ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԿՐՕՆԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Թէեւ «Քրիստոս կրկին կը խաչուի» վէպը կը պատկանի նշանաւոր յոյն հեղինակ Նիքոս Քազանծաքիսին, սակայն մեր ըսելիքը անոր մասին չէ. Քրիստոս ամէն տարի կրկին կը խաչուի, մէյ մը Արեւմտեաններու կողմէ, մէյ մըն ալ Արեւելեան ուղղափառներու կողմէ: Երկու ծնունդ, երկու խաչելութիւն: Հեռատեսիլէն դիտեցի Երուսաղէմի Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցւոյ Զատկական տօնին առթիւ Ս. Յարութեան տաճարի «Քրիստոսի գերեզմանէն» դուրս հանուած «լոյսը» ինչպէս կը խլէին այդտեղի զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչները զիրար հրմշտկելով, անօրինակ իրարանցումով, իրենց խորանները լուսաւորելու խելահեղ մրցակցութեամբ: Փոքր եղած ատենս անձնապէս ներկայ եղած եմ եւ տեսած: Իմ տեսածիս վրայ անցած են 65 տարիներ, սակայն ցարդ բան չէ փոխուած, եւ բան պիտի չփոխուի յաջորդ տասնամեակներուն եւ հարիւրամեակներուն ալ, այնքան ատեն, որ մարդիկ աներեր կը պահեն իրենց հաւատքը, որուն ամրակուռ ժայռին վրայ չեն ազդեր ո՛չ գիտութիւնը, ո՛չ յառաջդիմութիւնը, ո՛չ ալ տրամաբանութիւնը: Կրօնամոլութիւնը կը շարունակուի, այնպէս ինչպէս կարաւանըՙ որ կը քալէ ի հեճուկս ... Դիմատետրի (Ֆէյսպուք) վրայ թրքերէնով տրուած տեղեկութիւն մը հետաքրքրութիւնս սրեց, Արեմտեան Հայաստանի զանազան նահանգներուն մէջ 1884-1920 տարիներուն գտնուող եկեղեցիներու եւ վանքերու թիւերուն ցանկն էր: Իւրաքանչիւր վիլայէթի դիմաց դրուած էր անոնց թիւը, օրինակՙ Վանի վիլայէթՙ457, Պիթլիսի վիլայէթՙ 510, Էրզրում 406, եւ այսպէս 15 վիլայէթներ, որոնց մէջի եկեղեցիներուն ընդհանուր թիւը 2434 էր, իսկ վանքերուն թիւըՙ 450.... Այս թիւերը տեսնելով մարդ չի՞ փշաքաղիր: Ի՞նչ ըսել է այսքան շատ վանք ու եկեղեցի ունենալ: Կը մտածեմ, մեր հայերը գործ-բան ձգած եկեղեցի՞ շիներ են, որպէսզի հոն հաւաքուին եւ աղօթեն, որպէսզի Աստուած ալ իրենց բարի աչքո՞վ նայի: ՏԵսանք ինչպէս նայեցաւ: Աստուած նկատեց հայերուն սէրը Իր հանդէպ, եւ որպէս վարձատրութիւնը միլիոններով քովը տարաւ... Աստուած ալ չափազանցութիւն չի սիրեր երեւի: Զիս սխալ չհասկնաք, ես անհաւատ չեմ, սակայն ամէն ինչի չափն ու սահմանը կայ: Չափազանցութիւնը երբեք բարերար չէ եղած, միշտ վնասող եղած է: Այսօր Արեւմտեան Հայաստանի գրաւեալ տարածքինՙ Թուրքիոյ մէջ ընդհանրապէս 2884 վանքերէն ու եկեղեցիներէն մնացած են միայն 35ը... Մնացեալներըՙ գիտէք արդէն, կա՛մ քանդուած են, կա՛մ մզկիթի վերածուած, կա՛մ ալ ախոռներու ու գոմերու, մինչ Թուրքիոյ տարածքին կան 82.693 մզկիթ, միայն Իսթանպուլի մէջ 3.113 մզկիթ կայ: Մեր եկեղեցասիրութեան համար Աստուած մեզ պատժեց, իսկ մեր եկեղեցիները քանդողներուն ու պղծողներուն հանդէպ անտարբեր է: Ահա՛ աչքերնուս առջեւն է Ալիեւ կոչուած ճիւաղն ու իր վոհմակը, որոնք նոյն ախորժակով հայկական հետքերը կը ջնջեն Արցախի մէջ օրն ի բուն: Կրօնը մարդուն հոգին ազնուացնելու եւ չարին դէմ զայն պաշտպանելու համար մէջտեղ եկած է, սակայն դարերու ընթացքին անոր հիմնական նպատակէն շեղելով, զայն որպէս զէնք օգտագործած են, նոյն Աստուծոյ հաւատացող, սակայն տարբեր դաւանանքի հետեւողները զիրար ոչնչացնելու համար: Կրօնական պատերազմները ահաւոր թիւով զոհեր խլած են դարերու ընթացքին: Հարցը տգիտութեան հետ կապ չունի, որովհետեւ զարգացած երկիրներ ու ժողովուրդներ ալ զիրար ջարդած են: Անհաւատութեան կոչ ընող չկայ, սակայն քիչ մը խելք թող գործածեն ու չարին դէմ պայքարելու փոխարէն, իրենք չարին զոհ չերթան: Իսրայէլի մէջ անցեալ շաբաթ կրօնական տօնի մը առթիւ հաւատացեալներ իրար կոխկռտած են. 45 մեռեալ եւ 100-է աւելի վիրաւոր: Ասիկա իր գիտութեամբ, զինոյժով, գերզարգացումով ամբողջ աշխարհին ասպարէզ կարդացող երկիրն է: Կրօնի դէմ ոչ մէկ արգելք ցարդ յաջողած է. հզօր Սովետական Միութիւնը վկայ: Թող հաւատան, սակայն չափը չանցընեն: Ճափոնի, Չինաստանի, Թայլանտի, Միանմարի եւ նման երկիրներու մէջ, իրենց աստուածներուն նուիրուած արձաններ կան, որոնց բարձրութիւնճը 100-150 մեթրէն աւելի է... Երեւի որքան մեծ է աստուածը, այնքան մեծ է անոր շուքը: Շուք մը, որ լրիւ ստուերած եւ մթագնած է մարդկանց ուղեղները: |