեհ կեանքին արհեստաւորներն են: Բայց ան որ արդէն չկայ, անոր չենք կրնար օգնել, խղճալ կամ արգահատիլ, բայց անոնք որոնք տակաւին կ՛ապրին եւ տակաւին ենթակայ են նոյն սատանայական ծրագիրներուն, թուրքերուն եւ անոնց դաշնակից գերմանացիներուն կողմէ, այդ հայերը մեր անյետաձգելի օգնութեան կարիքը ունին: Այս թէյասեղանին նպատակն էր համաձայնութիւն մը կնքել արաբներուն հետ, որպէսզի օգնեն մեզի իրենց տարածքներուն եւ անապատին մէջ ցրուած [հայերուն] օգնելու, որպէսզի կարենանք ուտեստ, հագուելիք եւ դեղօրայք ղրկել: Եւ եթէ կարելի ըլլայ, զիրենք Եգիպտոս բերել: Ճառեր խօսուեցան եւ ներշնչող բառեր ըսուեցան զիրար տպաւորելու համար, թէ հայերն ու արաբները նոյն տառապանքը ապրած են եւ արցունք թափած միեւնոյն թշնամիին մականին տակ. անոնց երկուքին դատը միեւնոյնն է: Պաղպաղակ հրամցուեցաւ, կարծես զովացնելու համար թէժ մթնոլորտը, այդքան եռանդէ եւ ապրումներէ ետք: Ժամը 7:30-ին հաւաքոյթը վերջ գտաւ բոլորին գոհունակութեամբ: Իմ ներքին համոզումս այն է, որ արաբները թուրքերէն աւելի լաւ չեն, հայերն ալ աւելի լաւ չեն, եթէ ազատութիւն տրուի իրենց վայրագ բնազդներուն: Աւելի հակուած եմ մտածելու, թէ արաբ ցեղապետեր եթէ հանդիպին դեռատի ու գեղեցիկ հայ կիներու, դժուար թէ կարելի ըլլայ զանոնք ազատել, ինչպէս թուրքերու, քիւրտերու, պարսիկներոււ, թաթարներու եւ շրջապատի մնացեալ բոլոր ցեղերուն ձեռքէն: Միակ օգուտը որ կրնանք ունենալ նման համաձայնութենէ մը այն պիտի ըլլայ, որ թերեւս կարենանք օգնել կարգ մը գաղթական հայերու: Բայց մէկ ազատուած հայ իսկ կ՛արժէ, որ նման համաձայնութիւն տեղի ունենայ: Որովհետեւ այս ամբողջը միակողմանի համաձայնութիւն մըն է: Ի՞նչ կրնանք ընել մենք, հայերս, օգնելու համար արաբներուն: Մեր երկիրները դրացի երկիրներ չեն, երբեք պիտի չըլլան, նոյնիսկ եթէ մեր երազած ինքնավար եւ պաշտպանուած կառավարութիւնը իրագործուի: Իրենք շատ լաւ գիտեն ասիկա: Իրենց նպատակն է, վստահ եմ, հաստատել Բրիտանական կայսրութեան, որ թէեւ արաբներն ալ մահմետական են, բայց թուրքերուն նման չեն, որովհետեւ ահա՛, հայերուն կ՛օգնեն: Անոնք որոնք ներկայ էին այս թէյասեղանին, վրաս խանդավառ եւ անկեղծ հայրենասէրի տպաւորութիւն ձգեցին: Քաղաքակրթական շատ մեծ հետքեր չտեսայ իրենց վրայ, ոչ ալ կարողութիւնը, կը կարծեմ, վսեմ գաղափարներ ունենալու, հայերուն մարդկային սկզբունքներով օգնելու համար: *** Յաջորդ օրըՙ երեքշաբթի, ժամը 5-ին կրկին հրաւիրուած էի ներկայ ըլլալու այլ հիւրընկալութեան մը, այս անգամ ընդունելու համար Ֆրանսայի հանրապետութեան Բարձր յանձնակատարը (High Commissioner) Պարոն Փիքօ, որ Երուսաղէմ ղրկուած էր քննարկելու համար ֆրանսական շահերը Թուրքիոյ գրաւեալ տարածքներուն վրայ: Ա՜հ, ասիկա այլ հիւրասիրութիւն մըն էր: Հպարտ էի հոն ըլլալուս: Երէկուան ընդունելութեան, տարբեր հաստատութիւններ ներկայացնող քսան հայեր էինք, ես Հայկական Կարմիր խաչը կը ներկայացնէի: Այսօրուան ընդունելութեան տիկիններ եւս ներկայ էին, բոլորն ալ բարձր