RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#036, 2021-10-01 > #037, 2021-10-08 > #038, 2021-10-15 > #039, 2021-10-22 > #040, 2021-10-29

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #38, 15-10-2021



Տեղադրվել է` 2021-10-14 23:00:57 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1971, Տպվել է` 4, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՔԱՌՕՐԵԱՅ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ԵՒ ԿԻՊՐԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԾԱՂԿՈՂ ՈՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՂ ԳԱՂՈՒԹԻՆ

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Նիկոսիա - Լառնաքա - Պէյրութ

Երբ լիբանանեան օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւը օդ կը բարձրանայՙ ազատ շունչ մը կը քաշենք... Երկու տարիէ ի վեր, մէկ կողմէն համաճարակի, ապա եւ 4 օգոստոս 2020 թուականին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վերապրած հայ լրագրողսՙ կ ուղղուի Միջին Արեւելքի «Ազատութեան կղզի» Կիպրոս: 1974 թուականին, թրքական «Աթիլլա» ցեղասպանական զաւթումէն, տնտեսական թէ քաղաքական բազմաթիւ ճգնաժամեր յաղթահարած Կիպրոսի հանրապետութիւնը թէեւ այսօր դարձեալ կ ապրի նէօ-օսմանական, Էրտողանեան սպառնալիքի տակ, սակայն, դարերէ ի վեր, Կիլիկիոյ հայոց ծաղկուն ոստան այս չքնաղ կղզին, որ ըստ յունական դիցաբանութեանՙ Աֆրոտիթ դիցուհիին լոգանքի թէ հաճոյքի վայրը եղած է, գրկաբաց ընդունած է բազմահազար հայեր: Այստեղ է որ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, որ «անհասկնալի» պատճառներով փակուեցաւ եւ խայտառակ առուծախի գործարք դարձաւ, կիպրահայերու եւ պետական միջամտութեամբ կը մնայ որպէս ամրոց, ուրկէ տասնամեակներ շարունակ շրջանաւարտ եղած են Սփիւռքի շատ ու շատ կարկառուն դէմքեր:

Հազիւ 20 րոպէ, քիչ մը ամպածածկ կապոյտ լազուրին մէջ թռչող մեր օդանաւը արդէն վայրէջք կը կատարէ Լառնաքայի միջազգային օդակայանը: Առաջին իսկ քայլէն կը զգանք այն հսկայական յառաջընթացը, որ տեղի ունեցած է այս երկրին մէջ, նոյնիսկ 2016 թուականէն մինչեւ այսօր, երբ վերջին անգամ այցելեր էինք Կիպրոս: Ամէն տեղ համատարած մաքրութիւն, կարգ ու կանոն, ազնիւ ու քաղաքավար պաշտօնեաներՙ որոնք մեզ կ առաջնորդեն դէպի հանրակառքը, որ կ ուղղուի մայրաքաղաք Նիկոսիա: Կէս-ժամեայ ճամբորդութենէն ետք, ամբողջովին կանաչապատ դաշտերուն եւ բլրակներուն ընդմէջէն, եւրոպական չափանիշերով կառուցուած մայրուղիովՙ կը հասնինք Մելգոնեան հաստատութեան կողքին կայարան: Հոն մեզ գրկաբաց կը դիմաւորէ Գրիգոր Քելեշեանը, հանրաճանաչ հայկական պարարուեստի «աստղ» ու մասնագէտ, որ յոգնած Պէյրութի մթագնած եւ անորոշ իրավիճակէնՙ իր տիկնոջ, նոյնպէս պարուհի Նանորին ու երկու զաւակներուն հետ տեղափոխուած է Նիկոսիա: Փաստօրէն, մեր հիւրընկալը եւ ուղեցոյցը, որ պատրաստած է հանդիպումներու ամբողջ ծրագիր մը, յարգուած ու գնահատուած այս գաղութին մէջ:

Գիշերելէ ետք հիմնովին վերանորոգուած «Սենթրում» պանդոկին մէջ, առաւօտեան կանուխ մեր բարեհամբոյր Գրիգորին հետ կ ուղղուինք Կիպրոսի հայութեան ազգային ու քաղաքական դէմք, երկրի Ազգային Ժողովի երեսփոխան, պետութեան մօտ հայութեան ներկայացուցիչՙ Վարդգէս Մահտէսեանի գրասենեակը: Ջերմօրէն կ ընդունուինք երեսփոխանին կողմէ, որ աւելի քան տասնամեակ մը այդ պատասխանատու պաշտօնին վրայ իր կարեւոր ներդրումը բերած է ցեղասպանութիւններու եւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող թիւ 45 (1) 2015 օրէնքի միաձայնութեամբ ընդունումինՙ Կիպրոսի խորհրդարանին կողմէ:

Մեր զրոյցի ընթացքին երեսփոխան Վարդգէս Մահտէսեան իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Կիպրոսի շուրջ տեղի ունեցող ռազմաքաղաքական վտանգաւոր իրադարձութիւններուն մասին, երբ յայտնաբերուած ստորջրեայ բնական կազին համար պայքարի ելած են տարածաշրջանի գլխաւոր պատուհաս Էրտողանեան Թուրքիան, Իսրայէլը, Ֆրանսան, Եգիպտոսը, Յունաստանը եւ տարածաշրջանային ու միջազգային այլ ուժեր: Նաեւ, խիստ վշտացած է Արցախի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ պատերազմի, հազարաւոր զոհերու, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վտանգաւոր սպառնալիքներուն առնչութեամբ: Սակայն միշտ լաւատես հայ թէ եղբայր կիպրացի ժողովուրդներու ապագայի հանդէպ, կիպրահայ նուիրեալ գործիչը վստահ է, որ այս դժուարին օրերը անցողիկ են ու թէ՛ Կիպրոսի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի երկնակամարներուն վրայ կրկին պիտի շողշողայ յոյսի եւ ազատութեան պայծառ արեւը...:

***

Ազնիւ միջնորդութեամբ Կիպրոսի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հանդիպում կ ունենանք Նիկոսիոյ ամենէն մեծ շրջանի, հայաշատ Սթիովոլոսի քաղաքապետՙ Անտրէաս Փափախարալամպուսի հետ: Երիտասարդ, ժպտադէմ, առոյգ, անհաւատալիօրէն համեստ ու «մոլեռանդ» հայասէր այս անձնաւորութիւնը իշխող կուսակցութեանՙ «Դեմոկրատական շարժման» կարկառուն անդամներէն է: Կիպրահայերը կը համարէ երկրին դարաւոր բնակիչներ, որոնց արիւնը եւ ազատութեան պայքարը միախառնուած է Կիպրոսի յոյն թէ բնիկ այսօրուան քաղաքացիներուն հետ: Ան կը յայտնէ, թէ հակառակ որ Կիպրոսի հանրապետութիւնը խաղաղասէր է, սակայն թրքական վերջին սպառնալիքներու պատճառով, Կիպրոսի թէ Եգէական ընդջրեայ բնական կազի պաշարներուն տիրանալու մաղձովՙ ստիպուած է զինուիլ, ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտ միջոցներով, նաեւ ռազմավարական կապեր ստեղծելով Եւրոմիութեան թէ տարածաշրջանի այլ պետութիւններու հետՙ էրտողանեան չարանենգ իղձերը չէզոքացնելու համար: Քաղաքապետ Անտրէաս Փափախարալամպուս լաւատեսութեամբ խօսեցաւ տնտեսական եւ շինարարական, միջազգային առեւտուրի եւ զբօսաշրջութեան փաստացի դրախտ դարձած Կիպրոսի ապագային մասին, ջերմ ողջոյններ փոխանցելով Սփիւռքի թէ Հայաստանի տաղանդաշատ հայութեան:

***

Աթէնքի մէջ մեր վերջին հանդիպումէն մի քանի տարի անց, այս անգամ Նիկոսիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդարանին մէջ դարձեալ կը հանդիպինք, այս անգամ կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանին հետ: Միշտ բարի ու խորաթափանց ժպիտը դէմքին, հայ եկեղեցւոյ եւ հայ գաղութին հոգեւոր սպասաւորը կը պատասխանէ մեր հարցերուն, ներկայացնելով նաեւ Կիպրոսի հայ թեմին եւ մայրաքաղաք Նիկոսիոյ շուրջ 3500 հայութեան կեանքը Խորէն Սրբազան շահած է կիպրահայութեան սէրն ու յարգանքը, միշտ սերտ կապեր պահպանելով ինչպէս Լիբանանի, այնպէս ալ Մայր Հայրենիքի եւ Արցախի հայութեան հետ, իր բազմաթիւ այցելութիւններով եւ տքնաջան աշխատանքով վառ պահելով սէրն ու նուիրուածութիւնը հիւրընկալ Կիպրոսի հանդէպ:

