RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#026, 2020-08-28 > #027, 2020-09-04 > #028, 2020-09-11 > #029, 2020-09-18 > #030, 2020-09-25

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #28, 11-09-2020



Տեղադրվել է` 2020-09-10 22:14:00 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1328, Տպվել է` 7, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԼԱՒՐՈՎԸ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Լսեցինք որ ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովը Սուրիա պիտի այցելէ, պետական բարձրամակարդակ խումբով մը: Սովորաբար այս հռչակաւոր քաղաքագէտին ելոյթներուն, զեկոյցներուն եւ այցելութիւններուն մեծ կարեւորութեամբ կը հետեւին աշխարհի բոլոր դէտերն ու լրատուամիջոցները, որովհետեւ հսկայ Ռուսական Դաշնութեան միջազգային քաղաքականութեան ճարտարապետը ինք է: Իրմէ կախեալ են ճակատագիրները շատ մը երկիրներու, որոնք կը գտնուին Ռուսական մագնիսական դաշտին մէջ:

Քաղաքականութենէ շատ չեմ հասկնար, բայց կ՛ենթադրեմ, որ երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, աշխարհը այսքան իրարանցած վիճակ չունէր, որքան այսօր: Աշխարհի քարտէսին վրայ աչքերդ գոցՙ մատդ որեւէ կէտի վրայ դիր, պիտի տեսնես, որ հոն անպայման հարցեր կանՙ ռազմական, քաղաքական, տնտեսական... եթէ ասոնցմէ զուրկ է, ապաՙ համավարակը ներկայ է:

Սովորաբար համաշխարհային մեծ աղէտներու պարագային, երկիրներն ամբողջ եւ մարդկութիւնն ալ, ձեռքով-ոտքով կ՛աշխատին աղէտին դէմ դնել, մոռնալով իրենց ներքին թէ արտաքին հարցերը, տարակարծութիւնները, գժտութիւններն ու պատերազմները, ինչպէս կ՛ըլլայ երկրաշարժերու, ջրհեղեղներու եւ, ինչպէս եղաւ ներկայիս, թագաժահրի պարագային: Սակայն, միւս կողմէ, եւ ասոր հակառակ, կը տեսնուին պետութիւններ, որոնք հրդեհը մարելու փոխարէն վրան իւղ կը լեցնեն:

Պր. Լաւրովը ի՞նչ ընելու կուգայ. Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Հիւսիսային Սուրիոյ շրջանները ազատագրելո՞ւ, ընդդիմադիր կոչուած ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ գրաւուած հիւսիս-արեւմտեան շրջաննե՞րը վերադարձնելու իրենց օրինաւոր տիրոջը, թէ՞ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններու նաֆթահորերուն նաֆթը գողցող ամերիկացի եւ թուրք գողերը պատժելու: Ո՞ր մէկը: Սուրիական թղթոսկիի անկումը արգիլելո՞ւ եւ սատար հանդիսանալո՞ւ, թէ՞ ռուսական խոհանոցէն նոր ելած կերակուր մը հրամցնելու:

Սուրիական պատերազմի ընթացքին, որպէս զինակից, Սուրիան շատ բան վստահեցաւ Ռուսիոյ. ան ի՛նչ որ որոշէ, այդ կը գործադրուի: Թշնամիներուն հետ ժողովի կը նստի ու Սուրիոյ անունով սակարկութիւններ կ՛ընէ, անշո՛ւշտ նախ իր շահը մտածելով: Սուրիական բանակը քանիերորդ անգամ ըլլալով ազատագրելու ելաւ Իտլիպը, եւ բաւական յառաջխաղացք արձանագրեց, սակայն, ինչ-ինչ հաշիւներով բանակին յառաջխաղացքը կասեցուեցաւ եւ Թուրքիան լրիւ կլլեց Իտլիպը: Անցեալները բարեկամ մը ծրարուած ապրանք մը տեսած է, վրան գրուածՙ «Արտադրուած Իտլիպի մէջ, Թուրքիա»...

Ճիշդ է որ ռուսական օժանդակութիւնը օգտակար եղաւ որպէսզի ամբողջ Սուրիան կուլ չերթայ ահաբեկչական, ծայրայեղական խմբաւորումներուն, սակայն կտոր-կտոր եղաւ: Մեծ պետութիւններէն եթէ օժանդակութիւն պիտի խնդրես, պիտի վճարես, ձրի բան չկայ քաղաքականութեան մէջ: Պետութիւնները բարեգործական կազմակերպութիւններ չեն, որ բարեգործութիւն ընենՙ յանուն բարեգործութեան: Այս 9 տարիներուն ընթացքին Սուրիան այնքան վճարեց, որ սնանկութեան եզրին հասաւ:

Միւս կողմէ, Իրանի ներկայութիւնը Սուրիոյ տարածքին ի՞նչ շահ բերաւ երկրին, չեմ գիտեր, սակայն այն օրէն, որ Իրանին ձեռք երկարեց Սուրիան, այդ օրէն աշխարհի աչքին փուշ դարձաւ: Ամբողջ արաբական աշխարհը կռնակ դարձուց Սուրիոյ: Իսրայէլ, Ամերիկա եւ արեւմտեան պետութիւններ միշտ ալ բարի աչքով չեն նայած այս Իսլամական պետութեան, որ բաւական զօրաւոր ըլլալովՙ կը հովանաւորէ իրեն կրօնակից շիա փոքրամասնութիւնները արաբական աշխարհին մէջ, այնքան մը, որ հոս ու հոն ճակատներ բացուեցան ու ռազմական բախումներէն մինչեւ պատերազմներ հրահրուեցան Իրաք, Սուրիա, Լիբանան, Ծոցի երկիրներ եւ մասնաւորապէս Եմէն:

Պարոն Լաւրով, եթէ Ռուսիան իսկապէս բարեկամ է Սուրիոյ եւ անոր հողերուն ամբողջական ազատագրումին կողմնակից, ըրէք այնպէս, որ Թուրքիան չկրկնէ Հիւսիսային Կիպրոսի իր քայլը եւ,- Աստուած մի արասցէ,- «Թրքական Սուրիա» մը մէջտեղ չհանէ, թէ չէՙ ամբողջ սուրիահայութիւնը պիտի անիծէ ձեզ:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #28, 11-09-2020

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