դասու ներկայացուցիներ: 200 հոգի էինք: Պարոն Փիքոյի կողքին երկու այլ պաշտօնեաներ եւս կային, Ֆրանսական դիւանագիտական գործակալութենէն: Հաւաքոյթը քաղաքական նպատակ չունէր, պարզապէս պատուասիրական հանդիսութիւն մըն էր, մեր շնորհակալութիւնը յայտնելու պարոն Փիքոյի, իր պետութեան եւ իր ժողովոււրդին, մեր հարցին իրենց ցուցաբերած հոգածութեան համար: Բրիտանական եւ Ֆրանսական կառավարութիւնները իրենց կարելին կ՛ընեն օգնելու համար մեզի: Նման մեծ ազգերու պարտաւորութիւնն է օգնութեան ձեռք երկարել մեզի պէս նահատակ ազգի մը: Անշուշտ ճառեր խօսուեցան: Պարոն Մալէզեան (փաստաբանս) առաջին խօսողն էր, Հայկական Բարեգործական միութեան կողմէ: Շատ լաւ խօսեցաւ: Նկարագրեց մեր ազգին վիճակը, իրենց դահիճներուն ձեռքը լքուած, ցոյց տալով թէ որքան բիրտ էր մեզի հասցուած հարուածը այս անգամ: Եւ այնպէս եղած է, որ Ռուսիան եւս լքած է մեզ մեր դահիճներոււն ձեռքը: Հոն չվերջացուց: Խօսեցաւ մեր ազգին մեծ տոկունութեան, ապրելու կամքին եւ ծանր փորձութիւններէ թէեւ ծայրայեղօրէն սպառած, բայց ողջ դուրս գալու կարողութեան մասին: Այս բոլորը յոյս կու տան մեզի, որ մեր ազգը բնաջինջ ըլլալիք ազգ չէ: Յետոյ խնդրեց պարոն Փիքոյէն, որ Ֆրանսայի զաւակները օգնեն տակաւին շնչող հայերուն, իրենց աչքերը յոյսով սեւեռել դաշնակիցներուն, անմիջական օգնութեան համար, որոնց ծոցը մեծ յոյսերով լեցուն է գալիքի վերակազմաււորումին համար: Ապա պարոն Փիքոն խօսք առաւ: Պերճախօս անձ մըն է: Զօրաւոր եւ հմայիչ էր իր խօսքը, ձայնըՙ հաճելի, իսկ ոճըՙ խիստ ազդեցիկ: Եւ երբ կը խօսէր նիւթի մը մասին, որ այնքան հարազատ է մեր սրտին, կրնաս հասկնալ, որ դժուարութիւն չունեցաւ մեզ յուզելու եւ մեր հոգիները տակնուվրայ ընելու: Կոստանդնուպոլիս ապրած է դիւանագիտական աշխատանքով եւ սատարած է 1895-ի սեպտեմբեր 5-ի ջարդերուն (այն օրը, որ ես Րոպերթ գոլէճ մտայ որպէս գիշերօթիկ): Մօտէն հետեւած է գերմանական դիւանագիտութեան քաջալերանքին, թուրքերուն բնաջնջումի քաղաքականութեան մէջ եւ այդ հեռաւոր օրերէն տեսած եւ հասկցած է այն հսկայ պայքարը, որ կը ձեւաւորուէր բիրտ ուժերուն եւ ազատութեան ջատագով քաղաքակրթութեան միջեւ: Հիմա որ այդ սարսափելի բախումը տեղի ունեցած է եւ յոյսերը կը տատանին, երբ այս երկու ոյժերը զիրար կը բզկտեն, առանց տատամսելու զոհելով իրենց տեսակին մատղաշ երիտասարդոււթիւնը, հիմա է ատենը ճշդելու թէ ազատութիւնը պիտի շղթայուի՞ բիրտ ոյժով քանի մը տարիներ, թէ՞ երկրագունդին բոլոր ազգերը պիտի ունենան իրաւունքը ապրելու իրենց սկզբունքներուն եւ արդարութեան եւ հաւասարութեան իրենց սկզբունքներով առաջնորդուած: Պարոն Փիքօն իր երկրին անունով յայտարարեց, թէ Հայկական Հարցը հիմա դաշնակիցներուն հարցն է, թէ մենք իրաւունք ունինք դաշնակիցներէն օգնութիւն յուսալու. մենք ալ դաշնակիցներէն մէկն ենք: Թէեւ դիւանագէտ, բայց եւ այնպէս տպաւորեց զիս, ճշմարտութիւնը խօսելով: Յամենայն դէպս յուսալու իրաւունքէն անդին մենք միայն ոչինչ ունինք: Պաղպաղակ եւ կարկանդակ հրամցուեցաւ, որմէ ետք բոլորս հեռացանք Հայկական ակումբէն հիանալի տպաւորութիւններու տակ: Կը հաւատամ յոյս արծարծող այս հաւաքներուն, որոնք մեր տառապող ազգը կրնան քիչ մը ուրախացնել եւ կարճ ժամանակի մը համար ընկճուածութեան ամպերը հեռացնել: *** Կիրակիս խճողուած էր: [...] Գահիրէ գացի, որովհետեւ հրաւիրուած էի Արաբիոյ Սուլթանին բնակավայրը, ներկայ ըլլալու հայերուն համար տրուած հիւրասիրութեան, իրենց անկախութեան տօնին առիթով, որովհետեւ կիրակի, 19 մայիսը մեծ օր մըն է իրենց համար: Ժամը 4-ին Հայկական Ազգային միութեան գրասենեակը գացի. հոն էին մնացեալ ներկայացուցիչները եւս (Առաքել Պէյ Նուպար, Տքթ. Նեվրուզ, Տքթ. Քելչեճեան, Հապիպ Գառնուկ եւ այլ երեք աննշան էակներՙ հայ քաղաքական խումբերու ներկայացուցիչներ !?!). Ինքնաշարժներ ղրկուեցան մեզ տանելու համար: Ժամը ճիշդ 5-ին առաջնորդուեցանք հիւրասրահ, ուր պարոն Տէֆրանս, Ֆրանսայի դիւանագիտական գործակալը եւ այլ դիւանագէտներ եւ մտաւորականներ ներկայ էին: 5:30-ին, բազմաթիւ «սալամ ալէյք»ներէ ետք խնդրեցին որ պարտէզ իջնենք, ուր պէտք է խմբանկար մը առնէին Հայ-Արաբ խումբին, ի յիշատակ անկախութեան այս ուրախ տօնին կնքուած համաձայնագրին: Թերեւս «տարոցը ձեզի»ի նման բան մը: Խմբանկարէն ետք առաջնորդուեցանք պայտի ձեւով շարուած, շատ ճոխ սեղաններու շուրջ նստելու: Յիսուն հոգիէն աւելի կը մասնակցէին այս թէյասեղանին: Իրենց հիւրասիրութիւնը շատ աւելի էր, քան մեր միայն պաղպաղակի «թէյասեղանը»: Ժամը 6-7-ի միջեւ բազմաթիւ ճառեր խօսուեցան արաբերէնով, եւ ի՜նչ արաբերէն: Անշուշտ բառ մ՛իսկ չհասկցայ: Բայց այնքան ծափահարութիւն եւ գլխու դրական շարժումներ կային, որ համոզուած էի, թէ լաւ բաներ էին ըսուածները: Ինչպէ՞ս կրնար այլ բան ըլլալ: Ոեւէ մէկուն սիրտը կրնայ պայթիլ նման օր մը, երբ կը տօնէ իր ազգին ազատութիւնը: Անոնցմէ մէկ-երկուքին նայուածքին մէջ անկեղծ փափաքը տեսայ, որ այլ ճնշուած ազգեր եւս կարենան ապրիլ այս ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը: Եւ այոՙ բախտը: Եթէ մեր երկիրն ալ իրենց երկրին նման դիրք ունենար եւ մենք եւս կարենայինք օգնութիւն ստանալ ազնուական Անգլիայէն, այն ատեն թերեւս յոյս ունենայինք: Երբ Ռուսիան ողջ էր, մենք իրենց բանակներուն առջեւէն կ՛երթայինք: Վախկոտ չենք, բայյց մեր անհաշիւ արարքներուն համար սուղ վճարեցինք, թանկագին կեանքեր վատնելով եւ մեծ աւեր պատճառելով մեր երկրին, պարզապէս որովհետեւ սխալ ըրած էինք հաշիւը մեր փոքր ուժերուն եւ զօրութիւնը մեր թշնամիին: Մենք փափաքները իրականութեան տեղ դրինք եւ չարաչար տառապեցանք մեր սխաներուն համար»: Զանց կ՛առնենք նամակին այլ, աւելի անձնական բաժինները, որոնցմով կ՛աւարտի նամակը: Յուլիս 2020, Գահիրէ 1. Նարինէ Մարգարեան, «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՈՒՄ ԻՍԼԱՄԻ ԳՈՐԾՕՆԻ ՀԱՐՑԻ ՇՈՒՐՋ», «Ցեղասպանագիտական հանդէս», 2 (2), Երեւան, 2014: 2. Նոյն տեղը: 3. Նոյն տեղը: 4. Ճանիկ Չագրի Գահիրէի վիլլան այժմ ՀՀ դեսպանատան շէնքն է: |