12-րդ դարէն սկսեալ Կիպրոսի մէջ կազմաւորուած է հայոց աշխոյժ գաղութ մը, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ, ծաղկիլ ու բարգաւաճիլ, վերապրելով Կիպրոսի պատմութեան բոլոր հանգրուանները: Նիկոսիոյ նորակառոյց Առաջնորդարանը այժմ կը գտնուի Սթրովոլոս կեդրոնական թաղամասին մէջ: Առաջնորդարանը 1984 թուին վերանորոգուեցաւ ձեռամբ եւ ջանքերովը Գարեգին Բ կաթողիկոսի (յետագայինՙ Գարեգին Ա) եւ Վարուժան արք. Հերկելեան: Ապա, «Վահրամ Ութճեան» դահլիճը, բարերարին արուեստի հաւաքածոյով նուիրուեցաւ գաղութինՙ ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի: Առաջնորդարանի կողքին վեր կը բարձրանայ հայկական ճարտարապետութեամբ կառուցուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որուն բացումը 1976-ին կատարած է Կիպրոսի նախագահ Մակարիոս Արքեպիսկոպոս 3-րդը: 2007-ին Կիպրոսի կառավարութեան հրամանագրով Կիպրոսի հայոց Առաջնորդարանը կը ստանայ տարեկան 59,800 Կիպրոսի կառավարութենէն, որ կը հոգայ նաեւ հոգեւորականութեան ապրուստի եւ բժշկական ապահովագրութեան բոլոր ծախսերը ըստ 1998-ի հրամանագրի:

***

Կիպրոսի Հ.Յ. Դաշնակցութեան կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան ջերմօրէն կ ընդունի մեզ իր գրասենեակին մէջ, որ դարձած է նաեւ քաղաքական թէ ազգային բազմաթիւ եւ իրերայաջորդ հանդիպումներու ժամադրավայր-կեդրոնատեղի: Միաժամանակ, յառաջ կը տանի Հայ դատի ներկայացուցչութեան դժուարին աշխատանքները, Սփիւռքի հայու եռանդով նեցուկ կանգնելու ազատատենչ Արցախին եւ Մայր Հայրենիքին: Խմբագիրն է համացանցի թէ դիմատետրի վրայ հազարաւոր ընթերցողներ ունեցող «Կիպրահայեր» պարբերականին, որ իր էջերը սիրայօժար կը տրամադրէ նաեւ հայ մտաւորական թէ քաղաքական միտքի կարկառուն ներկայացուցիչներուն: Ժողովրդավար սկզբունքներէ առաջնորդուելով, Սիմոն Այնէճեան սերտ կապերր կը պահպանէ ոչ միայն հայկական բոլոր կուսակցութիւններու եւ միութիւններու հետ, այլեւ յոյն-կիպրական եւ հայութեան բարեկամ բազմաթիւ ղեկավարներու թէ շարժումներու հետ:

Ալեհեր մազերով, խորաթափանց հայեացքով, տքնաջան աշխատանքի կնճիռները ճակտին, սակայն երիտասարդի աւիւնով Արթօ Դաւիթեան կը հանդիպի մեզի հետ Նիկոսիոյ սրճարաններէն մէկուն մէջ: Կիպրոսի Համազգային մշակութային միութեան ատենապետն է, որ կը վերահսկէ միութեան ինչպէս Նիկոսիոյ, այնպէս ալ Լիմասոլի եւ Փաֆոսի մասնաճիւղերը: Հայրական հոգատարութեամբ կարելի բոլոր միջոցները կը տրամադրէ, որ «Սիփան», «Կիլիկիա» եւ «Անի» պարախումբերը շարունակեն հայ մշակոյթի հնագոյն աւանդոյթներէն պարը ներկայացնել գաղութին եւ բարեկամութեան կամուրջ ստեղծել բազմազգ Կիպրոսի ու բազմահազար օտար այցելուներուն համար: Աւելի քան 60 հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, պարուսոյց Գրիգոր Քելեշեանի գլխաւորութեամբ, բազմաթիւ ելոյթներ կ ունենան, ծաղկեցնելով մշակութային թէ ազգային բազմապիսի միջոցառումները, հանդիսութիւնները:

Միշտ «լուսարձակ»ներէ խուսափող, կիպրահայութեան արդէն անբաժան դարձած բժիշկ Սիմոն Մոսկոֆեան կարեւոր ծառայութիւններ մատուցած է ու կը մատուցէ ինչպէս բժշկութեան, այնպէս ալ դասական երաժշտութեան, գաղութային թէ արտագաղութային շրջանակներուն մէջ: Ան ծնած է Պէյրութ, ուսումը ստացած է Խորհրդային Հայաստանի մէջ, մասնագիտացած է Մոսկուա, ապա Շուէտ ու դարձեալ Կիպրոս, ուր ատենին շրջանաւարտ եղած էր իր տիկնոջ Սիլվային հետՙ Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #38, 15-10-2021

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